ԿԱՆԱՆՑ ՏՕՆՆ Է ՓԱՌԱՒՈՐ
Կանանց համար, ընդհանրացած է ըսել՝ գեղեցիկ սեռ, անշուշտ նկատի ունենալով արտաքին կողմը անոնց: Եկէք խորանանք քիչ մը եւ նայինք երեւոյթին՝ իր ամբողջական կողմերով: Աւելի պատշաճ պիտի չըլլա՞ր ըսել՝ առաքինի սեռ:
Կանանց միջազգային տօնը, կը դրդէ մեզ, լուսարձակի տակ առնելու ընկերութեան այն շերտը, որ մօտիկ անցեալին, համարեա լուսանցքայնացած էր մարդկանց կողմէ: Դարեր տեւած արհամարհանքի եւ վիրաւորանքի մռայլ յիշողութիւններ կուտակուած էին կանանց հանդէպ: Բացայայտօրէն, անարդարութեան զոհասեղանին դրուած էր կինը հանրութեան կողմէ՝ կողմնակալօրէն մղուելով մեկուսացման եւ անտեսման: Երկար, շա՜տ երկար ժամանակ պահանջեց, կանանց տալու այն դիրքը, որուն արժանի ու վայել է ինք, այն ալ ոչ ամէն տեղ:
Դեռեւս Ադամ-Եւայի դրուագէն կը սկսի կանանց դէմ խօլ վերաբերմունքը: Եւան յետին թիրախն է անտարակոյս: Խաւարամտութիւնն ու քարացած մտածողութիւնը ինչպիսի՜ բանդագուշակութիւններ յօրինած են կանանց հասցէին: Նախապաշարումներու թանձր ամպերը մթագնած են անաչառ եւ արդարամէտ միտքերը: Կարծրատիպեր կանանց վերապահած են որդեծնութեան եւ առտնին պարտականութիւնները լոկ: Շատ յաճախ, վաւաշոտ աչքերու համար ցանկութեան խայծեր եղած են սոսկ: Կինը ընկճուած է հոգեբանական եւ բարոյական անտեսանելի կապանքներու տակ՝ դատապարտուելով մնալու մունջ, ենթակայ, անտրտունջ եւ հլու-հնազանդ այր մարդու հրահանգներուն եւ քմայքին. վերադասը Ադամն էր որովհետեւ, իսկ Եւան՝ կողը անոր: Ահա անփոփոխելի խստադատ վճիռ մը՝ դարերէ կտակուած:
Սակայն, իմաստուն միտքեր եւ ժողովուրդներ, բարձր դիրքերու վրայ տեսած են կինը: Հեթանոսական շրջանին, չաստուածներու աստղաբոյլ մը կազմած են կիները: Հայոց դիցարանին Անահիտ, Աստղիկ եւ Նանէ դիքերու առկայութիւնը կ՛ապացուցէ, թէ կիներ արժանացած են պատուանդաններու եւ մեհեաններու: Մայրութեան, սիրոյ, պտղաբերութեան, գեղեցկութեան, գթառատութեան, զգաստութեան, իմաստութեան եւ հնարագիտութեան շնորհներով օժտած են իգական սեռը: Ինչպէ՞ս եղաւ, որ անցեալին, պաշտամունքի եւ պատրուճակներու արժանի էին անոնք եւ հետագային ստորադասուեցան այրերու կողմէ: Չմոռնանք, որ մարդկութեան պատմութիւնը սկսած է մայրիշխանութեամբ, գեղեցիկ սեռին տիրակալութեամբ եւ ապա հայրիշխանութիւնն է որ գրաւած է անոր տեղը: Եթէ մարմնական ուժին առաւելութիւնն է պատրուակը եւ կամ այր մարդուն ջլապինդ դնդերները, չմոռնանք որ հին յոյներ ունէին ամազոնուհիներու դասակարգը, որ ռազմադաշտին վրայ բնաւ չէր զիջեր տղամարդու կառուցուածքէն եւ խիզախութենէն: Իսկ եթէ քաղաքագիտութեան եւ հնարամտութեան շուրջ պատճառաբանեն մարդիկը, յոյն ծագումով Կղէոպատրա թագուհիին օրինակը կը բաւէ փաստելու, թէ հմայիչ ու խելացի կինը կրնայ կայսրեր ու թագաւորներ խառնել զիրար, փոխել պատմութեան հունն ու կարգերը: Ահա թէ ինչու գեղեցիկ սեռ արտայայտութեան պէտք է աւելցնել առաքինի սեռ եզրոյթը:
Առաքինութեան ստորոգելիին առաւել իմաստ կու տայ յատկապէս այն հանգամանքը, որ կինը առանցքն է ժողովուրդի մը կամ երկրի մը, որովհետեւ կինը մայր է նաեւ: Եթէ ընտանիքը կորիզն է ժողովուրդին, ապա մայրը՝ ընտանիքին կորիզը: Ի՛նչպիսի մայր՝ ա՛յդպիսի ընտանիք եւ ի՛նչպիսի ընտանիք՝ ա՛յդպիսի ժողովուրդ: Այս երեք օղակները անտրոհելի են իրարմէ, ոսկեհիւս շղթայ մը անքակտելի: Իսկ գերագոյն առաքինութիւնը կը կայանայ պատերազմներուն ծանր ու դաժան բեռը իր ուսերուն կրելուն մէջ, քանի մայրն է զինուոր պատրաստողը, կինն է ամուսնին ճակատ ղրկողը, կինն է որբեւայրի մնացողը, մայրն է նահատակեալներուն մռմուռով ու մորմոքով տառապողը, կինն է որբացած տան յենակը, կինն է գերեզմաններուն ծաղիկ բերողը եւ մայրն է յաջորդ սերունդը կերտողն ու կոփողը: Հետեւաբար, կնկան վրայ է երկրի մը պաշտպանութեան եւ վերականգնումին ողջ պատասխանատուութիւնը:
Այսօր, կանանց միջազգային տօնը կը նշուի անկաշկանդօրէն: Բայց, այս երանելի օրուան հասնելու համար, անցեալին տեղի ունեցած են բուռն պայքարներ, բանավէճեր, քննարկումներ, թեր ու դէմ կարծիքներ: Կանանց հաւասարութիւնը հեշտութեամբ չիրականացաւ: Կանանց ազատութեան հարցը իգապաշտպան (ֆեմինիզմ) ծաւալուն շարժումի մը կայծը տուաւ: Տակաւին կարգ մը շրջանակներ, կրօնքներ, խաւարամէտ երկիրներ համոզուած չեն կիներու ազատութեան: Այրեր իրենց մահակները հեշտութեամբ չեն ուզեր զիջիլ պնդաճակատօրէն:
Ընկերվարական, յառաջդիմական, ազատախոհական, յեղափոխական ուժեր մանաւանդ, առաջին դրօշակակիրները հանդիսացան կանանց հաւասարութեան: Անոնք կանանց մէջ տեսան անսպառ եւ յուսալի ներուժ մը կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս՝ դաստիարակչական, գիտական, ռազմական, ընկերային, մշակութային, քաղաքական, դիւանագիտական, տնտեսական, մարզական եւ այլն: Կինը ոչ մէկ բանով ետ կը մնայ այրէն.- ա՛յս էր սոցիալիստական հոսանքներուն համոզմունքը: Կեանքը ցոյց տուաւ, որ իրաւացի էին անոնք:
Ս. Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան համար, առաջին օրէն, կինը գրաւած էր իր պատուոյ պատուանդանը: Իգական սեռի հնչակեան ներկայացուցիչները բարձրաճակատ կատարեցին իրենց պարտքն ու պարտականութիւնը յանուն ազգին ու գաղափարին: Յարգանքի արժանի անուններ են անոնք՝ Մարօ Նազարբէկեան, հերոսուհի Շաքէ, Շուշանիկ Կուրղինեան, Մառի Պէյլէրեան, Նուարդ Ասպետ, Ֆլորա Վարդանեան, Նունիկ Տէր Ղեւոնդեան, Հայկուհի Պօյաճեան, Ակիւլինէ Մուրատ եւ ուրիշներ: Փա՛ռք անոնց անմեռ յիշատակին:
Կանանց տօնն է այսօր փառաւոր: Ողջո՜յն Մարտ 8-ի այս արեւոտ ու պանծալի օրուան: