Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՋԵՒ

March 27, 2024
in Յօդուածներ
0

 

 

Հայաստանի նկատմամբ եւրոպական շարք մը երկիրներու հոգածութիւնը ու ցուցաբերած քաղաքական ու ռազմական զօրակցութիւնը այժմ սկսած են ստանալ նոր ու կարեւոր հանգամանքներ։ Եւրոպական խորհրդարանը գրեթէ միաձայնութեամբ ընդունեց Եւրոպական միութեան անդամակցելու Հայաստանի թեկնածութեան կարելութիւնները դիտարկելու միտուած բանաձեւ, որ կը նկատուի առաջին քայլը դէպի եւրոպական ընտանիքի անդամ դառնալու ճանապարհին։

Առայժմ Հայաստան պաշտօնապէս չէ դիմած Եւրոպական միութեան անդամակցութեան, սակայն իշխանութեան մաս կազմող քաղաքական գործիչներ վերջին շրջանին սկսած էին ակնարկել այդ մասին։ Սակայն վարչապետ Փաշինեանի արձագանգը աւելի զգուշաւոր էր։ Բանաձեւը ողջունելէ ետք վարչապետը յայտնեց, թէ այդ հարցը Հայաստանի մէջ հանրային քննարկման առարկայ պէտք է դառնայ։ «Յոյս ունեմ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ուժերը, հասարակական կազմակերպութիւնները, հանրութեան տարբեր շերտեր, քաղաքացիներ վերաբերմունք կ՛արտայայտեն Եւրոպական խորհրդարանից հնչող այս ուղերձի վերաբերեալ, որովհետեւ նման ուղերձներն ունեն շատ աւելի լայն արձագանգի կարիք, քան կառավարութիւնը կամ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը», ըսաւ Փաշինեան։

Նախ պէտք է արձանագրել, որ Եւրոպական միութեան անդամակցութիւնը երկար գործընթաց է ու հոն հասնելու ճանապարհին կան բազմաթիւ նախապայմաններ, որոնցմէ գլխաւորը ժողովրդավարութեան ամրապնդումը, քաղաքական կայունութիւնը, մարդկային եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ազատ տնտեսութիւնը։ Հայաստան տակաւին չէ հասած այդ մակարդակներուն, իսկ կարգ մը եւրոպական չափանիշեր խորթ են հայկական ընտանեկան աւանդոյթներուն։

Եւրոպական միութիւնը նախ եւ առաջ տնտեսական միացեալ շուկայ է, որուն մաս կազմելէ առաջ Հայաստան պէտք է դուրս գայ Ռուսաստանի գլխաւորած Եւրասեական տնտեսական միութենէն։ Այդ Միութիւնը ներկայիս բաւական մեծ օգուտներ կու տայ Հայաստանին եւ վերջին տարիներուն արձանագրուող տնտեսական աճը կապուած է այդ Միութեան անդամակցութեան հետ։

Այս փուլին, երբ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները կը գտնուին իրենց ամէնէն վատ վիճակին մէջ, Եւրասեական տնտեսական միութենէն դուրս գալը աւելի պիտի սրէ իրավիճակը, որուն ձգտողը չէ Հայաստան։ Այդ է պատճառը, որ վարչապետ Փաշինեան զգուշաւորութիւն կը ցուցաբերէ այս հարցով։ Մոսկուան, որ հայկական կողմին առած բոլոր քայլերն ու շփումները կը նկատէ ուղղուած իր դէմ, չարձագանգեց Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւին։ Միւս կողմէ չուշացաւ Ատրպէյճան արձագանգը ըսելու համար, թէ Բանաձեւը «Ատրպէյճանի նկատմամբ երկակի չափանիշերու վառ օրինակ է»։

Հայաստան ներկայիս կը գտնուի դէպի Եւրոպա տանող ճանապարհի սկզբնաւորութեան։ Այդ ճամբորդութիւնը որքա՞ն կրնայ տեւել, դժուար է ըսել։ Սակայն, յստակ է որ ճանապարհի աւարտին Եւրոպան պատրաստ է գրկաբաց ընդունելու Հայաստանը՝ իր կազմէն ներս։ Վերջին խօսքը կը պատկանի Հայաստանի ժողովուրդին՝ մնալ Ռուսաստանի հովանիին տակ, թէ ուղղուիլ դէպի եւրոպական ընտանիք, որուն մաս կազմելով նոր հորիզոններ կրնան բացուիլ մեր ազգին առջեւ։

 

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ

«ՄԱՍԻՍ»

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՉԱՐԵՆՑԱՒԱՆ

Next Post

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Next Post
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.