Հայաստանի վարչապետն ու Եգիպտոսի նախագահը, հանդիպման ընթացքին, պայմանաւորուած Հարաւային Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած լարուածութեամբ ու ծաւալող գործընթացներով, անդրադարձած են անվտանգային, քաղաքական եւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերու, ինչպէս նաեւ, համապատասխանաբար, Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած Հայաստանի եւ Եգիպտոսի ջանքերուն։
«Կարեւորելով Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած միջազգային գործընկերներու աջակցութիւնը՝ նախագահ Սիսիին յայտնած եմ Հայաստանի բարձր գնահատանքը այդ հարցին մէջ Եգիպտոսի որդեգրած հաւասարակշռուած եւ կառուցողական դիրքորոշման համար:
«Գործընկերոջս ներկայացուցած եմ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու վերջին զարգացումները՝ վերահաստատելով Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը՝ կարգաւորելու յարաբերութիւնները՝ հիմք ընդունելով երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը եւ սահմանազատման գործընթացի իրականացումը՝ համաձայն 1991-ի Ալմա-աթայի հռչակագրին։ Հարաւային Կովկասի եւ աւելի լայն տարածաշրջանի կայունութեան համար առանցքային է նաեւ տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը՝ պետութիւններու ինքնիշխանութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը յարգելու եւ փոխադարձութեան, հաւասարութեան սկզբունքներու հիման վրայ։ Այս առնչութեամբ մենք մշակած եւ ներկայացուցած ենք «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, որուն կեանքի կոչումը կրնայ լիովին փոխել իրավիճակը տարածաշրջանին մէջ եւ փոխշահաւէտ համագործակցութիւն հաստատել՝ կապելով Արեւելքը Արեւմուտքին եւ Հիւսիսը Հարաւին», յայտնած է Հայաստանի վարչապետը:
Ան երախտագիտութիւն յայտնած է Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիին` Եգիպտոս պաշտօնական այց կատարելու հրաւէրին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի պատուիրակութեան ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան համար։
«Եգիպտոսը Միջին Արեւելքի մէջ Հայաստանի առանցքային գործընկերներէն է, եւ ես բարձր կը գնահատեմ հանդիպման այս հնարաւորութիւնը: Մեր երկիրներու բարձրագոյն քաղաքական ղեկավարութեան միջեւ շփումներու պարբերականութիւնը, փոխշահաւէտ բազմոլորտ համագործակցութիւնը ոչ միայն վկայութիւնն են մեր երկիրներուն միջեւ ջերմ յարաբերութիւններուն, այլեւ ապագային ուղղուած համատեղ տեսլականի մասին կը վկայեն», յայտարարութեան ժամանակ նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:
Հայաստանի վարչապետը նաեւ իր ցաւակցութիւնը յայտնած է Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւններու սրման հետեւանքով տասնեակ հազարաւոր անմեղ զոհերուն առնչութեամբ:
«Մենք վերապրած ենք քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու նկատմամբ յարձակումներու արհաւիրքը եւ կը միանանք Կազայի մէջ անյապաղ զինադադար հաստատելու միջազգային հանրութեան կոչերուն: Այս հարցով բարձր կը գնահատենք Եգիպտոսի կողմէ իրականացուող քայլերը՝ մարդասիրական օգնութեան անխափան մուտքը Կազա ապահովելու, վիրաւոր պաղեստինցիները ընդունելու եւ օտարերկրացիները տարհանելու հարցերով։ Մենք նաեւ քննարկեցինք եւ Եգիպտոսի մեր գործընկերներու աջակցութեան ու խորհրդատուութեան կարիքը ունինք` մեր կողմէ մարդասիրական օգնութիւն Կազա հասցնելու հետ կապուած, եւ շնորհակալութիւն նախագահ Սիիսին` այս հարցով օգնութեան պատրաստակամութեան համար: Արտաքին գործերու նախարարները այս հարցով պիտի զբաղին: Ինչ կը վերաբերի պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան, ապա Հայաստանը մշտապէս աջակցած է միջազգային հանրութեան կողմէ որդեգրած «երկու պետութիւններու» սկզբունքին։
Գոհունակութեամբ կ՛ուզեմ նշել, որ այսօր Հայաստանը եւ Եգիպտոսը արդիւնաւէտ կը համագործակցին քաղաքական, տնտեսական, գիտական, բարձր արհեստագիտութիւններու, կրթական, մշակութային, զբօսաշրջային եւ այլ բնագաւառներու մէջ: Արդիւնաւէտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է նաեւ շարք մը բազմակողմ հարթակներու մէջ։ Եգիպտոսը մեզի համար վստահելի գործընկեր է նաեւ իսլամական աշխարհին հետ մեր յարաբերութիւններուն եւ երկխօսութեան մէջ:
Չեմ կրնար չնշել, որ Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ առանձնայատուկ դերակատարութիւն ունի եգիպտահայ համայնքը, որ դարեր շարունակ իր նպաստը կը բերէ ինչպէս Եգիպտոսի զարգացման, այնպէս ալ՝ այսօր մեր երկիրներուն միջեւ կապերու ամրապնդման։ Այս առնչութեամբ յատուկ շնորհակալութիւն պէտք է յայտնեմ այն հոգատարութեան համար, որ պետական մակարդակով մշտապէս վայելած են ու կը շարունակեն վայելել Եգիպտոսի մէջ բնակող մեր հայրենակիցները», ընդգծած է վարչապետը:
Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Եգիպտոսի նախագահին՝ Հայաստան կատարած այցէն յետոյ նկատելի դարձած է Հայաստանի նկատմամբ եգիպտացի ներդրողներուն հետաքրքրութեան աճը. եգիպտական յայտնի ընկերութիւններու ղեկավարներ ու ներկայացուցիչներ այցելած են Հայաստան՝ ներդրումային հնարաւորութիւններուն ծանօթանալու նպատակով.
«Յոյսով եմ, որ այս այցի շրջանակին մէջ եգիպտացի գործարարներու հետ կայանալիք հանդիպման եւս յաւելեալ խթան պիտի հաղորդենք տնտեսական յարաբերութիւններուն:
Ներկայիս առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ կ՛իրականացուին գործնական քայլեր։ Ընթացիկ տարուան մէջ կը նախատեսուի կայացնել Հայաuտանի եւ Եգիպտոuի միջեւ միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի հերթական նիստը, որու ծիրին մէջ պիտի գումարուի նաեւ գործարար համաժողով։ Տարուան ընթացքին կ՛ակնկալուի եւս երկու ոլորտային գործարար համաժողովներ։ Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի խրախուսէ հայաստանցի գործարարները՝ մասնակցելու Գահիրէի մէջ կայանալիք նշեալ համաժողովներուն։
Երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ յարաշարժ զարգացում կ՛ապրի զբօսաշրջութիւնը։ Մեր քաղաքացիներուն համար Եգիպտոսը տարիներ շարունակ կը հանդիսանայ հանգիստի նախընտրելի ուղղութիւններէն մէկը, եւ տարուէ-տարի մեր զբօսաշրջիկներուն թիւը զգալիօրէն կ՛աճի»:
Ամփոփելով խօսքը՝ ՀՀ վարչապետը կրկին ընդգծած է վերջին երկու տարիներուն բարձրաստիճան փոխայցելութիւններու նշանակութիւնը՝ երկու պետութիւններուն մաղթելով ամուր փոխյարաբերութիւններ եւ նոր ձեռքբերումներ համատեղ աշխատանքի մէջ՝ յանուն մեր ժողովուրդներու բարօրութեան։