Լիբանանի փետրուարեան ցուրտ երեկոներն ու մշակութասէր հանրութեան կարօտալից սրտերը ջերմացնող եւ անցնող տարիներու իրերայաջորդ ցնցումներէն մարդոց փոթորկած հոգիներուն վրայ կենսարար ազդեցութեամբ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «ԱՐԻՆ» պարախումբը բեմ բարձրացաւ 23-25 Փետրուար 2024-ին՝ ներկայացնելով աշակերտական մէկ եւ հանրային երկու ելոյթ: Երեք օր շարունակ «Էմիլ Լահուտ»-ի անուան Համագումարներու պալատին հանդիսատեսներով բերնէ բերան ողողումը հերթական ապացոյցն էր այն համակրանքին, որ պարախումբը կը վայելէ լիբանանահայ եւ ոչ-հայ արուեստասէր հանրութենէն, միաժամանակ բացայայտելով այն զգալի դատարկութիւնը, որ անցնող չորս տարիներուն յառաջացած էր ելոյթներու բացակայութեան պատճառով:
Երբ հնչեց հայոց սարերու անուշ մեղեդին ու բեմի ծանր վարագոյրի ետին պարզուեցաւ հայրենի լեռնաշխարհին մէջ պար բռնած աղջիկներուն ու տղաներուն պատկերը, իսկոյն յստակացաւ, որ «ԱՐԻՆ»-ի փոքրիկները, պատանիներն ու երիտասարդները՝ յանձնառու իրենց ինքնութեան, երբեք չէին զլացած փորձերէն, այլ նոյնիսկ երկրի անկայուն օրերուն իրենց ծնողաց առաջնորդութեամբ հետեւողականօրէն սորված ու կատարելագործած էին իրենց վստահուած պարային պարտականութիւնները, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ պարուսոյց Ժիրօ Քէչէճեանի, որ բեմադրած էր պարերուն մեծամասնութիւնը, միաժամանակ հայ մեծանուն արուեստագէտներու որոշ ստեղծագործութիւններ պատշաճեցնելով «ԱՐԻՆ»-ին, վայելելով զաւկին՝ կրտսերներու պարուսոյց Խաչիկ Քէչէճեանի մնայուն օժանդակութիւնը:
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «ԱՐԻՆ» պարախումբի ծաղկող Նայիրին ապրողները եւ պարողներուն ու վարչութեան ջանքերը իրենց ներկայութեամբ պատուողները գլխաւորեցին Լիբանանի Հայոց թեմի Բարեջան Առաջնորդը, Մխիթարեան հայրերը, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեանը, պետական երեսփոխան Ժան Թալուզեանը, նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային յանձնաժողովի նախագահ տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանն ու անդամները, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ տիար Վիգէն Չերչեանն ու անդամները, լիբանանեան մարզական եւ մշակութային ֆետերասիոններու, մարզական, մշակութային, երիտասարդական, սկաուտական, կրթական եւ լրատուական քոյր կազմակերպութիւններու ատենապետներն ու ներկայացուցիչները: Նայիրեան ծաղկունքի պատգամը պարախումբի վարչութեան խօսքին մէջ հայերէնով եւ արաբերէնով ներկայացուցին Տիկ. Կարինէ Փամպուքեանն ու Տիկ. Արազ Ալոզեանը, որոնք նկարագրեցին նախապատրաստական աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային յանձնաժողովին, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, պարախումբի վարչութեան անդամուհիներուն, հովանաւորներուն, հանդիսատեսներուն, ծնողներուն ու պարողներուն: Որպէս երախտագիտութիւն իր երկար տարիներու անխոնջ ծառայութեան, պարախումբի վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց նախկին ատենապետուհի Տիկ. Անի Պոտրումեանը:
Այսպէս, երկու ժամ շարունակ ծաղկունքի ոգեշնչող պահեր ապրեցաւ հանդիսատեսը, ըմբոշխնելով հայ նրբագեղ աղջիկներուն Էնզելին, Նազ պարն ու «Մախմուր աղջիկ»ը, խրոխտ տղաներուն ոգեւորող Քոչարին ու Եարխուշտան, աշխոյժ պատանիներուն Թամզարան, ծափերն ու թռիչքները, չմոռնալով գետերու այն ափին մնացած Ղարաբաղն ու Ախալցխան, ինչպէս նաեւ մեր բեմերուն շատ հարազատ կատակ պարերը, հասնելով Սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ մեր մշակոյթը զարգացնելու առիթ ընծայած ժողովուրդներուն՝ ներառեալ արաբներուն յատկացուած պարային յարգանքը:
Իսկ երբ միաձուլուեցան գեղարուեստը, քաղցր յուշերն ու անսահման սէրը, «ԱՐԻՆ» պարախումբին ծաղիկները բեմին վրայ դարձան ծաղկեփունջ՝ յանուն խումբի երկարամեայ անդամ՝ վաղամեռիկ Արին Չերչեանի անթառամ յիշատակին: Հրաշագործ Խաչատուր Աւետիսեանի երաժշտութեան իւրաքանչիւր հնչիւնը ներթափանցեց հանդիսատեսներու հոգիներուն խորքը, բանալով պահապան հրեշտակ Արինի երկնային խաղաղութեամբ ծաղկած «ԱՐԻՆ»-ի հայկական բուրումնաւէտ անհուն աշխարհը, ուր մահ ու վերջ չկայ, այլ՝ վերածնունդ, զարգացում, յարատեւութիւն եւ հոգեկան յաւերժութիւն:
ՀԵԸ-ի «ԱՐԻՆ» պարախումբին այս գեղանի ծաղկունքը գուցէ լաւագոյնս արժեւորեց գերաշնորհ Տէր Շահէ Փանոսեան Առաջնորդ Սրբազանը, երբ իր սրտի խօսքին մէջ ողջունեց միջավայրին մէջ ծաղկող ու ծաղկեցնող զաւակները, մաղթելով որ «մարդիկ սթափին, ոտքի կանգնին եւ զաւակներով նոր ճիգ կատարեն, որպէսզի մեր համայնական կեանքը մնայ ծաղկուն»:
«Նայիրեան ծաղկունք»-ի այս տպաւորիչ յաջողութիւնը վերստին փաստեց, որ պարախումբը վերոյիշեալ պատգամը շարունակաբար գործադրող առաջամարտիկ է, միշտ յանձնառու իր հայկական ինքնութեան, պահպանելով ու ծաղկեցնելով հիմնադիրներուն եւ մայր կազմակերպութեան՝ ՀԲԸՄ-ի ժառանգած հարուստ աւանդը: Իրապէս, մեծ բանաստեղծ Համօ Սահեանի բառերով, «ծաղկունքի հեղեղ» էր ՀԵԸ-Ի «ԱՐԻՆ» պարախումբի նայիրեան այս ելոյթը:
ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ