Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԿԻՊՐՈՍԻ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐ.

March 9, 2024
in Միջազգային
0
ԿԻՊՐՈՍԻ ԱԳ ՆԱԽԱՐԱՐ.

«ՊԱՐՏԱՒՈՐ ԵՆՔ ԴԷՄ ԿԱՆԳՆԻԼ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԱՋԱԿՑԻԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ԹԷ՛ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԹԷ՛ ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՏԵՍԱՆԿԻՒՆԷՆ»

Ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուին, ուստի Կիպրոսը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ նիւթական տեսանկիւնէն:

Այս մասին շեշտեց Կիպրոսի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Քոնսթանթինոս Քոմպոսը Երեւանի մէջ Հայաստանի իր գործընկերոջ հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին:

Անդրադառնալով Կովկասեան տարածաշրջանի զարգացումներուն՝ նախարարը յիշեցուց, որ Կիպրոսը առաջին իսկ պահէն իր միանշանակ աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի ժողովուրդին եւ մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Լեռնային Ղարաբաղէն բնակչութեան բռնի տեղահանութեան պատճառով յառաջացած կարիքները հոգալու համար:

«Ոտնձգութիւնը, տեղահանումը, այս բոլորը անհանդուրժելի գործիքներ են միջազգային համայնքներու տեսանկիւնէն: Հարկադրանքը եւ ուժի կիրառումը չեն կրնար երկխօսութեան եւ վէճերու խաղաղ կարգաւորման այլընտրանք ըլլալ: Ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է յարգուին, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան նուիրուածութիւնը մեզի համար կարեւոր սկզբունք է: Մենք՝ որպէս միջազգային համայնք, պարտաւոր ենք դէմ կանգնիլ ոտնձգութեան եւ աջակցիլ Հայաստանին՝ թէ՛ քաղաքական, թէ՛ նիւթական տեսանկիւնէն», ըսաւ նախարարը:

Կիպրոսը կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման բոլոր ջանքերը: Ան վստահեցուց, որ Կիպրոսը կը սատարէ հայ բարեկամներուն այս հարցով:

Անդրադառնալով Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման, Ատրպէյճանի կողմէ տարածաշրջանն ապակայունացնելու փորձերու պայմաններուն մէջ միջազգային հանրութիւնը, այդ շարքին՝ ԵՄ-ն, Կիպրոսը, ի՞նչ ընելիք ունին՝ կանխելու նոր սրացումը՝ Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարարը շեշտեց, որ բոլորը յանձնառութիւն կը կրեն եւ պէտք է կրեն՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան սկզբունքներուն համապատասխան: Այլընտրանք չկայ: 

«Ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը պէտք է յայտարարուի բոլորին կողմէ, պէտք է յամառ եւ հետեւողական ըլլանք այս ուղերձը յառաջ տանելու հարցով», ըսաւ Քոմպոս:

Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարարը կարեւորեց շարունակական ջանքերը հաշուետուողականութեան ուղղութեամբ: Ան կարեւորեց միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը վէճերու խաղաղ հանգուցալուծման վրայ պահելը:

Կիպրոսը կը հետեւի այդ սկզբունքային դիրքորոշման: Նախարարն ընդգծեց, որ Կիպրոսը եւս ոտնձգութեան, անօրինական ներխուժման զոհ է, Յուլիսին կը լրանայ Թուրքիոյ կողմէ ապօրինի ներխուժման 50 տարին: «Այլ լուծում չենք կրնար տեսնել, քան բարձրաձայն կերպով մեր հաւատարմութիւնը յայտնել այն սկզբունքներուն, որոնք պէտք է իշխեն միջազգային հանրութեան մէջ», նշեց ան:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀՀ ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱԾ Է ԼԱՐՍԻ ԱՆՑԱԿԷՏՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԵՌՆԱՏԱՐՆԵՐՈՒ ԵՐԹԵՒԵԿՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԳԻԼԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ ԼՈՒՐԵՐՈՒՆ

Next Post

ՍԽԱԼՈՒՄՆ

Next Post

ՍԽԱԼՈՒՄՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.