Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՃԱՓՈՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԱՍՐԱՀԸ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԼՐՈՒԻ ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ՁԱՅՆԱՅԻՆ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՄԱՆ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՎ

March 14, 2024
in Միջազգային
0

 

«Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած է «Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ ձայնային եւ ձայնագրման սարքաւորումներու բարելաւման ծրագրի» դրամաշնորհային պայմանագրի (մինչեւ 72.000 ԱՄՆ տոլար) ստորագրման արարողութիւնը` Ճափոնի կառավարութեան «Grassroots» մշակութային ծրագրերու համար դրամաշնորհային աջակցութեան ծիրին մէջ:

Ողջունելով ներկաները՝ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան նախարարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է Ճափոնի կառավարութեան անչափ կարեւոր նախաձեռնութեան համար: Նախարարի տեղակալը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ դեսպան Աոքի Իւթաքային իր գործունէութեամբ մշակութային կառոյցներուն աջակցելու համար:

«Ուրախ ենք, որ այսպիսի նախաձեռնութիւնը կու գայ երկրէ մը, ուր արդի արհեստագիտութիւններու որակը շատ բարձր է, եւ որուն շնորհիւ մենք ձեռք կը բերենք բարձրակարգ սարք: Այս սարքը պիտի ծառայէ ոչ միայն ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին, այլեւ հայաստանեան եւ արտերկրի այն նուագախումբերուն, երաժշտական խումբերուին, որոնք ելոյթներ պիտի ունենան Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ: Անդրադառնալով թատերահամերգային կազմակերպութիւններու ֆինանսաւորման նոր ձեւին` նշեմ, որ ունինք շատ լաւ օրինակ. պետական յատկացումներու, մասնաւոր եւ արտերկրի աջակցութիւններու շնորհիւ ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի տնօրինութեան նախաձեռնողականութեան շնորհիւ վերանորոգուած է համերգասրահին դահլիճը: Այս դրամաշնորհին շնորհիւ Արամ Խաչատրեան համերգասրահի դահլիճը պիտի վերազինուի արդի սարքյով` միջազգային չափանիշերուն համապատասխան: Ծրագրին նպատակն է Արամ Խաչատրեան համերգասրահը վերածել բարձրորակ մշակութային հարթակի, ուր հնարաւոր պիտի ըլլայ իրականացնել նաեւ բարձրորակ ձայնագրութիւններ եւ հեռարձակումներ: Ճափոնական կառավարութեան տրամադրած այս միջոցները լաւագոյնս պիտի ծառայեն բարձրակարգ համերգներու, միջոցառումներու, ձայնագրութիւններու իրականացման», նշած է Դանիէլ Դանիէլեանը եւ մաղթած է ծրագրի յաջող իրականացում:

Հայաստանի մէջ Ճափոնի դեսպան Աոքի Իւթաքան նշած է, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ արդէն զգացած է հայ ժողովուրդի բարեկամական վերաբերմունքն ու հիւրընկալութիւնը, նկատած է նաեւ, որ երկու երկիրները` Հայաստանն ու Ճափոնը, շատ նմանութիւններ ունին. «Երկուքն ալ փոքր երկիր են` հարուստ երկար պատմութեամբ, աւանդոյթներով եւ հնագոյն մշակոյթով, եւ կը կիսեն սէրը երաժշտութեան հանդէպ: Ծրագիրը հնարաւորութիւն պիտի տայ այս գեղեցիկ համերգասրահին մէջ ելոյթ ունեցող Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին եւ այլ նուագախումբերուն ու անհատ երաժիշտներուն ձայնագրել եւ հեռարձակել համերգները շատ աւելի բարձր որակով, նոր եւ ժամանակակից սարքաւորումներով, որոնք ձեռք պիտի բերուին այս աջակցութեան միջոցով: Հայաստանը յայտնի է իր պատմականօրէն հարուստ երաժշտական մշակոյթով, որ ստեղծած է այնպիսի հանրահռչակ երաժիշտներ եւ երգահաններ, ինչպիսիք են Կոմիտասը, Արամ Խաչատրեանը, Առնօ Բաբաջանեանը եւ շատ ուրիշներ: Մեր նպատակն է պահպանել եւ փոխանցել այս ահռելի երաժշտական ժառանգութիւնը յաջորդ սերունդներուն: Վստահ եմ, որ նոր ծրագրի միջոցով մենք կրնանք նպաստել այս կարեւոր առաքելութեան, որպէսզի մարդիկ կարենան վայելել այն գլուխգործոցները, որոնք պիտի կատարուին Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ ճափոնական սարքաւորումներու եւ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ աշխարհի աշխարհահռչակ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններու համադրմամբ»:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Next Post

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ Է` ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ԵՄ-ՀՀ ՈՒԺԵՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ Է` ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ԵՄ-ՀՀ ՈՒԺԵՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ Է` ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ԵՄ-ՀՀ ՈՒԺԵՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.