Թուրքիոյ նախկին վարչապետ, նախկին արտաքին գործերու նախարար ու Հանրապետական կուսակցութեան նախկին նախագահ Հիքմէթ Չեթին յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ իշախնութիւնները պէտք է ժողովուրդին ներկայացնէին 1915-ի եւ Տերսիմի դէպքերը ու ներողութիւն խնդրէին անոնց համար: Ան նշեց, որ երբ ինք արտաքին գործերու նախարար էր, Թուրքիա դարձաւ առաջին պետութիւններէն, որոնք ընդունեցին Հայաստանի անկախութիւնը 1991 թուականին: