Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

March 27, 2024
in Գաղութային
0
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

 

14 Մարտի երեկոյեան Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի կեդրոնէն ներս, կազմակերպութեամբ «Մասիս» հրատարակչութեան, տեղի ունեցաւ «Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն. քաղաքականութիւն, գաղափարախօսութիւն եւ միջազգային պատմութիւն» անգլերէն հատորի ներկայացումը:

Երեկոյին ներկայ էին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան եւ Կեդրոնական վարչութեան այլ անդամներ, ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, ՍԴՀԿ Վարիչ մարմինի ատենապետ Ընկ. Վազգէն Խոտանեան, Վարիչ մարմինի անդամներ եւ մեծ թիւով հանդիսատեսներ:

Հայ ամերիկեան խորհուրդի վարչութեան անդամ Ալիսըն Ղաֆարի միջոցառման բացման խօսքը կատարելով անդրադարձ կատարեց «Մասիս» հրատարակչականի պատմականին եւ ապագայ ծրագրերուն, որոնց մէջ ՍԴՀԿ պատմութեան արխիւներու հաւաքագրումը եւ թուայնացումը:

Ընկերուհի Ղաֆարի իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր հայ զինուորներուն, որոնք նահատակուեցան Հայրենիքի պաշտպանութեան ճանապարհին:

Ապա խօսք առաւ օրուան զրոյցի համադրող՝ Մանուկ Աւետիքեան, որ ներկայիս կը վարէ «Քալիֆորնիոյ պատմութիւնը հայութեան փորձառութեան ընդմէջէն» բանաւոր պատմութեան հաւաքագրման ծրագիրը: Ան ներկայացուց օրուան բանախօս եւ հատորի խմբագիր՝ Դոկտ. Պետրոս Տէր Մաթոսեանը, վեր առնելով անոր ակադեմական նուաճումները:

Նեպրասքա-Լինքըն համալսարանի Միջին Արեւելքի արդի պատմութեան դասախօս Դոկտ. Տէր Մաթոսեան ներկայացուց գիրքին տարբեր բաժինները: Ան անդրադարձաւ ՍԴՀԿ-ի հիմնադրութեան, գաղափարախօսութեան, ներքին տարակարծութիւններուն: Ան յայտնեց, որ  ուսումնասիրութիւններով հատորին իրենց մասնակցութիւնը բերած պատմաբանները ներկայացուցած են Հնչակեան կուսակցութեան գաղափարախօսական արմատները, որոնք հայութենէն անդին երթալով ընդգրկած են այլ ազգութիւններու յեղափոխական շարժումները:

Դոկտ. Տէր Մաթոսեանի ելոյթէն ետք, համադրող Մանուկ Աւետիքեան շարք մը հարցումներ ուղղելով բանախօսին յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստանալու առիթ ստեղծեց: Ապա, բանախօսը պատասխանեց ներկաներէ ոմանց հարցումներուն:

 

 

 

 

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Ճէրի Փիլէյ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը պատասխանատուութիւններ ունեցող Գարլա Խիժոյեանին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր փոխքարտուղար Սեդա Խըտշեանին: Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը երկար հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին, ընդառաջելով ընդհանուր քարտուղարի փափաքին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր արժեւորում մը կատարելէ ետք միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան՝ իր տեսակէտերը յայտնեց Ե.Հ.Խ.-ի կարգ մը ծրագրերու եւ աշխատանքներու առնչութեամբ, միաժամանակ շեշտեց կարգ մը մարզերու առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը: Յայտնենք, որ Հայրապետը Խորհուրդին ներկայ նախագահներէն մէկն է, իսկ անցեալին երկու շրջաններ, շուրջ 16 տարի, վարած էր Խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնը: Խորհրդակցական հանդիպումէն ետք, Դոկտ. Փիլէյ ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին, ապա Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի առաջնորդութեամբ շրջեցաւ Մայրավանքի բաժանմունքները՝ մօտէն տեղեակ դառնալով կատարուող աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ նոյն օրը առաւօտեան, ընդհանուր քարտուղարը իր պատուիրակութեան հետ միասին այցելած էր Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համալիր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանք եւ «Թռչնոց Բոյն» ու Ցեղասպանութեան որբերու թանգարան։

Next Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՅՂԱԾ Է ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Next Post

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ ՅՂԱԾ Է ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆ ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.