Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ – 9

March 29, 2024
in Յօդուածներ
0

 

                        ԻՆՔՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր նախորդ մտորումներուն մէջ շեշտը դրեր էինք ինքնաճանաչումի կարեւորութեան վրայ։ Այս վերջինին զուգընթաց պատասխանատուութեան եւ վստահութեան զգացումները, ինչպէս նաեւ ներքին ազատութիւնը  մարդ արարածը արաքինի դարձնելու միտող հիմնական ստորոգելիներ են։  Այս ամբողջին կու գայ միանալ յաւելեալ այն մասնայատկութիւնը, որն է սէրը։ Սէրը այն հասկացութիւնն է, որու մասին շատ յաճախ կը խօսուի, որովհետեւ մարդկային ամենատարրական զգացումներէն է, այսուհանդերձ ան բազմաշերտ տարածութիւն ունեցող եզր է․ ընտանեկան սէր, զաւկի սէր, մօր սէր, ամուսնական սէր, հայրենական սէր, ազգային սէր, դրամական սէր եւ դեռ բազմաթիւ այլ  դասակարգի սէրեր։ Սակայն գոյութիւն ունի այն ամենակարեւորը, որն է` ինքնասիրութիւնը։ Ինքնասիրութիւնը պէտք չէ շփոթել եսասիրութեան հետ։ Եսասիրութիւնը – égoïsme բացասական զգացում է եւ մարդկային թերութեանց մաս կը կազմէ։ Ինքնասիրութիւնը ինչպէս բառական իմաստէն կը հետեւի իր սեփական անձը սիրել կը նշանակէ, սակայն գիտակից ձեւով։ Այս մէկը պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած յարգանքով։ Դեռ հին յոյն իմաստասիրութեան օրերէն յայտնի էր Փիթակորասի նշանաւոր խօսքը․ «Ամէն բանէ շատ յարգէ ինքզինքդ»։ Իսկ աւելի յետոյ Արիստոտելն է որ իր բազմատեսակ բարեկամութիւնները ուսումնասիրող  հեղինակաւոր գործին մէջ կ՛եզրակացնէր` ըսելով․ «առաքինի մարդը պարտականութիւնը ունի սիրելու իր անձը»։ Գիտակից ինքնասիրութիւնը առաջին քայլն է ուրիշները սիրելու ուղղութեամբ։ Մովսէս մարգարէն իր տասնաբանեայ պատուիրաններու մէջ կ՛ըսէ․ «Պիտի սիրես քու յաջորդդ այնպէս` ինչպէս դուն քեզ»։ Նոյնը յորդորած է Յիսուս։

Արդիական հոգեբանութիւնը իր կարգին կը հաստատէ ինքնասիրութեան կարեւորութիւնը․  ուրիշներու նկատմամբ արդար կերպով կապուելու նախապայմանն է կապուած ըլլալ նախ եւ առաջ արդար ձեւով իր  իսկ անձին հետ։ Ուրիշ խօսքով, ուրիշներու հետ մեր յարաբերութիւնը սերտօրէն կախուած է  մեր անձին հետ ունեցած յարաբերութենէն։ Եթէ այս վերջինը շեղած է, մեր անձին պատկանող չլուծուած խնդիրները պարտադրաբար պիտի փոխանցուին ուրիշներու։ Առանց գիտակից  ինքնասիրութեան կարելի չէ սիրել ուրիշները։

Ի՞նչպէս կը սորվինք սիրել։ Նախ եւ առաջ մեր մանուկ հասակէն մեր ծնողներէն եւ մօտաւոր շրջապատէն ստացուած սիրով եւ գուրգուրանքով։ Այս «բարի» սէրն է, որ մեզ կը դաստիարակէ, գիտակցօրէն թէ անգիտակցօրէն, որ մենք իսկապէս արժանի ենք սիրուելու, մեր անձին շահեցնելով դրական պատկեր մը, մեզ մղելով` ձեւաւորել մեր իսկ անձին հանդէպ յարգանք եւ սէր։ Հակառակ պարագային, այսինքն վատ սիրուած ըլլալ կամ սէրէ զրկուած ըլլալը, նոյնիսկ երբեմն չափազանցուած սէրը, ստացական կամ երկդիմի սէրը զգացական կամ հոգեկան շփոթութիւն կը ստեղծեն ենթակային մօտ, որուն հետեւանքով կը խաթարուի, կը ծռի իր անձին նկատմամբ յարաբերութիւնը, հետեւանք ունենալով խանգարել անձին ուրիշներու հետ ունեցած յարաբերութիւնը։ Այսուհանդերձ մանուկ հասակին ենթարկուած հոգածութեան կամ սիրոյ պակասը, որքան ալ դժուար ըլլայ ձերբազատուիլ, կարելի է ուղղել կամ դարմանել  չափահասութեան շրջանին ապրուած դրական փորձառութիւններու շնորհիւ։ Այս ուղղութեամբ հոգեբուժութիւնը իր դերը կրնայ ունենալ։

 

Պատրաստեց`

ՍՈՒՐԷՆ ՇԷՐԻՔ

Share61Tweet38
Previous Post

ՎԵՐԱԳՏՆԵԼՈՎ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆ

Next Post

ՀԱՊԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ

Next Post
ՀԱՊԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ

ՀԱՊԿ ԳԼԽԱՒՈՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐՆ ԸՆԴԳԾԱԾ Է, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.