Անթալիոյ մէջ կայացած դիւանագիտական համաժողովի շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի պատուիրակութիւններուն միջեւ հանդիպում տեղի չունեցաւ, այն պարագային, երբ երկու պատուիրակութիւններն ալ տարբեր ուղղութիւններով վարեցին բանակցութիւններ այլ գործընկերներու հետ, ուստի այդ ակնյայտ մանրամասնութիւնը նոյնիսկ կը խօսի այն մասին, որ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է խոր ճգնաժամ, ինչին նպաստած են որոշակի գործօններ։
Այս կարծիքը յայտնեց վերլուծաբան Արմէն Պետրոսեանը՝ անդրադառնալով հայ-ռուսական ներկայ յարաբերութիւններուն եւ Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովի ընթացքին Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութեան առ այն, որ Մոսկուան կ՛ակնկալէ Երեւանէն յստակացում տարբեր կառոյցներու մէջ, ներառեալ ՀԱՊԿ-ը, փոխադարձութեան սկզբունքով պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ այդ կառոյցներուն մէջ Հայաստանի հետագայ մասնակցութեան հարցով։
«Անթալիոյ մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի խօսքին մէջ կար յստակ անդրադարձ կովկասեան հարցին եւ յատկապէս Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններու ընդհանուր դրոյթներուն՝ առանձին շեշտադրումներով։ Խօսքը կը վերաբերէր յատկապէս Հայաստանի ու Ռուսաստանի եւ Ռուսաստանի նախաձեռնած համագործակցային տարբեր ձեւաչափերու ծիրին մէջ հետագայ փոխգործակցութեան։ Անդրադարձ կար նաեւ Արեւմուտք-Ռուսաստան դիմակայութեան ծիրին մէջ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին, ինչի առթիւ հնչեցին տարբեր ուղերձներ, որոնք պէտք է դիտարկել երկու մակարդակով։ Առաջինը աւելի շատ քարոզչական հարթութեան վրայ է, որուն նպատակը առկայ լարուածութեան հետ կապուած լայն քաղաքական եւ փորձագիտական բանավէճի հրահրումն է, որպէսզի երկու երկիրներուն մէջ սկսին քննարկումներ, թէ արդեօ՞ք Հայաստանի շահերէն կը բխի ոչ միայն ՀԱՊԿ-ի, այլեւ Ռուսաստանի հետ կապուած բոլոր ձեւաչափերու մէջ Հայաստանի մասնակցութեան վերանայումը», ըսաւ Պետրոսեան։
Անոր դիտարկմամբ՝ երկրորդ մակարդակը բնականաբար Ռուսաստան-Արեւմուտք դիմակայութեան առումով է։ Այն պարագային, երբ Ռուսաստանը գոնէ ուքրանական ճակատին վրայ շարունակական յաջողութիւններ կ՛արձանագրէ եւ նախագահական ընտրութիւններէն առաջ ցոյց կու տայ բազմաշերտ ձեռքբերումներ, յանկարծ անոր թիկունքին ամենահաւատարիմ ու կարեւոր դաշնակիցներէն մէկուն՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ լարուած, ընդ որում՝ կարծես Արեւմուտքը կը յաջողի Ռուսաստան-Հայաստան դաշնակցային յարաբերութիւնները թուլցնելու իր ռազմավարական, քաղաքական ուղեծիրին մէջ։
«Լաւրովի ուղերձին համաձայն՝ Ռուսաստանը այլեւս ձեռքերը ծալած պիտի չսպասէ, որ պաշտօնական Երեւանը անընդհատ քննադատէ Ռուսաստանի հետ կապուած ձեւաչափերուն մէջ համագործակցութիւնը, ռուսական կողմի դերակատարումը եւ Արեւմուտքն ալ անոր հետ կապուած որոշակի յաղթաթուղթեր ստանայ։ Բայց կա նաեւ բովանդակային գործօնը, ինչ որ արդէն կրնայ յստակ ուղերձ պարունակել, որ եթէ պիտի շարունակուի նման վարքագիծը, ապա Ռուսաստանը պատրաստ է ամբողջութեամբ քննարկելու երկկողմ տարաբնոյթ յարաբերութիւններու ձեւաչափերը։ Ռուսական կողմին համար այլեւս անընդունելի է, որ Հայաստանը պոյքոթէ կամ սառեցնէ յարաբերութիւնները՝ վնասելով Ռուսաստանին։ Առաջին ուղղութիւնը ՀԱՊԿ-ի հետ խնդրայարոյց կապերն են, իսկ երկրորդ ուղղութիւնը կ՛ընդգրկէ տնտեսական փոխգործակցութիւնը։ Պէտք է քննարկել յարաբերութիւնները, առաւել եւս, որ որոշակի վերջնագրային ենթագրով ուղերձ կը յղուի Հայաստանին», նշեց վերլուծաբանը։
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ լարուածութիւնը յստակ ինչ վտանգներ կրնայ պարունակել, Պետրոսեան ընդգծեց, որ Հայաստանի վրայ ռուսական կողմէ ճնշում գործադրելու ամենաազդեցիկ գործիքակազմը տնտեսական դաշտին մէջ է։
«Նախապէս եղած անվտանգային գործիքները, ինչպէս օրինակ արցախեան հիմնախնդիրի ծիրին մէջ եւ յատկապէս 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն յետյո Ռուսաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխաւորի դերակատարումը, ինչպէս նաեւ պարտաւորութիւններու ստանձնումը Հայաստան-Ռուսաստան, Հայաստան-ՀԱՊԿ համագործակցութեան տեսքով, այլեւս չեն աշխատիր։ Մնացած է միայն կարեւոր տնտեսական գործիքը, որ պէտք է դիտարկել բաւականին լայն ծիրի մէջ՝ հաշուի առնելով հայ-ռուսական առեւտրաշրջանառութիւնը, Ռուսաստանի մէջ հայկական համայնքին դերակատարումը եւ արտագնայ աշխատանքի մեկնած ՀՀ քաղաքացիներու արտօնութիւններու եւ սեփականութեան պահպանման հարցը։ Ասոնք գործօններ են, որոնք կրնան օգտագործուիլ Ռուսաստանի կողմէ», ըսաւ վերլուծաբանը։
Պետրոսեան չբացառեց, որ ռուսաստանահայերը նոյնիսկ կրնան ներքաշուիլ այդ նպատակով հրահրուած ազգամիջեան բախումներու մէջ, ինչ որ յառաջ պիտի բերէ անվտանգութեան լուրջ խնդիր։ Բացի անկէ, երկկողմ առեւտրաշրջանառութիւնը կրնայ նուազիլ Ռուսաստանի կողմէ տնտեսական յարաբերութիւնները վերանայելու բերումով, ինչ որ լուրջ խնդիրներ պիտի յառաջացնէ արտահանման ու ներկրման առումով։ Այդ պարագային հայ տնտեսվարողները կրնան ունենալ նաեւ շուկայի կորուստ, ինչ որ ուղիղ կերպով պիտի ազդէ Հայաստանի տնտեսութեան վրայ։ Միւսը, ըստ Պետրոսեանի, ուժանիւթի ոլորտն է, ուր Հայաստանը դարձեալ մեծ կախուածութիւն ունի Ռուսաստանէն՝ կապուած կազի մատակարարումներու, աթոմակայանի ու ելեկտրական ցանցերու շահագործման հետ։ Այդ ուղղութիւններով Մոսկուան կրնայ որեւէ պահի ձեռնարկել հակազդող քայլեր։
«Այդուհանդերձ Ռուսաստանի խնդիրը Հայաստանը կորսնցնելը չէ։ Մոսկուայի որեւէ գործողություն պէտք է ենթադրէ Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի միջոցով նաեւ տարածաշրջանին մէջ սեփական ներկայութեան ապահովում։ Եթէ ըլլան պատժամիջոցներ, ապա անոնք պիտի փաթեթաւորուին ոչ թէ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին դէմ, այլ իշխանութիւններուն եւ կառավարութեան վարած քաղաքականութեան դէմ։ Պակաս կարեւոր չէ նաեւ այն թեզը, որ եթէ կ՛ելլենք Հայաստանը ռուսական ուղեծիրին մէջ պահելու ելակէտէն, ապա չի բացառուիր ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ երկկողմ բանակցութիւններու ընթացքին շահեկան առաջարկներու ներկայացումը Հայաստանին, որոնք կրնան ազդել պաշտօնական Երեւանի ներկայիս քաղաքական ուղեգիծին վրայ։ Ճիշդ է, նախապէս ռուսական կողմը որոշ հարցերու մէջ թերացած է, բայցեւայնպէս, դրական օրակարգի ներմուծումը պէտք չէ բացառել։ Սկզբունքային պիտի ըլլայ այն, որ Ռուսաստանը պիտի ձգտի այլեւս թոյլ չտալու լճացած ու խնդրայարոյց իրավիճակի պահպանում», պարզաբանեց վերլուծաբանը։
Պետրոսեանի խօսքով՝ կա՛մ Մոսկուան պիտի երթայ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները վերանայելու ճանապարհով, կա՛մ ալ պիտի փորձէ կեանքի կոչել անոնց կարգաւորման օրակարգը։ Թէ ո՞ր ուղղութեամբ պիտի ընթանան զարգացումները, կախուած պիտի ըլլայ քննարկումներու արդիւնքներէն, որոնց վրայ անշուշտ պիտի ազդեն ինչպէս աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, այնպէս ալ Ռուսաստանի հնարաւորութիւնները, որովհետեւ որեւէ երաշխիքի ետին, ըստ Պետրոսեանի, պէտք է գնահատել իրականացման հնարաւորութիւնը։