Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՖՐԱՆՍԱ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

March 14, 2024
in Միջազգային
0
ՖՐԱՆՍԱ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

 

Ֆրանսայի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը, 8 Մարտ թուակիր յայտարարութեան միջոցաւ, խոր մտահոգութիւն յայտնեց «ի տես Ատրպէյճանի մէջ ձերբակալութիւններու վերջին ալիքին, որ դարձեալ թիրախ դարձուց հասարակութեան եւ անկախ լրատուական միջոցներու ձայները»: Նախարարութիւնը կոչ կþընէ Ատրպէյճանին` յարգելու հիմնական ազատութիւնները, մասնաւորապէս խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնը` իր միջազգային պարտաւորութիւններուն համաձայն եւ ազատ արձակելու կամայականօրէն ձերբակալուած անձերը:

Պաքու անմիջապէս հակազդեց այս յայտարարութեան: Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութեան հրապարակած պատասխանին մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Կտրականապէս կը մերժենք Ֆրանսայի` Եւրոպայի եւ Արտաքին գործերու նախարարութեան 8 Մարտի յայտարարութիւնը, ըստ որուն` Ատրպէյճանի մէջ վտանգուած են խօսքի եւ մամուլի ազատութիւնները եւ երկրին մէջ կատարուած են անհիմն ձերբակալութիւններ: Այսպիսի անհիմն եւ կողմնակալ յայտարարութիւններ կը համարուին միջամտութիւն Ատրպէյճանի ներքին գործերուն, քննչական գործընթացին եւ դատական համակարգի անկախութեան: Ֆրանսա, որ կոպտօրէն կը խախտէ մարդկային իրաւունքները, կը սպաննէ ցուցարարներ խռովութիւններու ընթացքին, որուն օրէնսդիր կառոյցներուն մէջ արձանագրուած են կաշառակերութեան եւ եղծանման, իսլամատեացութեան եւ իսլամներու դէմ յարձակումներու բազմաթիւ դէպքեր, եւ որ ոչ մէկ քայլի կը ձեռնարկէ մարդկային իրաւանց ոտնահարման դէմ, չունի բարոյական իրաւունքը Ատրպէյճանին դասեր տալու: Անգամ մը եւս կը պահանջենք, որ ֆրանսական կողմը չմիջամտէ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն»:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՎ ՆՇԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԸ

Next Post

ԲՐԻՏԱՆԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Next Post
ԲՐԻՏԱՆԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

ԲՐԻՏԱՆԻԱ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ՌՈՒՍԻՈՅ ՊԱՏԱՍԽԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ԱՋԱԿՑԵԼՈՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.