Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

«ՆԵՐԳԱՒԱՌԱՅԻՆ ԵՒ ՈՉ-ՆԵՐԳԱՒԱՌԱՅԻՆ ԳԻՒՂԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՀՀ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԷՋ ՉԵՆ»

March 14, 2024
in Հայաստան
0
«ՆԵՐԳԱՒԱՌԱՅԻՆ ԵՒ ՈՉ-ՆԵՐԳԱՒԱՌԱՅԻՆ ԳԻՒՂԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԸ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՀՀ ԻՆՔՆԻՇԽԱՆ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՄԷՋ ՉԵՆ»

 

Կ՛ԸՍԷ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՓԱՇԻՆԵԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ այն գիւղերը, որոնք Ատրպէյճանը կը պահանջէ, երբեք չեն եղած Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ:

Փաշինեան, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ Ատրպէյճանը կը շարունակէ տարածքային պահանջներ ներկայացնել Հայաստանին` պահանջելով հայկական կողմէ իրենց վերադարձնել Տաւուշի մարզի չորս գիւղ, ընդգծեց, որ Հայաստանի տարածքին ատրպէյճանական մամուլին կողմէ բարձրաձայնուող գիւղերու անուններով գիւղեր երբեք չեն եղած ոչ միայն խորհրդային ժամանակներուն, այլեւ անկէ յետոյ:

«Կ՛ըսուի, որ Հայաստանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի Տաւուշի մարզի գիւղեր յանձնելու Ատրպէյճանին: Երբեք, որեւէ քննարկման ժամանակ խօսք չէ եղած եւ խօսք չի կրնար ըլլալ Տաւուշի մարզի որեւէ գիւղ յանձնելու մասին», ընդգծեց Փաշինեան:

Նախ, վարչապետը նշեց, որ իր կարծիքով` այդ հարցին շուրջ կայ որոշակի շփոթ, որոշակի թերըմբռնում եւ թիւրըմբռնում` առաջարկելով նախ արձանագրել, թէ ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

«Նախ արձանագրենք, թէ ո՞րն է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որպէսզի այդ արձանագրումէն ելլելով` կարենանք յստակ ձեւակերպել, թէ ո՞ւր, ինչպէ՞ս Ատրպէյճանը ունի տարածքային պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ եւ ո՞ւր է, որ, ըստ էութեան չունի կամ հնարաւոր է` չունի տարածքային պահանջներ Հայաստանի նկատմամբ», նշեց Փաշինեան` ներկաներուն ցոյց տալով Հայաստանի հանրապետութեան տարածքը` քարտէզի վրայ եւ ընդգծելով, որ ներգաւառային եւ ոչ-ներգաւառային գիւղերը, որոնք Ատրպէյճանը կը պահանջէ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ չեն:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԲՐԻՏԱՆԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Next Post

«ԵՐԵՒԱՆ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ԱՒԿՈՒՍԹԻՆ ՀԱՏԵԼԻԽԻ ՀԵՏ

Next Post
«ԵՐԵՒԱՆ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ԱՒԿՈՒՍԹԻՆ ՀԱՏԵԼԻԽԻ ՀԵՏ

«ԵՐԵՒԱՆ» ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՍԻՄՖՈՆԻԿ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՋՈՒԹԱԿԱՀԱՐ ԱՒԿՈՒՍԹԻՆ ՀԱՏԵԼԻԽԻ ՀԵՏ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.