Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԻԿ. ԼԵՆԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

March 15, 2024
in Յօդուածներ
0
ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԻԿ. ԼԵՆԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

 

 

Արդէն տարի մըն է անցեր Տիկ. Լենա Եարտըմեանի (ծնեալ Գասարճեան), կողակիցը Պէյրութի ծանօթ ազգայիններէն Հայկազ Եարտըմեանի, այս աշխարհէն աչքերը փակելուն:

 

Լենան վաղուց ճանչցած էի, երբ Զոքաք Էլ Պլաթի մեր թաղեցին, մեր բնակարանը դէմ-դիմաց էր իրենց բնակարանին: Հալէպէն Գասարաճեաններուն Պէյրութ ժամանումէն ետք Լենան յաճախած էր, եղբօր Յակոբին հետ, Մէքսիք փողոցին վրայ նոր փոխադրուած Հայ Աւետ. Գոլէճը, ուր ես ալ կ՛ուսանէի: Լենան ինձմէ չորս դասարան փոքր էր, բայց դրացիներ ըլլալով՝ լաւածանօթ էր, ու դպրոցէն տուն երթեւեկող խումբին մէջ էր: Ընկերային բնաւորութեան տէր, շէնշող, միշտ խօսակցութեան նիւթ ունեցող էր: Դպրոցին մէջ իր կենսուրախութիւնը նշմարելի էր:

 

Տարիներու թաւալումին հետ, դարձած էինք համալսարանական եւ անդամակցած ՀԵԸ-ի Հայ Համալսարանական Ուսանողաց Միութեան 1959-1960-ին, իմ ատենապետի վարչութեանս մէջ էր Լենան, ներկայացնելով Պէյրութի Աղջկանց Գոլէճի (B.C.W.՝  ներկայիս  L.A.U.) անդամուհիները:

 

Լենան ժողովներուն ընթացքին ունէր իր տեսակէտերը պարզելու յատուկ քարոզչութիւն: Ընկերային ձեռնարկներու փայլքն էր, իր զուարթախօսութեան յատուկ խօսակցութեամբ եւ եռանդով, կը զգայիր որ տիրապետող էր իր ընկերային շրջանակին մէջ: Միաժամանակ սիրուած ու յարգուած:

 

Հայ Աւետ. Գոլէճի տնօրէնութեան երկարամեայ ժամանակաշրջանիս, ամէն անգամ որ Լենային դիմած էինք սիրով ընդառաջացած էր ծառայել անոր Շրջանաւարտից միութեան իրարայաջորդ վարչութիւններուն մէջ, նախ իբր փոխատենապետուհի՝ 1993-ին, եւ ապա՝ ատենապետուհի: Ղեկավարի եւ կազմակերպելու ձիրք ունէր: Փայլուն հետք մը ձգեց դպրոցի Շրջանաւարտից Միութեան պատմութեան մէջ:

 

Ան իր հին բարեկամութիւնները պահպանող էր: Վերջին տարիներուն նուազ կը տեսնէի զինք: Գորոնա ժահրի շրջանին եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք, մեր խօսակցութիւնները հեռաձայնային էին: Վերջին շրջանին կը գանգատէր առողջական հարցերէ եւ կը յայտնէր, որ 4 Օգոստոս 2020-ի պայթումները շատ ցնցած էին զինք: Նախկին լաւատեսութիւնը չքացած կը թուէր, սակայն իր խօսակցութիւնը միշտ եռանդուն էր:

 

Լենա Գասարճեան Եարտըմեանը զինք ճանչցողներու սիրտերէն ներս մնայուն տեղ ունի: Բարի յիշատակը վառ մնայ: Յաւիտենական հանգիստ իր աճիւններուն:

 

 

ԶԱՒԷՆ ՄՍՐԼԵԱՆ

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹՅՈՒՆԸ 6,8 ՄԻԼԻԱՌ ԴՐԱՄ ՊԻՏԻ ՅԱՏԿԱՑՆԷ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ 57,2 ՔԻԼՈՄԵԹՐ ԵՐԿԱՐՈՒԹԵԱՄԲ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ՀԱՄԱՐ

Next Post

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎՏԱՆԳԵՑ

Next Post
ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎՏԱՆԳԵՑ

ՀԸԶՊԱԼԼԱ ՎՏԱՆԳԵՑ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.