Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Ճէրի Փիլէյ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը պատասխանատուութիւններ ունեցող Գարլա Խիժոյեանին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր փոխքարտուղար Սեդա Խըտշեանին: Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը երկար հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին, ընդառաջելով ընդհանուր քարտուղարի փափաքին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր արժեւորում մը կատարելէ ետք միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան՝ իր տեսակէտերը յայտնեց Ե.Հ.Խ.-ի կարգ մը ծրագրերու եւ աշխատանքներու առնչութեամբ, միաժամանակ շեշտեց կարգ մը մարզերու առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը: Յայտնենք, որ Հայրապետը Խորհուրդին ներկայ նախագահներէն մէկն է, իսկ անցեալին երկու շրջաններ, շուրջ 16 տարի, վարած էր Խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնը: Խորհրդակցական հանդիպումէն ետք, Դոկտ. Փիլէյ ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին, ապա Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի առաջնորդութեամբ շրջեցաւ Մայրավանքի բաժանմունքները՝ մօտէն տեղեակ դառնալով կատարուող աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ նոյն օրը առաւօտեան, ընդհանուր քարտուղարը իր պատուիրակութեան հետ միասին այցելած էր Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համալիր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանք եւ «Թռչնոց Բոյն» ու Ցեղասպանութեան որբերու թանգարան։

March 22, 2024
in Գաղութային
0

Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Ճէրի Փիլէյ այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ընկերակցութեամբ նոյն Խորհուրդին մէջ Միջին Արեւելքի առնչուած շարք մը պատասխանատուութիւններ ունեցող Գարլա Խիժոյեանին եւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր փոխքարտուղար Սեդա Խըտշեանին:

Վեհափառ Հայրապետը եւ ընդհանուր քարտուղարը երկար հանդիպում մը ունեցան, որուն ընթացքին, ընդառաջելով ընդհանուր քարտուղարի փափաքին՝ Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր արժեւորում մը կատարելէ ետք միջեկեղեցական շարժումին պարզած ներկայ կացութեան՝ իր տեսակէտերը յայտնեց Ե.Հ.Խ.-ի կարգ մը ծրագրերու եւ աշխատանքներու առնչութեամբ, միաժամանակ շեշտեց կարգ մը մարզերու առաջնահերթութիւն տալու հրամայականը: Յայտնենք, որ Հայրապետը Խորհուրդին ներկայ նախագահներէն մէկն է, իսկ անցեալին երկու շրջաններ, շուրջ 16 տարի, վարած էր Խորհուրդի կեդրոնական ու գործադիր վարչութեանց ատենապետութիւնը: Խորհրդակցական հանդիպումէն ետք, Դոկտ. Փիլէյ ճաշի հիւրը եղաւ Վեհափառ Հայրապետին, ապա Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի առաջնորդութեամբ շրջեցաւ Մայրավանքի բաժանմունքները՝ մօտէն տեղեակ դառնալով կատարուող աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ նոյն օրը առաւօտեան, ընդհանուր քարտուղարը իր պատուիրակութեան  հետ միասին այցելած էր Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի համալիր, ինչպէս նաեւ Դպրեվանք եւ «Թռչնոց Բոյն» ու Ցեղասպանութեան որբերու թանգարան։

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԱՐՏԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Next Post

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Next Post
ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ՀԱՏՈՐԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.