Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ Է` ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ԵՄ-ՀՀ ՈՒԺԵՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

March 14, 2024
in Հայաստան
0
ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՅՈՅՍՈՎ Է` ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՊԻՏԻ ԿԱՅԱՑՈՒԻՆ ՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆ ԵՄ-ՀՀ ՈՒԺԵՂ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները կը զարգանան, անոնք պէտք է նոր դրսեւորումներ ու արտայայտութիւններ ունենան, եւ այդ արտայայտութիւններէն մէկը կրնայ ըլլալ վիզաներու ազատականացման բանակցութիւններուն մեկնարկը:

Այս մասին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ասուլիսի ընթացքին:

Վարչապետը յիշեցուց իր յայտարարութիւնը, որ Հայաստանը պատրաստ է ԵՄ-ին ըլլալու այնքան մօտ, որքան ԵՄ-ն հնարաւոր կը համարէ:

«Հիմա մենք պէտք է հասկնանք, թէ ԵՄ-ն ինչքան հնարաւոր կը համարէ: Անկէ յետոյ ընենք հետեւութիւններ: Բայց նաեւ կարեւոր է, թէ Հայաստանի ժողովուրդը որքան հնարաւոր պիտի համարէ: Բայց այս փուլին մենք գործընթացը կը տեսնենք այսպէս` ԵՄ-ի հետ մեր յարաբերութիւնները շատ աշխոյժ են: Եւ հիմա ԵՄ-ն կ՛ըսէ, որ Հայաստանի եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները երբեք այսքան խոր եւ ամուր չեն եղած: Եւ ես յոյսով եմ, որ յառաջիկային պիտի ունենանք քանի մը որոշումներ, որոնք պիտի ըլլան այդ ուժեղ յարաբերութիւններուն արտայայտութիւնը», ըսաւ Փաշինեան:

Ան յաւելեց` այնպէս չէ, որ մինչեւ հիմա այդ արտայայտութիւնները չեն եղած: Յարաբերութիւնները կը զարգանան, այն նոր դրսեւորումներ ու արտայայտութիւններ պէտք է ունենայ: Ըստ վարչապետին` օրինակ, այդ արտայայտութիւններէն մէկը կրնայ ըլլալ վիզաներու ազատականացման բանակցութիւններու մեկնարկը Հայաստանի եւ ԵՄ-ի միջեւ: Յաջորդ թեմաներէն մէկը կրնայ ըլլալ առեւտրային արտօնեալ պայմաններու տրամադրումը Հայաստանի մէջ արտադրուած ապրանքներուն:

«Յաջորդ արտայայտութիւնը կրնայ ըլլալ անվտանգութեան ոլորտին մէջ մեր համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու խորացումը, նաեւ Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան կարողութիւններու մեծացումը, ԵՄ դիտորդներու առաքելութիւնը եւս երկու տարիով երկարաձգելու մասին որոշումը եւ այսպէս շարունակ: Այս պահին գործող մանտաթը երկու տարի է», ըսաւ ան:

Հայաստանն ու ԵՄ-ն ունին շատ լայն օրակարգ: Հայաստանը պատրաստ է այդ օրակարգը ընդլայնելու եւ խորացնելու:

Share61Tweet38
Previous Post

ՃԱՓՈՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ ՀԱՄԵՐԳԱՍՐԱՀԸ ՊԻՏԻ ՀԱՄԱԼՐՈՒԻ ԲԱՐՁՐԱԿԱՐԳ ՁԱՅՆԱՅԻՆ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՄԱՆ ՍԱՐՔԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՎ

Next Post

ՁԳՏՈՒՄՆ

Next Post

ՁԳՏՈՒՄՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.