Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

March 28, 2024
in Գաղութային
0
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

 

24 Մարտին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տօնախմբեց մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը` Ծաղկազարդը:

Տօնը տարիներ առաջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ հռչակուած էր մանուկներու օրհնութեան օր:

Այս առիթով, Առաւօտեան ժամերգութեան աւարտին՝ Մայր Աթոռի շրջափակին մէջ, Ամենայն Հայոց Հայրապետին հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Անդաստանի արարողութիւն եւ մանուկներու օրհնութեան կարգ:

Նորին Սրբութիւնը իր օրհնութիւնը բաշխեց Մայր Աթոռին մէջ համախմբուած մանուկներուն, իսկ հաւատացեալներուն բաժնուեցան Անդաստանի ընթացքին օրհնուած ուռենիի ճիւղերը:

Բերկրաշատ տօնին առիթով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանութիւնը Պատարագի սրբազան արարողութեան մասնակցեցաւ Սուրբ Գայիանէ վանքին մէջ: Պատարագիչն էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի դասախօսական բաժնի ղեկավար գերաշնորհ Տ. Դանիէլ եպիսկոպոս Ֆընտըգեանը։

Դանիէլ Սրբազանը, անդրադառնալով օրուայ խորհուրդին, խօսեցաւ անցնող շաբաթներու նշանակութեան մասին` ընդգծելով, որ իւրաքանչիւր Կիրակի կարեւոր փուլ է Եկեղեցւոյ եւ հաւատացեալի կեանքին մէջ, իսկ Ծաղկազարդի խորհուրդով դուռ կը բացուի դէպի մեր Փրկիչի Յարութեան տօնակատարութիւններ։

Աւարտին, պատարագիչ Սրբազանը աղօթք վերառաքելով առ Աստուած, դիմեց հաւատաւոր ժողովուրդին՝ յորդորելով Ծաղկազարդի խորհուրդով լեցուած ընթանալ փրկութիւն ճանապարհով։

Սուրբ Պատարագի աւարտէն յետոյ Մայր Տաճարի զանգակատան առջեւ համախմբուած էին հայաստանեան տարբեր թեմերէ ուխտաւորաբար Մայր Աթոռ ժամանած շուրջ 600 արցախցիներ։

Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ մանուկներու օրհնութեան կարգ, որմէ յետոյ անոնց ընծայուեցաւ Աստուածաշունչ մատեաններ, աղօթագիրքեր եւ խաչեր։

Արցախցի մանուկներուն եւ անոնց ընտանիքներուն համար Մայր Աթոռի միաբանական սեղանատան մէջ կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն, իսկ Էջմիածնի հայորդեաց տան մէջ՝ համերգային ծրագիր։

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԴՌՆԵՐԸ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՌՋԵՒ

Next Post

ԳԵՐԱՐԺԷՔ

Next Post

ԳԵՐԱՐԺԷՔ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.