ԼԻԲԱՆԱՆ
ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏԻ ՆՈՐ ԾՐԱԳԻՐ
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի եւ փոխադրութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Համիէ ներկայ գտնուեցան այն նուազուրդին, որ պիտի պատրաստէ Պէյրութի նաւահանգիստի վերակառուցման հոլովոյթը: Նախարար Համիէ յայտնեց, թէ նաւահանգիստին եկամուտը բարձրացաւ ամսական 10 միլիոն ԱՄՆ տոլարի: Այս գումարը բաւարար է որ նաւահանգիստը կարենայ ֆինանսաւորել իր վերանորոգումը ու բարգաւաճումը: Ֆրանսական կառավարութիւնը կ’օժանդակէ Լիբանանին արհեստագիտութեամբ, պատրաստ կարենալու համար նաւահանգիստին զարգացումի ձեւը ու նուազուրդի փաստաթուղթերը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԿՈՎԿԱՍ
ԱԹՈՄԱԿԱՅԱՆ
Ռուսական Դաշնութեան հիւլէական կազմակերպութիւնը՝ «Ռոսաթոմ»ը յայտարարեց, թէ պիտի նորոգէ Մեծամօրի աթոմակայանը եւ պիտի երկարաձգէ անոր կեանքը մինչեւ 2036 թուականը: Մինչ այդ նոր աթոմակայան մը պիտի կառուցուի Մեծամօրի մէջ՝ փոխարինելու համար հին աթոմակայանը: Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կնքուած է համաձայնագիր 65 միլիոն ԱՄՆ տոլար արժէքով:
Վրաստանի կառավարութիւնը առաւ կարեւոր քայլ մը դէպի Արեւելք: Չինաստան եւ Վրաստան ստորագրեցին համաձայնագիր վրացի քաղաքացիները առանց վիզայի Չինաստան մուտքը դիւրացնելու համար: Այս քայլը պիտի դիւրացնէ առեւտրական փոխանակումը երկու երկիրներուն միջեւ: Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ կը վարէ շատ աւելի գործնական քաղաքականութիւն քան իր նախորդները: Ան հմուտ քաղաքագէտ է եւ գիտէ թիավարել ալեկոծ ջուրերու մէջ: Վրաստան սկսած է վարել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ: Այս քայլը անոր փաստերէն մէկն է:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔ ԵՒ ԱՓՐԻԿԷ
ԱՓՐԻԿԷԻ ՄԷՋ ԱԶԴԵՑՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻՆԵՐ
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները դարձաւ Ափրիկէի մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող երկիրներէն մէկը: Ան Եգիպտոսի օժանդակութիւն մը տուաւ 35 միլիառ ԱՄՆ տոլար արժէքով: Նաեւ կը կատարէ ներդրում Ափրիկէի շատ մը երկիրներու մէջ, դառնալով ցամաքամասին մէջ աշխարհաքաղաքական ազդեցութիւն ունեցող կողմերէն մէկը: Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը միւս երկու երկիրներն են, որոնք սկսած են ազդեցութիւն ունենալ ցամաքամասին մէջ:
Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու «ԷՔՈՒԱՍ» համախմբումը կը համարուի ցամաքամասի տնտեսական ամենամեծ համախմբումներէն մէկը: Այս համախմբումը կը համարուի Ֆրանսայի ամենամեծ լծակներէն մէկը: Սակայն, Մալի, Պուրքինա Ֆասօ եւ Նիժէր, որ անդամներ են այս համախմբումին, սկսան վարել ուրոյն տնտեսական քաղաքականութիւն ու Ֆրանսա սկսաւ զգալ իր լծակներու նուազումը ցամաքամասին մէջ: Ռուսական Դաշնութիւնը սկսաւ գետին շահիլ այդ երկիրներուն մէջ: Այս է պատճառը որ Ֆրանսա կը փորձէ մտնել Կովկաս եւ Ուքրանիա, ձեւով մը նամակներ ուղղելու համար Ռուսիոյ:
ԱՍԻԱ
ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐԸ
Չինաստանի կառավարութիւնը 2024 տարուան տնտեսական աճի նախատեսումը հասցուց 5 առ հարիւրի: Սղաճի տոկոսը պիտի պահուի 3 առ հարիւրի շուրջ: Քաղաքային 5,5 առ հարիւր անգործութեան տոկոսը կը ծրագրուի նուազեցնել հաստատելով 12 միլիոն նոր աշխատատեղ: Չինաստանի դիմագրաւած ամենամեծ հարցերն են անշարժ գոյքի ընկերութիւններու պարտքի կուտակումը, երկրին պարտքին չափը եւ գիներու անկումը պահանջարկի նուազումին պատճառով:
ԵՒՐՈՊԱ
ՌՈՒՍԻԱ ԵՒ ԳԵՐՄԱՆԻԱ
Անցեալ շաբաթ Ռուսական Դաշնութիւնը, նկատի առնելով Միացեալ Թագաւորութեան վարած հակառուս քաղաքականութիւնը, որոշեց ջնջել այն համաձայնագիրը, որ կար երկու երկիրներուն միջեւ Խորհրդային միութեան օրերէն, որ իրաւունք կու տար Թագաւորութեան ձկնորսութիւն կատարելու Խաղաղական ովկիանոսի հիւսիսային մասին մէջ գտնուող Պարէնցի ծովուն մէջ: Համաձայնագիրը կնքուած էր 1956 թուականին: Անցեալ տարի Թագաւորութիւնը 560 հազար թոն ձուկ որսացած էր այդ շրջանին մէջ: Մարտ 2022-ին Միացեալ Թագաւորութիւնը Ռուսական Դաշնութիւնը վերցուցած էր յարգուած երկիրներու ցանկէն:
Գերմանիոյ կառավարութիւնը սահմանափակելու համար իր ծախքը որոշեց դադրեցնել օժանդակութիւնը, որ կը տրամադրէր միջին եւ փոքր չափի ընկերութիւններուն անոնց օգտագործած ուժանիւթի ծախքը զեղչելով: Այս քայլը պիտի վտանգէ Գերմանիոյ փոքր եւ միջին չափի ճարտարարուեստական ընկերութիւնները, որոնք կը կազմեն ողնայարը երկրի տնտեսութեան: Երեք միլիոնի հասնող այդ ընկերութիւններէն մաս մը ներկայիս կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ: Եւրոպական միութեան հաստատած օրէնքները, պահանջարկի անկումը եւ ժառանգորդներու որոշումը չստանձնելու իրենց ընտանեկան ընկերութեան տնօրէնութիւնը հիմնական պատճառներն են այդ տագնապին:
ԱՄԵՐԻԿԱ
ՀԱՅԻԹԻԻ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿԸ
38 տարի առաջ Տիւվալիէ ընտանիքը հեռացուեցաւ իշխանութենէն Հայիթի պետութեան մէջ: Այդ թուականէն ի վեր այդ պետութիւնը չգտաւ իր անդորրը: Յուլիս 2021-ին նախագահ Ժովենէլ Մոյիզ ահաբեկուեցաւ նախագահական պալատին մէջ: Ներկայ վարչապետը կը գտնուի Փորթօ Ռիքոյի մէջ եւ կը վախնայ վերադառնալու երկիր: Երկիրը կը տառապի անօրէնութենէ: 11,5 միլիոն բնակիչ ունեցող երկրի ընդհանուր արդիւնքը (Gross Domestic Product) կը հասնի 2,2 միլիառ ԱՄՆ տոլարի եւ ան կը համարուի Աշխարհի ամենաաղքատ երկիրներէն մէկը: Երկիրը ե՞րբ պիտի փրկուի այս վիճակէն. կը մնայ մեծ հարցում մը եւ ան կախեալ է ժողովուրդի կամքէն ու ղեկավար փրկող դէմքի մը բացակայութենէն:
ԱՄՆ
ՍՂԱՃԸ ՎՏԱՆԳԱՒՈՐ ԳՈՐԾՕՆ
Սղաճի զսպումը կը տեւէ երկար ժամանակ: Կեդրոնական դրամատունը պիտի սպասէ մինչեւ Յունիս ամիս պարտքի տոկոսի առաջին նուազումը կատարելու համար: Այս ժամանակամիջոցին պարտքի բարձր տոկոսը պիտի ունենայ իր ժխտական ազդեցութիւնը տնտեսութեան վրայ: Երկրորդ գործօն մը, որ կը յոգնեցնէ ամերիկացիները, պարտքի տրուած դրամի նուազումն է: Դրամատուներ սկսած են որդեգրել դրամ փոխ տալու շատ խիստ պայմաններ: Նուզած է այն մարդոց թիւը, որոնք կրնան պարտքի դրամ առնել քարտի ընկերութիւններէն: Այս նուազումը իր ժխտական դերը պիտի ունենայ տնտեսական աճին մէջ: Երբ մարդիկ քիչ դրամ ունին եւ չեն կրնար պարտքով գնել, սպառումը պիտի նուազի: Այսինքն այն գործօնը որ յենարանն էր տնտեսութեան՝ սպառումը, պիտի նուազի ու տնտեսութիւնը մեծ հաւանականութեամբ պիտի բռնէ անկումի ճամբան:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ
ՊՐԻՔՍ-Ի ԴՐԱՄԱՆԻՇԸ
ՊՐԻՔՍ տնտեսական համախմբումի երկիրները սկսած են հոլովոյթը ԱՄՆ տալարին դիմաց հաստատելու համար իրենց դրամանիշը: Դրամանիշը պիտի ըլլայ թուայնացուած, այսինքն ոչ թղթադրամ: Այս մասին յայտնեց Ռուսական Դաշնութեան նախագահի արտաքին յարաբերութեան խորհրդականներէն Եուրի Ուշաքով: Նոր դրամանիշը պիտի ըլլայ անկախ անդամ երկիրներու քաղաքական ծրագրերէն ու պիտի ունենայ իր ուրոյն փոխարժէքի համակարգը:
Ըստ Ուշաքովի, 2024 տարին պիտի ըլլայ ՊՐԻՔՍ-ի դրամական համակարգի կայացումի տարի: Այս դրամանիշը պիտի օգտագործուի որպէս պահեստի եւ առեւտուրի դրամանիշ, մասամբ փոխարինելով ԱՄՆ տոլարը: Այս դրամանիշով պահեստը պիտի օգտագործուի անդամ երկիրներու մօտ դրամական տագնապի պարագային որպէս ռազմավարական պահեստ:
ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔ
ՏՈՒՐՔ (Income tax, Indirect taxation)
Տուրքը պետութեան եկամուտի ամենամեծ աղբիւրն է: Ան կը գանձուի ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով: Ուղղակի տուրքը կը գանձուի պաշտօնեայէն՝ իր աշխատավարձէն զեղչելով: Կը գանձուի ընկերութիւններէն՝ անոնց եկամուտէն որոշ տոկոս մը նկատի առնելով: Այս տոկոսը կը տարուբերի 10-էն 20 առ հարիւրի միջեւ: Անուղղակի տուրքը կը գանձուի երբ սպառողը գնում կը կատարէ խանութէ մը: Իւրաքանչիւր ապրանքի արժէքէն տոկոս մը կը հաշուեն որպէս տուրք: Value Added Tax-ը կը պատկանի այս դասակարգին: Կառավարութիւններ կան որոնք տուրքը կը գանձեն բոլորէն, հաւասար տոկոսով: Իսկ այլ կառավարութիւններ կ’որդեգրեն տուրքի աստիճանական յաւելումի քաղաքականութիւնը: Այսինքն տուրքին տոկոսը կ’աւելնայ քաղաքացիի շահած գումարին համեմատ: Ցած աշխատավարձ ունեցող պաշտօնեան աւելի քիչ տուրք կը վճարէ քան աւելի բարձր աշխատավարձ ունեցողը:
Աղբիւրներ՝ «Տը Էքոնոմիսթ», «Ռաշա Թուտէյ», «Եուրասիանէթ.օրկ» եւ «Ալ Տիյար»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ