(ԸՆԿԵՐՈՒՀԻ ՄԱՔՐՈՒՀԻ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)
Լիալիր կեանքի մը արգասիքին վկաները պիտի դառնանք ահաւասիկ: Հազուադէպօրէն պատահող դէպք մը՝ երբ աւելի քան հարիւրամեայ վաստակեալ մը պիտի տեսնէ այն հունձքը, որուն համար տասնեակ տարիներ հոսեցուցած էր իր քրտինքը, սպառած շունչը, սպիտակեցուցած վարսերը, յոգնեցուցած ջիղերը եւ առատօրէն բաշխած իր թանկագին ժամանակը: Ատոք հասկերը շրջապատելով վաստակեալ Մաքրուհի Խաչատուրեանը, համեստօրէն պիտի խոնարհեցնեն իրենց գլուխները՝ որպէս երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան շառաչուն ապացոյցներ: Այո՛, կեռոնը հալեցաւ, կծկուեցաւ, փոքրացաւ, սակայն լուսաւորեց իր շուրջբոլորը, արշալուսեց մութին մէջ խարխափող շատերը եւ ուղղեց բազմաթիւներու մոլորուն ոտքերը:
Կեանք մը ամբողջ լիաբեռն, որ պարառեց գլխաւորաբար չորս ոլորտներ.- ազգային-հասարակական, մանկավարժական-կրթական, հրապարակագրական եւ ընտանեկան:
Մ. Խաչատուրեանի ազգային-հասարակական կեանքը անմիջականօրէն կապուած է Հնչակեան Կուսակցութեան եւ անոր կանանց շարժումներուն հետ: Իր օճախին շունչը զուտ ազգային գաղափարական էր. տան մթնոլորտը՝ հնչակեանութիւն, հաճընցիութիւն, ՀՄՄ, որովհետեւ կը սերէր Հաճընէն. ան կ’ուռճանար իր հօր՝ Հաճընի հերոս ու մարտիկ Գրիգոր Թաթուլեանի պատկառ հայեացքին տակ: Կուսակցութեան շարքերուն միանալով, անշահախնդրօրէն ծառայեց անոր՝ յատկապէս կանանց բնագաւառէն ներս՝ դառնալով գործօն անդամ Մարօ Նազարբէկեան մասնաճիւղին: Խոհեմ ժողովական, համբերատար ու հետեւողական, զուսպ ու շինիչ՝ եղաւ հեղինակաւոր ներկայութիւն ներկուսակցական կեանքէն ներս: Ունենալով հրապարակային ելոյթներ, տուաւ շահեկան դասախօսութիւններ՝ կանանց, մայրերու, հայրենական թէ մանկավարժական հարցերու շուրջ: Խրախուսողն էր երիտասարդ ուժերու եւ խանդավառ՝ ազգային եւ կուսակցական յաջողութիւններու ի տես: Մնաց հաւատարիմ ու հաւատաւոր ուխտաւոր՝ Սարգիս Տխրունիի բացած ուխտի ճանապարհին: Գաղափարական սայթաքումներէ հեռու՝ միշտ մնաց պատնէշի վրայ՝ վայելելով սէրն ու վստահութիւնը իր բոլոր գաղափարակիցներուն, երիտասարդ ընկերուհիներուն, կուսակիցներու թէ համակիրներու:
Վաստակեալ մանկավարժ մը բառիս ամբողջական ու լիարժէք իմաստով: Մանկավարժական ասպարէզը ի վերուստ ընծայուած կոչում եղաւ իրեն համար թէ՛ որպէս ուսուցչուհի, թէ՛ որպէս տնօրէնուհի եւ թէ՛ որպէս դաստիարակ՝ քանզի միշտ ուղեցոյց հանդիսացաւ իր աշակերտներուն, ընթացաւարտ սաներուն, իր շունչով հասակ նետած սերունդներուն: Սիրտը բաց ու իր տան դուռը բաց՝ չզլացաւ իր յորդորները, մայրական խրատները: Տարիներու երկայնքին, Ազգային Ռուբինեան վարժարանին հոգին էր կարծէք՝ իր աղապատանքով լեցուն գորովով, գուրգուրալից վարմունքով, բարեհամբոյր մօտեցումով: Շատերու սիրել տուաւ հայոց լեզուն: Շատերս, երեխայական ապշանքով, կը զարմանայինք, թէ ինչպէս հայոց լեզուի հոմանիշները կը թուէր հատիկ-հատիկ եւ այդ մասին օր մը երբ արտայայտուեցանք ու հարց տուինք՝ ծիծաղեցաւ լիաթոք: Միով բանիւ՝ տիպար դաստիարակ մը՝ սերունդներու կերտիչ:
Մ. Խաչատուրեան հանդէս կու գար նաեւ մամուլով, թէեւ ոչ յաճախ: Գողտրիկ գրութիւններ, ապրումներ, գրական ակնարկներ, թղթակցութիւններ, յուշեր կ՛ըլլային անոնք սովորաբար: Ընթերցասէր ըլլալով՝ ուշիմ եւ մնայուն հետեւող էր մամուլին: Իր ստորագրութիւնները երեւցան «Արարատ», «Նայիրի», «Ծաղիկ», «Զարթօնք» թերթերուն մէջ: Եւ բարեբախտաբար, անոնցմէ հետաքրքրական փունջ մը լոյսին եկաւ մէկ կողքի տակ, 2018 թուականին, «Կեանքիս առաքելութիւնը ծիածանի գոյներով» խորագիրին տակ, որուն էջ 89-ին մէջ կը կարդանք՝ «Մարդը ոգեւորող գերագոյն ուժն է սէրը. առանց սիրոյ զգացումի չենք կրնար տեսնել կեանքին գեղեցկութիւնը, բնութիւնը եւ մենք մեզ:
Առանց սիրոյ ու անոր ընկերացող երգին՝ վիշտը կ՛աւերէ աշխարհը:
Սէրը բալասանն է մեր հոգեկան տագնապներուն. անոր չգոյութիւնը մարդը կը դարձնէ գազան իր նմանին հանդէպ»:
Հրապարակագրութեան մէջ անոր լեզուն եղաւ վճիտ, ոճը պարզ, ընթերցողին հասկնալի եւ նիւթերը կեանքէն քաղուած:
Եւ վերջապէս, հասարակական բեղուն եւ հեւիհեւ կեանքին առընթեր, եղաւ տոհմիկ ընտանիքի մայր, նուիրեալ մեծ մայր եւ անձնդիր կողակից: Իր հարազատներուն համար՝ բեկոր մը անաղարտ՝ աւանդական ու նահապետական գերդաստանէ սերած: Անհետացած սերունդի մը վերջին մոհիկանը՝ որուն ներկայութիւնն իսկ բաւարար է պատկառելու իր մեծղի վաստակին դիմաց:
Այսօր հանդիսաւորապէս պիտի մեծարուի ընկերուհի Մաքրուհի Խաչատուրեանը: Արժան եւ իրաւ պիտի ըսենք անկասկած: Աւելին՝ լիասիրտօրէն պիտի ողջունենք իր աւելի քան մէկդարեայ կեանքը՝ որ եղաւ համակ նուիրում ե՛ւ որպէս հնչակեան, ե՛ւ որպէս Մեսրոպ Մաշտոցի զինուորագրեալ ե՛ւ որպէս տիպար տիկին ու մայր:
Բի՜ւր շնորհակալութիւններ:
Վարձքդ կատա՛ր՝ ալեփառ Վաստակեալ:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ