Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

March 19, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

 

Հայաստանը եւ Ղազախիստանը կը շարունակեն աշխուժօրէն զարգացնել երկկողմ համագործակցութիւնը ինչպէս արտաքին քաղաքական, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ։

Ղազախստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Մուրատ Նուրթլէուն  հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործերի նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ այս մասին։

Ղազախիստանի արտաքին գործերու նախարարը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանին հիւրընկալութեան համար՝ ընդգծելով, որ իր համար շատ մեծ պատիւ է այցելել Հայաստան։

«Հայաստանը եւ Ղազախիստանը գործընկեր երկիրներ են։ Մենք դարերով պահպանած ենք փոխադարձ յարգանքի եւ աջակցութեան արժէքները։ Մեզի համար Երեւանը յատուկ դեր կը խաղայ ինչպէս ԱՊՀ-ի, այնպէս ալ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Մեր երկիրները տարուէ-տարի կը շարունակեն աշխուժօրէն զարգացնել համագործակցութիւնը ինչպէս արտաքին քաղաքական, այնպէս ալ առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ։ Ամենակարեւորը այն է, որ մեր երկկողմ յարաբերութիւնները բարեկամական ազգերուն բնորոշ մակարդակի են։ Մենք շարունակաբար կ՛աջակցինք իրարու եւ ունինք փոխադարձ յարգանք եւ վստահութիւն», ընդգծեց Ղազախիստանի արտաքին գործերու նախարարը՝ շեշտելով, որ Հայաստանն ու Ղազախիստանը աշխուժօրէն կ՛աշխատին այս հարստութիւնը մեծցնելու համար։

Մուրատ Նուրթլէուի հաւաստիացմամբ՝ Հայաստանն ու Ղազախիստանը վստահ են այն բանին, որ երկու կողմերուն միջեւ շարունակական կառուցողական աշխատանքը միանշանակ պիտի յաջողի։

«Անոր մասին կը վկայէ ամենաբարձր մակարդակով համագործակցութիւնը եւ կառուցողական երկխօսութիւնը։ Վերջին շրջանին միջկառավարական յանձնաժողովներու, խորհրդարանական բարեկամական խումբերուն միջեւ համակցուած աշխատանքը իր արդիւնքը կու տայ։ Շարունակելով զարգացնել մեր առեւտրատնտեսական ծրագրերը՝ այս պահի դրութեամբ կը քննարկենք հայ-ղազախական ձեռնարկատիրական խորհուրդի ստեղծումը», ընդգծեց Ղազախիստանի արտաքին գործերու նախարարը։

Նախարարին կարծիքով՝ Ասթանան ու Երեւանը բաց են իրենց քաղաքական մօտեցումներուն մէջ, առկայ են բազում հնարաւորութիւններ առեւտրա-տնտեսական բնագաւառին մէջ։

«Մեր ազգերու մշակութային եւ մարդասիրական կապի հիմքը չափազանց ուժեղ է։ Մեզի անհրաժեշտ է պահպանել այդ եւ փոխանցել յաջորդ սերունդներուն», եզրափակեց Մուրատ Նուրթլէուն։

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ Է ՎԼԱՏԻՍԼԱՎ ՏԱՒԱՆՔՈՎԻ ՕԳՏԻՆ

Next Post

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԲՈԼՈՐ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»

Next Post
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԲՈԼՈՐ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ ԲՈԼՈՐ ՋԱՆՔԵՐԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ՍՏՈՐԱԳՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.