Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

March 7, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԱՏԱԽԱԶՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԽՈՐԱՑՆԵՆ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ

 

Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեանը եռօրեայ աշխատանքային այցով հոլանտա կը գտնուի:

Այցի շրջանակին մէջ Աննա Վարդապետեանը հանդիպած Հոլանտայի գլխաւոր դատախազ Սիու Փրինենին (Գլխաւոր դատախազներու խորհուրդի անդամ):

Հանդիպման մասնակցած է նաեւ Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վիքթոր Պիյակովը:

ՀՀ գլխաւոր դատախազը շնորհակալութիւն յայտնած է գործընկերոջ՝ հանդիպման պատրաստակամութեան համար եւ վստահութիւն յայտնած, որ հանդիպումը որակապէս նոր փուլ պիտի տեղափոխէ երկու երկիրներու դատախազութիւններուն միջեւ առկայ համագործակցութիւնը։

Գլխաւոր դատախազներու զրոյցի ընթացքին, ի թիւս այլնի, անդրադարձ կատարուած է քրէական գործերով համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման, փոխգործակցութեան շրջանակին մէջ շարունակական վերապատրաստումներու միջոցով դատախազներու մասնագիտական կարողութիւններու զարգացման անհրաժեշտութեան:

Այս ծիրին մէջ, Աննա Վարդապետեանը կարեւորած է Հայաստանի մէջ Հոլանտայի դեսպանութեան աջակցութեամբ իրականացուող ծրագիրը՝ ուղղուած Հայաստանի բոլոր դատախազներու հաղորդակցման հմտութիւններու արդիւնաւէտութեան բարձրացման ու զարգացման։

ՀՀ գլխաւոր դատախազը գործընկերոջ հետ զրոյցին անդրադարձած է Երեւանի մէջ նախորդ տարի կայացած՝ Դատախազութեան հիմնադրման 105-ամեակին  նուիրուած խորհրդաժողովի արդիւնքներուն եւ տեղեկացուցած է, որ այս տարուան Ապրիլին կրկին Եւրոպայի խորհուրդին աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բարձրաստիճան խորհրդաժողով՝ Եւրոպայի խորհուրդի եւ անդամ պետութիւններու բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մասնակցութեամբ:

Խորհրդաժողովին նպատակն է համախմբել Եւրոպայի խորհուրդի անդամ շարք մը երկիրներու բարձրաստիճան դատախազները եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները՝ քննարկելու այն մարտահրաւէրներն ու հեռանկարները, որոնք առկայ են ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման ոլորտին մէջ:

Միջազգային գործընկեր կառոյցներու հետ համագործակցութեան հարցերուն անդրադառնալով՝ Աննա Վարդապետեանը կարեւորած է 2024 թուականին նախատեսուող՝ Հայաստանի եւ Եւրաճասթի միջեւ քրէական գործերով դատական համագործակցութեան մասին համաձայնագրի կնքումը եւ առանձնացուցած է շաբաթներ առաջ արձանագրուած ձեռքբերումը՝ ՀՀ Գլխաւոր դատախազութեան ընդգրկումը Շրջակայ միջավայրի գործերով դատախազներու եւրոպական ցանցին մէջ (ENPE)՝ որպէս դիտորդ:

Սիու Փրինենի հետ զրոյցին ՀՀ գլխաւոր դատախազը ներկայացուցած է նաեւ Դատախազութեան առաջնահերթութիւնները՝ ուղղուած դրամներու լուացման, ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման, փտածութեան, թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան եւ կիպերյանցագործութիւններու դէմ պայքարին:

Հոլանտայի գլխաւոր դատախազը Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազութեան հետ համագործակցութիւնը խորացնելու պատրաստակամութիւն յայտնած է եւ անդրադարձած է երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու:

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՑԱԽԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԸ ԱՊՕՐԻՆԻ

Next Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Next Post
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴՐԱՄԱԳԼՈՒԽԻ ՇՈՒԿԱՆԵՐՈՒՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒԵՑԱՆ ՈԼՈՐՏԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.