Կազայի հատուածին մէջ գործող պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւր մը յայտարարեց, թէ ցարդ Կազայի պատերազմին պատճառով զոհուած են 31.184 հոգի, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասաւ 72.889-ի: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին Կազայի մէջ զոհուած են 72 անձ: Զոհերուն 72 առ հարիւրը երեխաներ ու կիներ են: Զոհերուն մէկ մասը տակաւին կը գտնուին փլատակներուն տակ: Իսկ սովի պատճառով ցարդ մեռած են 27 անձ: