Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՆՄԱՆ ԱՅՑԵՐԸ ՄԵԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳԱՅԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ». ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

March 29, 2024
in Հայաստան
0
«ՆՄԱՆ ԱՅՑԵՐԸ ՄԵԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՒ ԱՆՎՏԱՆԳԱՅԻՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ».  ԱԼԷՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆՆ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

 

 

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ընդունած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Անն-Լորանս Փեթելի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

 

Հանդիպման սկիզբը Ալէն Սիմոնեան շնորհակալութիւն յայտնած է ֆրանսացի գործընկերներուն Հայաստան այցելութեան համար եւ նշած, որ նման այցերը մեծ քաղաքական եւ անվտանգային նշանակութիւն ունին:

Անն-Լորանս Փեթելը բարձր գնահատած է Հայաստանի հետ հաստատուած միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները եւ ընդգծած, որ մեծաքանակ բարեկամական խումբի կազմին մէջ ներկայացուած են բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները, որոնք ունին Հայաստանին աջակցութեան վերաբերեալ համախոհութիւն:

Անդրադառնալով Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան` կողմերը ընդգծած են յարաբերութիւններու զարգացման դրական յարաշարժութիւնը:

«Հայաստանը խորապէս կը կարեւորէ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին: Այն մեծ նշանակութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հաստատման հարցով», նշած է ԱԺ նախագահը:

Ալէն Սիմոնեան ֆրանսացի գործընկերներուն ներկայացուցած է Հարաւային Կովկասի մէջ առկայ անվտանգային իրավիճակը, Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերու մարդասիրական խնդիրները, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու վերադարձին հարցը:

Քննարկուած են Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները միջխորհրդարանական, ինչպէս նաեւ անվտանգային, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հայաստան-Ֆրանսա բարեկամական խումբի ղեկավար Վլատիմիր Վարդանեանը:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՏԵՂԱՒՈՐՈՒԱԾ Է ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԷՆ ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾ ՇՈՒՐՋ 12 ՀԱԶԱՐ ԱՆՁ

Next Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Next Post

ԱՐԱՐԱՏ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.