Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՉԱՐԵՆՑԱՒԱՆ

March 27, 2024
in Յօդուածներ
0
ԾԱՆՕԹ-ԱՆԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔՆԵՐ՝ ՉԱՐԵՆՑԱՒԱՆ

«Արարատ» օրաթերթը կը ներկայացնէ «Մետիամաքս»ի «Ծանօթ-անծանօթ քաղաքներ» շարքը: Յաճախ միմեանց կ՛ըսեն, որ «մենք մեր երկիրը չենք ճանչնար», հիմնականին մէջ նկատի ունենալով գեղատեսիլ վայրերը, բնական եւ ճարտարապետական յուշարձանները: Սակայն կրնանք պնդել, որ քիչ բան գիտենք նաեւ այն քաղաքներուն մասին, որոնք շատ մօտ են Երեւանին: Ուստի այս շարքով պիտի փորձենք որոշ չափով փակել այդ բացը եւ ներկայացնել 10 քաղաքներ, որոնք զբօսաշրջական չեն համարուիր (բացառութեամբ Էջմիածնի), սակայն ունին իրենց հմայքը:

 

 

 

Հրազդան գետի ափին գտնուող Չարենցաւան քաղաքը շատերուն յայտնի է իր երբեմնի արդիւնաբերական փառքով ու միութենական նշանակութեան ձեռնարկութիւններով, որոնք, չնայած պարապուրդի մատնուած ըլլալուն, այսօր ալ տեղաբնակներու յիշողութեան անբաժանելի մասը կը կազմեն:

1947 թուականին Կոտայքի մարզային կեդրոնէն 12 քմ հարաւ-արեւմուտք ինկած հատուածին մէջ հիմնադրուեցաւ մերօրեայ Չարենցաւանը՝ նախկին Լուսաւանը, որ 14 տարի անց ստացաւ քաղաքի կարգավիճակ, իսկ 1967-ին՝ Եղիշէ Չարենցի 70-ամեակին առթիւ,  վերանվանուեցաւ Չարենցաւան: Քաղաքը ի սկզբանէ նախատեսուած եղած է որպէս բանուորական աւան եւ արդիւնաբերական կեդրոն:

 

Քաղաքի տեսարժան վայրերը

Քաղաքի մուտքին մօտ հիւրերը կը դիմաւորէ Գանգրահեր տղան՝ Չարենցաւանի խորհրդանիշ համարուող Վերածնունդի յուշահամալիրը: Տեղացիները հպարտութեամբ կը պատմեն, որ արձանի բացման արարողութեան ներկայ եղած է մարշալ Յովհաննէս Բաղրամեանը, որ յարակից պուրակին մէջ ծառ տնկած է:

Հիւրերուն քաղաքի բնակիչները առաջինը խորհուրդ կու տան ըլլալ Եղիշէ Չարենցի հիւրասրահ-թանգարանին մէջ: Ի դէպ, քաղաքին մէջ տեղադրուած է բանաստեղծի նուիրուած երկու կիսանդրի, որոնցմէ մէկը հիւրասրահին դիմացն է:

Չարենցաւանցիներուն համար սիրելի վայր է նաեւ 2000-ականներու սկիզբը բացուած քաղաքի միակ եկեղեցին, որ կը համարեն «փրկիչ» աղանդաւորական տարբեր շարժումներու դէմ պայքարին մէջ:

Քաղաքային այգիին մէջ պահպանուած ու մինչ օրս կը գործեն խորհրդային տարիներուն տեղադրուած ժամանցի խաղերը:

 

Քաղաքային միջավայրը

Չարենցավանի մէկ ծայրէն միւսը ոտքով կարելի է հասնիլ 15-20 վայրկեանի ընթացքին: Բնակիչները բոլորը միմեանց կը ճանչնան, ձեռքով կը բարեւեն եւ որպիսութիւնը հարցնելէ յետոյ միայն բարի ճանապարհ կը մաղթեն: Հանդիպում-զրոյցները յատկապէս կ՛երկարին շուկային մէջ, երբ խօսքէ խօսք կը փոխանցուի օրուան նորութիւնը ու կը քննարկուի մինչ որեւէ նոր լուրի ի յայտ գալը:

Քաղաքի կեդրոնին մէջ ամէն օր հաւաքուին իմաստուն խաղի ու նարտիի սիրահարները: Խաղին զուգահեռ՝ խօսակցութեան հիմնական թեման արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւնն է, երկրին սպասուող ապագայի տեսլականը:

Համեմատաբար նոր ըլլալով՝ քաղաքը իրեն բնորոշ խօսակցական լեզու կամ ոճ չունի: Բնակիչները ուրախութեամբ կը նշեն՝ ի պատասխան հարցումին, թէ «ուրկէ՞ ես», վերջին տարիներուն բոլորը կ՛ըսեն՝ «Չարենցաւանէն», մինչդեռ նախապէս իւրաքանչիւրը կը նշէր այն վայրը, ուրկէ եկած է Չարենցաւան:

Մայրաքաղաքին հետ կապը բնակիչներուն համար աւելի հասանելի կը դառնայ  Չարենցաւան-Երեւան ամէնօրեայ երթուղիի շնորհիւ:

 

Ի՞նչ ուտել Չարենցաւանի մէջ

Չարենցաւանը իրեն բնորոշ որեւէ ճաշատեսակ չունի: Քաղաքին հիւրերը իրենց քաղցը կրնան յագեցնել գործող արագ սնունդի կէտերուն մէջ, ուր անոնց կ՛առաջարկեն աւանդական ուտեստներ:

Աշխոյժ ժամանցի սիրահարներուն համար Չարենցաւանը, թերեւս, ամենայարմար քաղաքը չէ: Տեղացիները հիւրերուն կ՛ըսեն՝ մեր քաղաքը հանգիստ, խաղաղ ու ընտանեկան վայր է, իսկ աւելի աշխոյժ ժամանցի համար կարելի է ընդամէնը քանի մը քիլոմեթր հատել եւ տեղափոխուիլ Աղվերան:

Քաղաքի մշակոյթի տան մէջ դասական ու ժամանակակից համերգներ ֆեղի կ՛ունենան: Բնակիչները կարօտով կը յիշեն խորհրդային տարիներուն գործած շարապատկերի սրահի շէնքի, այնտեղ ունեցած ժամադրութիւններու եւ դիտած ֆիլմերու մասին:

 

Չարենցաւանը անվտանգ ու խաղաղ է

Չարենցաւանցիները այդ հանգամանքով կը հպարտաննան: Կ՛ըսեն, որ իրենց ծննդավայրը գրաւիչ է տակաւին կերտուող պատմութեամբ, մարդոցմով ու գեղեցիկ փողոցներով:

Անոնք կը կարեւորեն քաղաքին կթական բարձր մակարդակը ու ցաւով կը նշեն մշակութային կեդրոններու բացակայութիւնը: Խօսելով առանձնայատկութեան մասին՝ անոնք կը նկատեն, որ Չարենցաւանը աչքի կը զարնէ իր անվտանգ ու խաղաղ ըլլալով:

Շատեր Չարենցաւանի հիմնական գրաւչութիւնը կը համարեն քաղաքին մաքրութիւնն ու հանգստութիւնը, բնակիչները կ՛առանձնացնեն իրենց աշխատասիրութեան եւ ստեղծագործ ըլլալու համար:

 

 

«Mediamax»

(2015)

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՅՂԱԾ Է ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Next Post

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՋԵՒ

Next Post

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՋԵՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.