Հայաստանի մէջ Ճափոնի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աոքի Եութաքան կը վստահեցնէ՝ Ճափոնի կառավարութիւնը մեծապէս հետաքրքրուած է Հայաստանի հետ կապերու ամրացմամբ եւ հետագայ խթանմամբ։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստանը կ’ապրի դժուար ժամանակներ եւ Ճափոնը ամուր կանգնած է իր գործընկերոջ կողքին՝ անոր ցուցաբերելով բազմաշերտ ու բազմաոլորտ աջակցութիւն։
Դեսպանին կարծիքով՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութիւնը միանշանակ կրնայ նպաստել տարածաշրջանային համարկման գործընթացներուն։
«Ճափոնը ունի որակեալ եւ բարձրակարգ ենթակառուցուածքներ, որոնք կրնան ներդրուիլ տարածաշրջանային խոշոր ծրագրերու իրականացման գործին մէջ։ Միջազգային փոխադրութեան միջանցքը, որ կը կապէ Եւրոպան Կեդրոնական Ասիոյ ու հեռաւորասիական տարածաշրջանի երկիրներու հետ, կրնայ շահութաբեր ըլլալ ինչպէս Ճափոնի, այնպէս ալ Հայաստանի համար։ Մեր կառավարութիւնը հետաքրքրուած է նաեւ Հարաւային Կովկասով անցնող Հիւսիս-Հարաւ միջանցքի շահագործմամբ, ուստի պատրաստ է քննարկելու, յստակացնելու եւ ընդլայնելու այդ ուղղութեամբ հետաքրքրութիւններու շրջանակը՝ գիտակցելով, որ տարածաշրջանային խոշոր ծրագրերու իրականացումն, անշուշտ, կը բխէ Հայաստանի կենսական շահերէն», ըսաւ Աոքի Եութաքան։
Ան արձանագրեց, որ Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ յարաբերութիւնները կը զարգանան միաժամանակ շարք մը բնագաւառներու մէջ, այդ շարքին՝ յատկապէս ընկերա-տնտեսական ծրագրերու իրականացման եւ տնտեսական ենթակառուցուածքներու զարգացման ոլորտներու մէջ։
«Փոխգործակցութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ կը զբաղեցնէ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներուն անմիջական աջակցութեան ցուցաբերումը։ Օժանդակելով համայնքներուն, ուր անոնք տեղաւորուած են՝ կ’օգնենք նման ճակատագրի արժանացած մարդոց։ Այս պահին իրականացման փուլին է Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուած անձերը հիւրընկալող համայնքներու հիմնական ենթակառուցուածքներու եւ ընկերային համարկման աջակցութեան ծրագիրը», նշեց դեսպանը։
«Մեր երկիրը կրնայ Հայաստանին անմիջականօրէն օգնել՝ անոր տնտեսական կարողություններն ու ենթակառուցուածքները զարգացնելու նպատակով։ Այս տարուան համար արդէն հաստատուած են տասնչորս ծրագրեր, ճափոնական կողմը պատրաստ է աւելցնելու իրականացուող ծրագրերու թուաքանակը, որոնք կ’առնչուին կրթական, առողջապահական, բնապահպանական, գիւղատնտեսական բնագաւառներուն», ըսաւ դեսպանը։
Դեսպանը առանձնայատուկ կարեւորեց նաեւ մշակութային կապերու ամրապնդումը՝ նշելով, որ երկու ժողովուրդները ունին պատմական շատ ընդհանրութիւններ, հայերէնն ու ճափոներէնը բաւականին հարուստ, բացառիկ ու ինքնատիպ լեզուներ են, երկու ժողովուրդներու կեանքին մէջ մշակոյթը ունի առանձնայատուկ տեղ եւ դերակատարութիւն։
Դիւանագէտը յաւելեց, որ հմայուած է Հայաստանի բնութեամբ եւ նշեց, որ այն իր լեռնային գեղատեսիլ վայրերով շատ նման է Զուիցերիոյ, ուրամենաշատ թիւով ճափոնց զբօսաշրջիկներ կ’այցելեն, ուստի խոստացաւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի Հայաստան ժամանող ճափոնցի զբօսաշրջիկներուն քանակը նոյնպէս աւելնայ, որպէսզի ճափոնցիները իրենց համար նորովի բացայայտեն Հայաստանն ու հայկական լեռնաշխարհը։