Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՖՐԱՆՍԱ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ ԵՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐԸ»

March 18, 2024
in Հայաստան
0
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ.  «ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՖՐԱՆՍԱ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑԱԾ ԵՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇԵՐԸ»

 

Ֆրանսայէն Հայաստան նախորդ  տարի արձանագրուած է բարձրաստիճան այցերու աննախադէպ քանակ: Այս մասին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նիստին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան ծրագրի (2021-2026 թթ.) 2023 թուականի կատարման ընթացքի եւ արդիւնքներու մասին զեկոյցի քննարկման:

«Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները առանձնաշնորհեալ բնոյթ կը կրեն: Հաշուետու տարուան մէջ եղած է Հայաստանի վարչապետի եւ Ֆրանսայի նախագահի հինգ հանդիպում: Նաեւ Ֆրանսայէն բարձրաստիճան այցերու աննախադէպ քանակ ունինք: Այս առումով մեր շփումները գերազանցած են քաղաքական երկխօսութեան աւանդական ցուցանիշերը», ըսաւ Միրզոյեան:

Ֆրանսայի ԱԺ նախագահը այցելած է Հայաստան, այդ Ֆրանսայի ԱԺ նախագահի մակարդակով առաջին այցն էր: Ֆրանսայի արտաքին գործերու նախարարը տարուան ընթացքին երկու անգամ այցելած է Հայաստան: Տարուան ընթացքին եղած են նախարարներու փոխայցեր:

Միրզոյեան յիշեցուց, որ Սիւնիքի մարզի աշխարհաքաղաքական խոցելիութեան առումով Ֆրանսան կարեւոր որոշում կայացուցած: Օգոստոսին յայտարարեցին, որ հիւպատոսական գրասենեակ պիտի բանան Գորիսի մէջ: Հայաստանի մէջ բացուեցաւ Ֆրանսայի պաշտպանական առաքելութիւն, խօսքը ռազմական կցորդի մասին է:

Աշխուժօրէն կը շարունակուին նաեւ հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման ուղղուած 2021-2026 թթ ճանապարհային քարտէզի շուրջ քննարկումները:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ ԿՈՉ

Next Post

«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ»

Next Post
«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ»

«ՅՈՅՍՈՎ ԵՆՔ, ՈՐ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆՆ ՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՇՈՒՏՈՎ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՅՄԱՆԱԳԻՐ ԿԸ ՍՏՈՐԱԳՐԵՆ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.