Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԵՐԱԳՏՆԵԼՈՎ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆ

March 29, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՎԵՐԱԳՏՆԵԼՈՎ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆ

«Մի՛ վախնաք, քանզի գիտեմ թէ կը փնտռէք Յիսուսը որ խաչուեցաւ:»

Մատթէոս 28.5

 

 

 

Աւետարաններու պատմութիւնները հարուստ են վկայութիւններով, յորդորներով եւ իրադարձութիւններով, որոնց մէջ զարմանքն ու ակնածանքը, երկնային միջամտութիւնն ու հրաշքը կեդրոնական դիրք կը գրաւեն:

 

Մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի երկրային առաքելութեան վերջին շաբաթը աւագ է խոր իմաստներով, եւ կ՛աւարտի մեռելներէն յարութեան հրաշքով, որովհետեւ կը կատարելագործուի Աստուծոյ շնորհալի էութիւնը ներկայացնող փրկագործութեան ծրագիրը:  Իսկ շնորհընկալ հաւատացեալի անդրադարձը միշտ կը պարփակէ իր մէջ անկեղծ զարմանք ու երկիւղ:  Հաւատացեալը կը գտնէ Աստուծոյ ներգործութեան մէջ փրկարար անակնկալ եւ կը խոնարհի անոր անպատմելի մեծութեան առջեւ:  Այս իմաստով, պահ մը կասկածող Թովմաս Առաքեալի հաւատքի սրտաբուխ խոստովանութիւնը գեղեցկօրէն կ՛ամփոփէ եկեղեցւոյ կեցուածքը Յարուցեալ Փրկչին նկատմանբ երբ ան կ՛ըսէ «Իմ Տէրս, եւ իմ Աստուածս» (Յովհաննու 20.28):

 

Անտարակոյս, մեր անհամաչափ արդիական ժամանակներուն մէջ, երբ նորանոր ստեղծուած գիտութիւնները կ՛արձանագրեն մեծաթիւ բարենպաստ զարգացումներ, կայ մարդկային իւրայատկութիւն մը, որ հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ներգործութիւնը:  Իրօք, կը շոգիանայ հրաշք ակնկալելու, վեհութեան առաջ ահ ու ակնածանք ապրելու, կեանքի ու անոր  խորհրդաւորութեան եւ միաժամանակ անմիջականութեան  իրականութիւնը վայելելու ուժեղ մարդկային զգայնութիւնը:  Երբ մեքենասլաց մարդը կը դառնայ հետզհետէ աւելի ինքնամփոփ, կեանքի բազմաչափութիւնը կը սահմանափակուի եւ կեանքի խորքի եւ լայնքի նկատմամբ անտարբերութիւնը կը գրաւէ անձին կեդրոնը:  Այս պատճառով, մեր ժամանակներու ախտերու հիմնականը կը նկատուի հեռացումը հաւաքականէն, եկեղեցական հաղորդակցութենէն, ազգայինէն, ընտանեկան ջերմութենէն, նոյնիսկ պարզ համամարդկայինէն:  Եւ մարդը կը մնայ վախի գերին։

 

Երբ չմնայ ակնկալութեան խորհուրդ, չմնայ ահ ու ակնածանք, երկիւղ ու յարգանք, չի զարգանար նաեւ հաւատք, խորք, հաղորդութեան տարածք, նոյնիսկ հոգի:  Մարդ հոգեւոր ու զգացական էակ է, այլապէս լիիրաւ մարդ չէ: Աստուած մարդուն հոգիին մէջ դրած է իր Ստեղծիչը ճանչնալու փափաք, ընկերը փնտռելու իղձ, բարին չարէն զանազանելու կարողութիւն, եւ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու առանձնաշնորհ։ Յարուցեալ Քրիստոսով այս բոլորը կը ստանան յաւիտենական խորք եւ հանգիստ։

 

Տէր Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան տօնը առիթ է վերագտնելու մեր հոգին, այդ թանկագին պարգեւն Աստուծոյ որովհետեւ պիտի ապրինք յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ Տէր Աստուած մեզ հաստատէ ամէն բարի բանի մէջ, որպէսզի կեանքը գտնէ իր իմաստը:   Ուստի, Յարութեան տօնը կոչ ունի մեզի՝ չյանձնուելու անյոյս վիճակներու, մակերեսայնութեան եւ անտարբերութեան:   Յիսուսի աշակերտներուն նման ապրինք

Աստուծոյ հրաշափառ միջամտութեան զարմանքն ու ահը, երբ մեր աստուածատուր կեանքը, ոչ իսկ մահուան խայթոցը կրնայ սարսափեցնել կամ սահմանափակել: Քրիստոսի Յարութիւնը ապրինք եւ սրտանց վկայենք փրկութեան վստահութեամբ (Հռոմ. 10.9):

 

Քրիստոսի Յարութեան հրաշքը թող առաջնորդէ մեզ կենսունակ հաւատքի: Հանդիպինք Յարուցեալին ակնածանքով եւ երկիւղով: Ծնրադրենք Անոր առջեւ ուրախութեամբ, եւ ներքին նուիրումով ու հաւաքական պաշտամունքով վերցնենք մեղքի ու անտարբերութեան բեռը մեր սրտերէն:   Անտարբերութիւնը փոխարինենք հրաշք սպասող զաւակներու նուիրուածութեամբ, բարի վկայութեամբ ու ծառայութեամբ:

 

Թող մարդիկ, ժողովուրդներ եւ ազգեր խոնարհին Յարուցեալին առջեւ յաւիտենական ակնկալութեամբ, որպէսզի արժեւորուի կեանքը երկնային յոյսով, եւ տարածուին սէրն ու արդարութիւնը: Թող այս անբարեխիղճ աշխարհին մէջ տիրէ Աստուծոյ նորոգիչ հոգին եւ բոլորս ապրինք յաղթական կեանքեր: Թող հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի հորիզոնը լեցուի նորոգեալ հաւատքով եւ հաստատուն քայլերով: Թող հայոց պատմութեան էջերու վրայ շարունակաբար արձանագրուին իսկական յարութեան, սիրոյ եւ թողութեան երգերը։

 

Չվախնանք ու չզարհուրինք, հապա խոնարհութեամբ վստահինք Անոր, որ մեզի ալ շնորհեց յաղթական կեանք ապրելու թանկ առիթը: Խաչեալը յարեաւ, ուստի ամէն խաչ ու պարտութիւն քննելէ անդին, կառչինք Յարուցեալին եւ փնտռենք նաեւ մեր յարութիւնը Իրմով:

 

Քրիստոս Յարեաւ Ի Մեռելոց: Օրհնեալ Է Յարութիւնն Քրիստոսի:

 

 

ՎԵՐԱՊԱՏՈՒԵԼԻ ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ

ՄԱՀԱԵՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՏԵՂԱՊԱՀ

Share62Tweet39
Previous Post

ՎԱՂԱՐՇԱԿՆ ԱԼ ՀԱՅ Է…

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ – 9

Next Post

ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԱԿԱՆ  ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ – 9

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.