Ամերիկեան բանակի աղբիւր մը յայտարարեց, թէ Կազայի հատուածի ծովեզերքին մէջ պիտի հաստատուի նաւամատոյցը առանց գետնի վրայ ամերիկեան ուժերու գոյութեան: Ըստ նոյն աղբիւրին, Կազային օժանդակութիւն հասցնող նաւը արդէն ճամբայ ելած է Միացեալ Նահանգներէն եւ կ’ուղղուի դէպի Միջին Արեւելք: