Կազայի մէջ գործող պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 7 Հոկտեմբեր 2023-ին սկսած Կազայի պատերազմին զոհերու թիւը հասաւ 30.631-ի, իսկ վիրաւորներուն թիւը՝ 72.043-ի: Վերջին ժամերուն Իսրայէլ գործադրեց 10 սպանդ, որուն զոհ գացին 97 հոգի ու վիրաւորուեցան 123 անձեր: