Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, թէ Հայաստան միշտ կողմնակից եղած է երկու պետութեան սկզբունքին Պաղեստինի տագնապը լուծելու համար: Ան աւելցուց, որ Հայաստանը մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի ուղարկէ Կազայի գաղթականներուն: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց Եգիպտոսի նախագահ Սիսիի հետ կատարած երկխօսութենէն ետք: Փաշինեան կոչ ուղղեց զինադադար յայտարարելու, բնակչութիւնը զերծ պահելու համար ամէն տառապանքէ: Վարչապետը յայտարարեց, թէ Եգիպտոսի հետ պիտի համակարգէ օժանդակութիւնը Կազա հասցնելու քայլերը: