Պաղեստինի վարչապետի պաշտօնակատար Մոհամմատ Աշթիէ զգուշացուց Կազան կառավարելու համար արտաքին կողմերու դիմելու վտանգէն: Անոր համաձայն, կարելի չէ Կազայի տնօրինումը յանձնել ոչ-պաղեստինեան որեւէ կողմի կամ յատուկ կազմակերպութիւններու, այդ մտադրութիւնը համարելով պաղեստինեան կամքի ոտնահարում:
Նշենք, որ Մոհամմատ Մուսթաֆան Պաղեստինի նոր վարչապետ նշանակելու մասին նախագահ Մահմուտ Ապպասի որոշումը սուր լարուածութիւն ստեղծած է Համաս եւ Ֆաթահ շարժումներուն միջեւ: Համաս կը պնդէ, որ կարելի չէ նման որոշումներ կայացնել առանց բոլորին հետ խորհրդակցելու, կոչ ուղղելով բոլոր ջանքերը մէկտեղելու իսրայէլեան պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ: