Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՍՈՒՐԻԱՆԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆ

March 15, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՍՈՒՐԻԱՆԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս.Դ.Հ.Կ. ԿԵԴՐՈՆ

 

Համաշխարհային Սուրիանի Միութիւն կուսակցութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորութեամբ նախագահ Իպրահիմ Մրատի, փոխնախագահ Լէյլա Լաթթիի, ներքին գործերու Մեթնի համակարգող Ժոզէֆ Հաժարի եւ քաղաքական գրասենեակի անդամ        Պէյրութի շրջանի համակարգող Ժորժ Ժարպաքայի, այցելեց Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կեդրոն: Անոնք ընդունուեցան Ս.Դ.Հ.Կ. Լիբանանի Վարիչ մարմինի ատենապետ Վանիկ Տագէսեանի, անդամներ Միհրան Շահինեանի, Լութֆիկ Կոտալազեանի եւ Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքս Քէօշկէրեանի կողմէ:

Ժողովի օրակարգին հիմնական նիւթերէն մէկն էր հայ եւ սուրիանի ժողովուրդնեդու պատմական յարաբերութիւնը եւ ամուր դաշինքը: Ուսումնասիրուեցան Լիբանանի ներքին ու շրջանի հարցերը, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ վիճակը ու սպառնալիքը ամբողջ Լիբանանին: Օրակարգի նիւթ էր նաեւ Լիբանանի ներքին վիճակը, մանաւանդ վարչակարգի տագնապը կեդրոնական պետական համակարգի տկարացումին պատճառով: Այս պետական համակարգը ցոյց տուաւ իր ձախողութիւնը: Կրօնական բազմազանութեան վրայ հիմնուած պետութիւններ յաջողած չեն: Նախագահ Մրատ շեշտեց պետութեան գերիշխանութեան խախտումին պատճառով այսօրուան վիճակին հասնիլը: Միջազգային որոշումներու գործադրութիւնը, յատկապէս 1559 որոշումին, միակ լուծումն է այս վիճակէն դուրս ելլելու: Նաեւ դաշնային պետութիւն հաստատելը կը քաջալերէ համակեցութիւնը եւ կը գործադրէ բոլոր խաւերու ձգտումները, կը պահպանէ անոնց մշակութային բազմազանութիւնը եւ Լիբանանը կը վերադարձնէ իր նախկին բարգաւաճ վիճակին:

Աւարտին, օրակարգի նիւթ դարձաւ հայ եւ սուրիանի ժողովուրդներու եւ Արեւելքի քրիստոնեայ ժողովուրդներու կրած տառապանքը: Այս տարի Սուրիանի Միութիւն Կուսակցութիւնը ցեղասպանութեան իր ոգեկոչումը պիտի կատարէ 20 Ապրիլին:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ԵԵԼՒՄՈՒՏՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՐԺՈՅԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.