ԾՆՆԴԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿ (1924-2018) ՀԱՆՆԱ ՄԻՆԱՅԻ
Մասնաւորապէս Սուրիոյ գրական ու մշակութային շրջանակները ե՛ւ արաբական գրական աշխարհը՝ ընդհանրապէս, 9 Մարտին կը նշեն սուրիացի մեծանուն գրող, վիպագիր, պատմուածագիր, թատերագիր եւ թարգմանիչ Հաննա Մինայի (Լաթաքիա, 9 Մարտ 1924 – Դամասկոս, 21 Օգոստոս 2018) ծննդեան 100-ամեակը:
Վեց տարի առաջ գրեթէ այս օրերուն, երկրային կեանքին հրաժեշտ կու տար սուրիական գրականութեան եւ ընդհանրապէս արաբ վիպագրութեան տիտաններէն մին, կարճ պատմուածքներով ալ իր կարկառը բարձրացուցած մեծանուն գրող Հաննա Մինան՝ «Ծովի եւ ջուրի երգիչը», 94 տարեկանին, հիւանդութեամբ երկար տառապելէ վերջ:
Նիզար Քապպանիի եւ Ատոնիսի նման սուրիացի մեծատաղանդ գրողներու փաղանգին ամէնէն յառաջակարկառ դէմքերէն մին, որուն վիպական սեռի գրականութիւնը յատկանշուեցաւ մտքի արտայայտչական խիզախումներով ու եզակի փայլատակումներով, մերթ հասնելով գերիրապաշտական յանդգնութիւններու:
Երիտասարդ տարիքէն խիզախօրէն արտայայտուելով համայնավար գաղափարխօսութեան իր յարումին եւ նոյն կուսակցութեան իր անդամակցութեան մասին, Հաննա Մինա 17 Օգոստոս 2008-ին իր ձեռագրով արդէն գրած էր իր կտակը, որուն մէջ ան կը խնդրէր, որ իր մահուան բօթը երբեք չհրապարակուի լրատուամիջոցներէն կամ այդ մասին չգրուի մամուլի մէջ. աւելին, իր դագաղը վերցուի յատուկ վարձուող չորս անձերու ձեռամբ, շեշտելով նաեւ որ կը մերժէ մարդոց շիւանն ու կոծը իր դագաղին վրայ:
Գրող մը, որ իր տիրական շուքով մասնակից եղաւ Սուրիոյ գրողներու միութեան հիմնումին: Վիպագիր մը, որուն աւելի քան քառասուն երկերը մերժեցին երեւակայական կրկէսի մէջ արուեստակեալ կերպարներու շարադրանքը՝ միշտ ջանալով ընթերցողին մատուցել խոնարհ ու պարկեշտ մարդոց կեանքի սրտատրոփ վարքն ու բարքը, ջուրին ու ծովին է՛ն անոյշ բուրմունքը, անոր կենսառողջ շառաչը, բնութեան բարիքները, որոնք սահմանուած են ուշադրութիւն գրաւել, խելք ու ջիղ մատակարարել իրապաշտ մարդուն, հանդիսանալով արաբ վիպագրութեան ամէնէն հեղինակաւոր փառքերէն մին:
Արդարեւ, Մինայի մանկութեան տարիները ճանչցան աղքատութեան ու վհատութեան դէմ պայքարի անողորմ ժանիքները, անվեհերօրէն այդ տարիները կուրծք տալով ճանչցան կործանումը պատրանքներու: Այսպէս, Մինա նախ աշխատեցաւ սափրիչ՝ Լաթաքիոյ նաւահանգիստին մէջ, ապա նաւաստի՝ նաւակներու, մակոյկներու վրայ, աւելի ուշ՝ հեծանիւ նորոգող, մանուկի հոգատար՝ մեծահարուստի մը տան մէջ, ապա դեղարանի մէջ աշկերտ, այնուհետեւ թերթերու խմբագրութեանց աշխատակից, սուրիական ռատիոկայաններու մէջ յայտագրեր պատրաստող պաշտօնեայ, ապա պետական պաշտօնեայ, հուսկ հասնելով վիպագիրի համբաւի:
Երկու մանչ եւ երեք դուստրերու հայր Հաննա Մինա իր անդրանիկ զաւակը՝ Սելիմը կորսնցնելէ ետք 50-ական թուականներուն, չքաւորութեան ծանր պայմաններու մէջ, անհուն զոհողութիւններու գնով կը նուիրուի պահպանել կրտսեր որդին՝ Սաատը, որ ապագային կը դառնայ փոքր պաստառի վրայ անուանի դերասան, յաջողապէս ներկայացնելով իր հօր՝ Հաննա Մինայի «Քաջ Մարդուն Վերջը» խորագրով ֆիլմաշարի հերոսը որպէս:
Սուրիական ու լիբանանեան մամուլի փնտռուած սիւնակագիրներէն՝ Հաննա Մինայի համբաւը արաբական մամուլին մէջ տակաւ առ տակաւ բարձրացաւ կարճ պատմուածքներու սեռի կարկառի, իրեն ապահովելով տիրական անհատականութիւն մը, աշխատակցելով դամասկոսեան «Ալ-Ինշա» թերթին, որուն գլխաւոր խմբագիրը եղաւ աւելի ուշ: Գրեց թատերական գործեր ալ, եւ ինչպէս նշուեցաւ՝ կարճ պատմուածքներ ալ, որոնք առանձին հատորներու մէջ գտան իրենց ապահով ապաւէնը:
Սուրիացի ձախակողմեան բազմաթիւ մտաւորականներու հետ երբ Մինա 1951-ին հիմնեց Սուրիոյ գրողերու միութիւնը, ան ոչ միայն 1954-ին ղեկավարեց անոր անդրանիկ համաժողովը, այլեւ այդ միութեան շնորհեց համա-արաբական լայն ճանաչում: Իբրեւ անդամ ընկերվարական իրապաշտ դպրոցի, ան կոչ ըրաւ գրական ստեղծագործական աշխարհը հեռու պահելու քաղաքական խժդուժ խուժումէ, հանդիսանալով արաբ այն յառաջապահ միտքի կարկառուն գրողներէն մին, որուն գէթ քանի մը գործերը թարգմանուեցան հայերէնի: Օրինակ, պատմաբան Դոկտ. Գէորգ Եազըճեան հայերէնի է թարգմանած Հաննա Մինայի «Կեռաս Բերան» վէպը, 2004-ին:
Մինայի բազմաթիւ երկերէն յիշատակման արժանի են «Հեռաւոր Նաւահանգիստը», «Քաջ Մարդուն Վերջը», «Արեւը՝ Ամպոտ Օրուան Մէջ», «Առագաստը եւ Փոթորիկը», «Երկու Կիներու Պայքարը», «Պոռնիկ եւ Կէս Խենթ», «Տիմիթրոյին Ողբերգութիւնը», «Մուրացիկներու Թաղը», «Մարդը՝ Որ Ինքզինք Կ’ատէ», «Գարունն ու Աշունը», «Կապոյտ Ճրագները»՝ որ նոյն անունով վերածուած է ֆիլմաշարի, եւ այլ շատ գործեր: Կատարած է թարգմանական աշխատանքներ, ինչպէս՝ Մաքսիմ Կորքիի գործերը:
Իր մեծ վաստակին համար Հաննա Մինա արժանացած է բազմաթիւ պարգեւատրումներու, որոնց շարքին՝ Սուրիոյ արաբական հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի Բարձրագոյն պարգեւին:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»
———————————————————————————
Նկար 1.- Հաննա Մինա