Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾԼ Է ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ

March 14, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾԼ Է ՀԱՅ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀՆԱՐԱՒՈՐ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով` աշխարհաքաղաքական դերակատարները պէտք է չէզոք ըլլան, հակառակ պաարգային չեն կրնար կառուցողական դերակատարում ունենալ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին մէջ:

Այս մասին Փաշինեան ըսաւ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Արեւմուտքի կողմէ Թուրքիոյ հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացի մէջ ներգրաւելու միտում կը նկատուի:

«Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն, ապա կը կարծեմ` ճիշդ բանաձեւը եւ ձեւակերպումը այն է, որ դերակատարները պէտք է չէզոք ըլլան, որպէսզի այդտեղ կառուցողական դերակատարում ունենան», նկատեց Փաշինեան:

Անդրադառնալով տարածաշրջանին եւ համաշխարհային ասպարէզին մէջ Թուրքիոյ ունեցած դերին` վարչապետը ընդգծեց. «Իրականութիւնը այն է, որ Թուրքիոյ ներկայութիւնը ե՛ւ կը տեսնենք, ե՛ւ կը զգանք»:

Հայաստանի վարչապետին դիտարկմամբ` Հայաստանը պէտք է ունենայ օրակարգ Թուրքիոյ հետ եւ ընկալէ ոչ թէ Ատրպէյճանի միջոցով, այլ դիտէ որպէս սահմանակից դրացի. պէտք է առերեսուիլ այն փաստին հետ, որ Թուրքիան նաեւ միջազգային մեծ դերակատարութիւն ունի:

Վարչապետը նշեց, որ Թուրքիոյ ղեկավարին եւ այդ երկրի ներկայացուցիչներուն հետ շփումը ոչ միայն տարօրինակ չէ, այլեւ բնական է, քանի որ Թուրքիան ու Հայաստանը հարեւաններ են` յաւելելով, որ արտառոց ու տարօրինակ չէ նաեւ այն, որ երկու երկիրներու ղեկավարները հեռախօսազրոյցներ կ՛ունենան:

«Ես կը կարծեմ, որ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւններուն մէջ կարեւոր բան մը տեղի կ՛ունենայ, որ կրնայ տարօրինակ հնչել, թէ անոր մէջ ի՞նչ կարեւոր բան կայ. մենք կը խօսինք իրար հետ: Ես կը համարեմ, որ Թուրքիոյ նախագահին հետ մենք ունինք խօսակցութիւն եւ երկխօսութիւն, որ շատ բարդ է` հեշտ չէ, բայց շատ կարեւոր է, որ այդ խօսակցութիւնը ըլլայ: Ես կը յիշեմ մեր քննարկումները, ընկալումներն ու զգացողութիւնները, երբ Փրակի մէջ` մինչեւ մեր պաշտօնական հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահին հետ, այդ լուսանկարուած եւ համացանցին մէջ յայտնուած էր, կը յիշեմ, թէ այդ լուսանկարը ինչպիսի մեծ դրական, բացասական շփոթ, քննարկում եւ արձագանգ յառաջացուցած էր: Կը յիշեմ նաեւ Հայաստանի մէջ մեր շատ խմբակիցներու լարուածութիւնը անկէ», նշեց Փաշինեան` խօսելով բանակցութիւններու եւ քննարկումներու ընթացքին դժուարութիւններու եւ անոնց յաղթահարման բարդութիւններուն մասին:

Հայաստանի վարչապետը նաեւ յաւելեց, որ հասկնալով, թէ մեր հասարակութեան մօտ գիտակցութեան ինչպիսի նուրբ շերտեր կան, այդուհանդերձ, իրեն համար մեծ ջանք եղած է Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան արարողութեանը երթալն ու մասնակցիլը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

«ԵՐԵՒԱՆ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ԱՒԿՈՒՍԹԻՆ ՀԱՏԵԼԻԽԻ ՀԵՏ

Next Post

ՀՀ ԵԵԼՒՄՈՒՏՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՐԺՈՅԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post
ՀՀ ԵԵԼՒՄՈՒՏՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՐԺՈՅԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՀ ԵԵԼՒՄՈՒՏՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԸՆԴՈՒՆԱԾ Է ԱՐԺՈՅԹԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.