Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԻՋԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

March 8, 2024
in Հայաստան
0
ՅԱՌԱՋԻԿԱՅԻՆ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵԳԻՊՏՈՍ ՄԻՋԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻ ՆԻՍՏ

 

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութիւն պաշտօնական այցին ընթացքին, Նոր վարչական քաղաքին մէջ կայացած է վարչապետ Փաշինեանի հանդիպումը Եգիպտոսի վարչապետ Մուսթաֆա Մատպուլիի հետ:

Մուսթաֆա Մատպուլին ողջունած է վարչապետին այցը նոր կառուցուող վարչական քաղաք եւ ընդգծած է Հայաստան-Եգիպտոս բազմոլորտ համագործակցութեան կարեւորությունը:

Մուսթաֆա Մատպուլին նշած է ՀՀ վարչապետին արդիւնաւէտ հանդիպումները երկրի նախագահին, գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն հետ` տնտեսական կապերու ամրապնդման ու յառաջմղման նպատակով: Միաժամանակ, ան շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան` Եգիպտոս-ԵԱՏՄ համագործակցութեան զարգացման նպաստելու գործին մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալությեան համար եւ յաւելած, որ Եգիպտոսի նախագահին հետ ունեցած են արդիւնաւէտ քննարկումներ:

ՀՀ վարչապետը յոյս յայտնած է, որ իր պաշտօնական այցի արդիւնքներով երկկողմ գերազանց քաղաքական յարաբերութիւններուն զուգահեռ պիտի խորանայ նաեւ տնտեսական փոխգործակցութիւնը: Այս առումով, վարչապետը կարեւորած է նաեւ գործարարներուն հետ ունեցած հանդիպումը:

Միաժամանակ, ընդգծուած է յառաջիկային Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական համագործակցութեան յանձնաժողովի նիստին ու անոր զուգահեռ գործարար համաժողովին կայացումը, որուն ընթացքում պիտի ներկայացուին նաեւ ներդրումային տարբեր առաջարկութիւններ: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է նաեւ Եգիպտոսի աջակցութիւնը լոկիսթիք հարցերու մէջ` Հայաստանէն Կազա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու հարցով:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են առեւտրաշրջանառութեան ընդլայնման, ներդրումային ծրագրերու իրականացման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Եգիպտոսի նոր վարչական քաղաքի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Ակադեմական քաղաքի շինարարական գործընթացին վերաբերեալ:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է Հայաստան-Եգիպտոս միջկառավարական յանձնաժողովի նիստ եւ գործարար համաժողովը կայացնել յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին:

Share61Tweet38
Previous Post

ՊԵՌԼԻՆԻ ՄԷՋ «ԱՐՑԱԽԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆԸ» ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ ԿԸ ՉԵՂԱՐԿՈՒԻ՝ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ՃՆՇՈՒՄԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Next Post

ՎԱՍՏԱԿԵԱԼԸ 

Next Post
ՎԱՍՏԱԿԵԱԼԸ 

ՎԱՍՏԱԿԵԱԼԸ 

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.