Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

March 7, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

 

Երեւանի մէջ, 5 Մարտին, տեղի ունեցաւ «Հայաստանի դրամագլուխի շուկաները. ապագայի հեռանկարներ» անդրանիկ ֆինանսա-ներդրումային համաժողովը, որ համատեղ կազմակերպած էին ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութիւնը եւ Freedom Broker Armenia ընկերութիւնը:

Ֆինանսական ոլորտին աւելի կարեւոր հարցերու, ներդրումային շուկայի զարգացման եւ համապատասխան միջավայրի ձեւաւորման վերաբերեալ իրենց տեսակէտը ներկայացուցին ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան, Կեդրոնական դրամատան, Ելեւմուտքի նախարարութեան, առաջատար դրամատուներու, հայկական եւ միջազգային խոշոր ընկերութիւններու եւ ներդրումային հիմնադրամներու մասնագէտները:

Համաժողովի առեւտրային ծրագրի շրջանակներուն մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ֆինանսական ոլորտի զարգացման առանցքային դրոյթներուն եւ հեռանկարներուն։ «Ներդրումային միջավայրը Հայաստանի մէջ եւ դրամագլուխի շուկայի զարգացման հեռանկարները» թեմայով լիագումար նիստի ընթացքին քննարկում ծաւալեցաւ արտասահմանեան ներդրողներու համար Հայաստանի հնարաւորութիւններուն, ֆինանսական շուկայի ենթակառուցուածքներուն, դրամագլուխի շուկային մէջ տիրող իրավիճակին, պետական պարտքի պահանջարկի խթանման տարբերակներուն վերաբերեալ։

Քննարկումների շրջանակներուն մէջ խօսուեցաւ ներքին ներդրողներու զարգացման եւ դրամագլուխի շուկային մէջ ընկերութիւններու ներգրաւման մասին: Առանցքային էր Freedom Holding Corp.-ի վերլուծաբաններուն՝ «Հայաստանը ֆոնտային շուկաներու համաշխարհային քարտէզին» համապարփակ ուսումնասիրութեան շնորհահանդէսը:

Համաժողովի առանցքային բանախօսներէն էր արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ համաշխարհային ճանաչում ունեցող ձեռներէց Դաւիթ Եանը՝ ABBYY ընկերութիւններու խումբի հիմնադիրն ու խորհուրդի անդամը: Եանը, որ նաեւ բնագիտաթուաբանական գիտութիւններու թեկնածու եւ գիտութեան ու գիտարուեստական բնագաւառին մէջ Ռուսաստանի կառավարութեան մրցանակի դափնեկիր է, ներկայացուց Հայաստանի ֆինանսական հատուածի զարգացման գործին մէջ արհեստագիտութիւններու դերի վերաբերեալ մտայղացումներն ու պատկերացումները։

Համաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ «Թուայնացումը՝ որպէս ֆինանսական արդիւնաբերութեան զարգացման առանցքային գործօն» թեմայով աշխատանքային նիստ, որմէ յետոյ մասնակիցները կարծիքներ փոխանակեցին զիրենք յուզող հարցերու վերաբերեալ:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

Next Post

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Next Post
ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՆԵՐԸ ԾԱՆՕԹԱՑԱԾ ԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ՀՆԱՐԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.