Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ»

March 18, 2024
in Միջազգային
0
«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ»

 

Կ’ԸՍԷ ՎՐԱՍՏԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐԸ

 

Պաքուի մէջ, 15 Մարտին, տեղի ունեցած Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու 9-րդ եռակողմ հանդիպման ծիրին մէջ, Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Իլիա Տարչիաշվիլին անդրադարձած է նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններիու:

Դարչիաշվիլին յոյս յայտնած է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը շուտով խաղաղութեան պայմանագիր կը ստորագրեն:

«Երկու երկիրներն ալ Վրաստանի մեծագոյն առեւտրային գործընկերներն են։ Քննարկուած է համագործակցութիւնը քաղաքական, տնտեսական, առեւտրային, պաշտպանական, մշակութային, փոխադրութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ։ Ի հարկէ, մենք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած ենք տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւ մարտահրաւէրները յաղթահարելու մեր համատեղ ջանքերուն», ըսած է ան:

Իլիա Տարչիաշվիլին ընդգծած է, որ Վրաստանը վճռականօրէն կ’աջակցի Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ գոյակցութեան եւ պատրաստ է նպաստելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կառուցողական համագործակցութեան խթանման գործընթացին։

«Մենք յոյսով ենք, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը շուտով համաձայնութեան կու գան եւ կը ստորագրեն խաղաղութեան համաձայնագիր, որ շրջադարձային պիտի դառնայ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութան  համար», ըսած է Վրաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՖՐԱՆՍԱ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ ԵՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐԸ»

Next Post

ՀՀ ՃԱՓՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆ. «ՃԱՓՈՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՊԷՍ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ԱՄՐԱՑՄԱՄԲ ԵՒ ՀԵՏԱԳԱՅ ԽԹԱՆՄԱՄԲ»

Next Post
ՀՀ ՃԱՓՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆ.  «ՃԱՓՈՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՊԷՍ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ԱՄՐԱՑՄԱՄԲ ԵՒ ՀԵՏԱԳԱՅ ԽԹԱՆՄԱՄԲ»

ՀՀ ՃԱՓՈՆԻ ԴԵՍՊԱՆ. «ՃԱՓՈՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾԱՊԷՍ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԵՏ ԿԱՊԵՐՈՒ ԱՄՐԱՑՄԱՄԲ ԵՒ ՀԵՏԱԳԱՅ ԽԹԱՆՄԱՄԲ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.