Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՎ ՆՇԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԸ

March 14, 2024
in Գաղութային, Գլխաւոր Լուրեր
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՐՈՇԵՑԻՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՎ ՆՇԵԼ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 109-ԱՄԵԱԿԸ

 

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 11 Մարտ 2024-ին, Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ:

Խորհրդակցութիւններու առաջին բաժինը կը վերաբերէր Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով ճգնաժամի խորացման երեւոյթներուն եւ ընդհանրապէս երկրին վերաբերող տարբեր բնոյթի դժուարութիւններու յաղթահարման հնարաւոր միջոցներուն մասին:

Ժողովի հիմնական օրակարգը Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման միացեալ ձեռնարկներու կազմակերպման յատկացուած էր:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ընդգծեցին այս առիթով միասնական ներկայանալու անհրաժեշտութիւնը: Աշխատանքները կը ներառեն ներհամայնքային, լիբանանեան թէ համասփիւռքեան ու համահայկական ուղղութիւնները: Անոնք հաստատեցին, որ միացեալ կեցուածքները, դիրքորոշումներն ու քաղաքական նպատակաուղղուած պատգամներ յղելը ներկայ փուլին անպայման կþունենան հեռանկարային իմաստ մեր հետագայ աշխատանքները համակարգելու առումով:

Անհրաժեշտ նկատուեցաւ ուսանողական-երիտասարդական յատուկ ձեռնարկով լիբանանեան հասարակութեան մօտ շարունակուող ցեղասպանութիւններու մասին իրազեկում իրականացնել:

Ժողովը եզրակացուց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի միացեալ ձեռնարկներուն հաղորդել երիտասարդական, ուսանողական, տեղակատուական բովանդակութիւն` քաղաքական այժմէական ուղերձներով, ինչպէս հայկական, այնպէս նաեւ լիբանանեան հանրային կարծիքի ձեւաւորման նպատակով:

Այս հիմնաւորումներով որոշուեցաւ կազմել միացեալ յանձնախումբեր նշուած ոլորտներով:

Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները համոզուած են, որ միացեալ ձեռնարկներով եւ ոգեկոչական արարողութիւններով լիբանանահայ համայնքը հերթական անգամ պիտի յաջողի հունաւորել մեր համազգային պահանջատիրութեան նոր երթը:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԲԱԽՈՒՄԻ ՎՏԱՆԳ

Next Post

ՖՐԱՆՍԱ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Next Post
ՖՐԱՆՍԱ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

ՖՐԱՆՍԱ ԽՈՐԱՊԷՍ ՄՏԱՀՈԳ Է ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑՈՂ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.