Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ Է ՎԼԱՏԻՍԼԱՎ ՏԱՒԱՆՔՈՎԻ ՕԳՏԻՆ

March 19, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍՆԱԿՑԱԾՆԵՐՈՒՆ ՄԵԾԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈՒԷԱՐԿԱԾ Է ՎԼԱՏԻՍԼԱՎ ՏԱՒԱՆՔՈՎԻ ՕԳՏԻՆ

 

Ռուսաստանի նախագահական ընտրութիւններուն Հայաստանէն քուէարկածներուն մեծամասնութիւնը, Էքզիթ փոլի տուեալներուն համաձայն, քուէարկած է «Նոր մարդիկ» կուսակցութեան անդամ, Ռուսիոյ Պետտումայի փոխխօսնակ Վլատիսլավ Տաւանքովի օգտին։

Հրապարակուած Էքզիթ-փոլի արդիւնքներով, Կիւմրիի մէջ քուէարկածներուն 48 տոկոսը իր ձայնը տուած է Վլատիսլավ Տաւանքովին, 21 տոկոսը՝ Վլատիմիր Փութինին, որ նախնական տուեալներով ընդհանուր ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ վերընտրուած է նախագահի պաշտօնին։ Կիւմրիի մէջ քուէարկութեան մասնակիցներուն 1 տոկոսը քուէարկած է Ռուսաստանի լիպերալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավար Լէոնիտ Սլուցքիի, 2 տոկոսը՝ Ռուսիոյ Կոմունիստական կուսակցութիւնը ներկայացնող Պետտումայի պատգամաւոր Նիքոլայ Խարիթոնովի օգտին։ Էքզիթ-փոլի արդիւնքներով, Կիւմրիի մէջ քուէաթերթիկներուն 10 տոկոսը անվաւեր եղած է։ Հարցումին մասնակիցներուն 19 տոկոսը մերժած է պատասխանել հարցումին, թէ որուն օգտին քուէարկած է։

Երեւանի մէջ քուէարկածներուն 63 տոկոսը, համաձայն Էքզիթ-փոլի, ձայն տուած է Վլատիսլավ Տաւանքովին։ Վլատիմիր Փութինի օգտին քուէարկած է 8 տոկոսը, 1-ական տոկոս ձայն Երեւանէն ստացած են Լէոնիտ Սլուցքին եւ Նիքոլայ Խարիթոնովը։ Երեւանի մէջ քուէարկութեան մասնակցածներուն 9 տոկոսը մերժած է պատասխանել հարցումին, թէ որուն օգտին քուէարկած է, անվաւեր համարուած է քուէաթերթիկներուն 17 տոկոսը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտնած է, որ նախնական տուեալներով Ռուսաստանի նախագահական ընտրութիւններուն արտերկրէն մասնակցած է 372 հազար մարդ։ Ան նշած է, որ այս տուեալները նախնական են։

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ԵՒ ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՀԱՐՑԵՐԸ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԸ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԵՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՁԵՌՆԱՐԿԱՏԻՐԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ ՍՏԵՂԾԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.