Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի Հայրենադարձութեան եւ համարկման կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է «Աշխատանքի հնարաւորութիւնները Հայաստանի մէջ» խորագրով տեղեկատուական հանդիպում, որուն մասնակցած են հայրենադարձներ ԱՄՆ-էն, Գանատայէն, Գերմանիայէն, Լեհաստանէն, Ռուսաստանէն, Իրանէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ այլ երկիրներէ։
Միջոցառման ընթացքին բացման խօսքով հանդէս եկած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի հայրենադարձութեան հարցերով պատասխանատու Յովհաննէս Ալեքսանեանը՝ ընդգծելով, որ նախաձեռնութեան նպատակն է հայրենադարձներուն ներկայացնել պետական աջակցութեան ծրագրերը եւ Հայաստանի աշխատաշուկային մէջ մասնաւոր ոլորտի հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ նպաստել հայրենադարձներու եւ հաւանական գործատուներու միջեւ կապի ստեղծման։
Միջոցառման ընթացքին պետական աջակցութեան ծրագրերը ներկայացուցած են ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան միասնական ընկերային ծառայութեան գործատուներու հետ համագործակցութեան եւ աշխատանքային գաղթի բաժնի պետ Հրայր Յակոբեանը, ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան նորարարութեան եւ ձեռնարկատիրութեան ազգային կեդրոնի ներկայացուցիչ Մարինա Եսայեանը եւ ՀՀ բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Մոնիքա Մաթեւոսեանը։
Ներկաները ծանօթացած են նաեւ «staff.am» եւ «job.am» աշխատանքի որոնման առցանց հարթակներու հնարաւորութիւններուն։
Հանդիպման մասնակից «job.am» աշխատանքի որոնման հարթակի հիմնադիր Լեւոն Նալպանտեանի կարծիքով նման ձեւաչափի հանդիպումները կարեւոր են հայրենադարձներու համար եւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն ծանօթանալու հայաստանեան աշխատաշուկայի բոլոր նրբութիւններուն։ Ըստ անոր՝ հայրենադարձներու տարբեր մասնագիտական խումբեր պահանջուած են այսօրուան հայաստանեան աշխատաշուկային մէջ։
«Հայրենադարձները հեշտութեամբ կրնան համարկուիլ հայաստանեան աշխատաշուկային մէջ։ Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս այն մասնագէտներուն, որոնք կ՛աշխատին տեղակատուական արհեստագիտութիւններու, շուկայագիտութեան եւ յարակից ոլորտներու մէջ։ Ֆինանսադրամատնային ոլորտի աշխատողները գուցէ որոշ դժուարութիւններու հանդիպին՝ կապուած լեզուական եւ այլ հարցերու հետ, բայց այդ եւս յաղթահարելի է», նշած է Լեւոն Նալպանտեանը, որ տարիներ առաջ Հայաստան վերադարձած է ԱՄՆ-էն։
Հանդիպման աւարտին մասնակիցները հնարաւորութիւն ստացած են նաեւ իրենց CV-ները ներկայացնել գործատուներուն եւ ունենալ նախնական հարցազրոյցներ։