ՀԱՐԱՒԱՓՐԻԿԵՑԻ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՏԻԿ՝
ՏԵԶՄԸՆՏ ԹՈՒԹՈՒ (1931-2021)
Հարաւափրիկեցի Անկլիքան եպիսկոպոս եւ աստուածաբան Տեզմընտ Թութու ծանօթ անուն մըն էր իր երկրին մէջ ցեղային խտրականութեան դէմ պայքարին մէջ: Ան քաջ եկեղեցական մըն էր, որ ապրեցաւ քրիստոնէական կեանքը իր ամբողջ իմաստով: Ան պայքարեցաւ անարդար ու անողոք ցեղային խտրականութեան համակարգին դէմ, որ կը կոչուէր «ափարթհայտ», ըստ որուն, սեւամորթ քաղաքացիներ երկրորդ կարգի քաղաքացիներ էին իրենց երկրին մէջ:
Ծնած է Հարաւային Ափրիկէի Քլերքստորփ գիւղին մէջ, աղքատ ընտանիքի մը յարկին տակ: 1960 թուականին ստացաւ Անկլիքան քահանայի կոչում եւ յաջորդ տարի մեկնեցաւ Միացեալ Թագաւորութիւն, ուր Լոնտոնի «Քինկզ Քոլէճ»ին մէջ հետեւեցաւ աստուածաբանութեան ճիւղին: 1966 թուականին վերադարձաւ իր երկիրը եւ զբաղեցաւ ուսուցչութեամբ: 1978-1985 վարեց Հարաւային Ափրիկէի եկեղեցիներու միութեան ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը: Այդ տարիներուն ալ սկսաւ իր պայքարը արդարութեան համար՝ փակելու համար «ափարթհայտ» կոչուած ցեղային խտրականութեան ամօթալի էջը: Ան առաջինն էր, որ հաւատաց թէ խաղաղ միջոցներով պայքարելով եւ արտաքին ճնշում ապահովելով, իրենք պիտի կրնան հասնիլ իրենց նպատակին: Այս երկու գաղափարները ապագային յաջողութիւն բերին Տեզմընտ Թութույի ղեկավարած շարժումին:
1985 թուականին դարձաւ Ճոհանեզպըրկի եպիսկոպոս, իսկ 1986 թուականին գրաւեց Քէյփ Թաունի արքեպիսկոպոսի աթոռը, որ ամենաբարձր եկեղեցական պաշտօնն էր Հարաւային Ափրիկէի մէջ: Կառավարող ցեղապաղտ համակարգին վրայ ճնշումը արդիւնք տուաւ եւ 1990 թուականին նախագահ Տէ Քլերք ազատ արձակեց քաղաքական մեծ գործիչ եւ պայքարող Նելսոն Մանտելան: Մանտելայի ազատ արձակումը առաջին քայլն էր յաջորդական քայլերու, երբ իշխող համակարգը, չդիմանալով արտաքին տնտեսական պատժամիջոցներուն, տեղի տուաւ եւ Հարաւային Ափրիկէն դարձաւ դեմոկրատական երկիր, ուր ամէն քաղաքացի իրաւունք ունէր ընտրելու եւ ընտրուելու, անկախ իր մորթի գոյնէն կամ ցեղէն:
Տեզմընտ Թութույի դերը այս համակարգի փլուզման մէջ մեծ էր: Գնահատանքը չուշացաւ: Ան շահեցաւ Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակ իր կատարած մեծ գործին համար: Երբ Թութու փակեց իր աչքերը, արդէն իր ետին կը ձգէր փոխուած աշխարհ մը: Ճիշդ է որ ընկերային արդարութեան ճամբան տակաւին երկար էր, սակայն ան իր պարտքը կատարած էր իր ժողովուրդին հանդէպ, անոր շնորհելով արդարութեան եւ իրարհասկացողութեան վրայ հիմնուած պետական համակարգ մը: Ստորեւ՝ կարգ մը խօսքեր մեծ եկեղեցականէն.
«Մի բարձրացներ ձայնդ, այլ բարելաւէ պաշտպանած թեզդ»:
«Փոքր բարիք մը ըրէ ուր որ գտնուիս, այս փոքր բարիքներու համախմբումն է որ կը փոխէ աշխարհը»:
ՄԱՐԴԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ
ՀՌՈՄԱՅԵՑԻ ՁԻԱՒՈՐՆԵՐ
Միացեալ Թագաւորութեան Կալէս նահանգի կղզիի մը վրայ խումբ մը հնագէտներ մետաղ փնտռող գործիքներով գտած են հռոմայեցի ձիաւորներու պատկանող իրեր: Երկու հազար տարուան գտածոները կը գտնուէին Էնկըլսի կղզիին վրայ: 16 իրերուն մէջ կային Ա. դարու երկաթէ մարտակառքի մասեր, ձիու սանձի մասեր եւ այլ ձիաւորի պատկանող իրեր:
Հնագէտները գտան նաեւ պռոշ մը, չորս մետաղադրամներ: Գտածոները գտնուեցան աղբիւրի մը շուրջ ու անոնք թաղուած էին հաւանաբար կրօնական ծէսի մը ընթացքին ձիաւորի մը մահուան առիթով: Հնագէտները Ք.Ե. 50-120 թուականներու միջեւ կը սահմանեն այդ թաղումը:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ԱՇԽԱՐՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԻՍԼԱՄԻ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ – Ը. ՄԱՍ
Այս թիւով պիտի շարունակենք սերտողութիւնը ֆրանսացի աշխարհագրագէտ Ան-Քլեմանթին Լարոքի երկին, որուն մէջ մասնագէտը կը ներկայացնէ իսլամը որպէս կրօնք եւ քաղաքական իշխանութեան հասնելու ձեւ: Պիտի սերտենք նաեւ, թէ ինչպէ՞ս կարգ մը երկիրներ իսլամը կը շահագործեն որպէս քաղաքացիական պատերազմի զէնք ու իշխանութեան հասնելու ձեւ:
Շիի ուղղութիւնը բաժնուեցաւ սիւննի իսլամէն Է. դարուն Օմայեատ իշխանութեան շրջանին: Շիիները ընդունուեցան որպէս աղանդ մը առանց օրինականութեան: Ըլլալով փոքրամասնութիւն մը Իսլամի մէջ, շիիները պահեցին իրենց միասնականութիւնը: Հակառակը՝ սիւննիներն են որ ապագային ունեցան շատ մը բաժանումներ: «Նահատակ» ի գաղափարը միացուց զանոնք: Երկրորդ գօրծօնը, որ միացուց շիիները, իրենց կրօնականներու ունեցած կիսանկախ վիճակն էր, որ անոնց խօսք կու տար կարգ մը ընկերային հարցերու մէջ: Հակառակը, սիւննիները ըլլալով պետութեան հետեւողներ, չէին կրնար դուրս ելլել Խալիֆի ցուցմունքէն:
Շիի ուղղութեան մէջ «ալլամա»-ն կամ իսլամական օրէնքի մասնագէտը կարգ մը պարագաներուն կրնայ իր կողէ բացատրել կարգ մը օրէնքներ: Այս կը կոչուի «իժթիհատ»: Այս կրօնքի բացատրութիւնն է, որ հիմնական տարբերութիւնն է սիւննի եւ շիի ուղղութիւններուն միջեւ: Այս է պատճառը որ շիի համայնքին մէջ «ալլամա»-ն կամ սեւ փաթթոցով կրօնականը կը վայելէ մեծ համբաւ ու իր խօսքը կը համարուի աշխատանքի ուղղութիւն եւ ձեւ: Ըստ շիիներու, Բարին կը ծնի Չարի գիտութենէն ու տգիտութեան դէմ պայքարէն: Վեց տարի ուսանելէ ետք կրօնքի համալսարանին մէջ, շիի «ալլամա»ներ կրնան օրէնքը բացատրել ու կատարել «իժթիհատ»:
(Շարունակելի)
«Geopolitique Des Islamismes», Anne-Clementine Larroque, Point Delta 2014
ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ
ՄԵՐ ՅԱՋՈՐԴ ՔԱՅԼԸ – ՔՆՆԱԿԱՆ ԱԿՆԱՐԿ -Գ. ՄԱՍ
Այս բաժինին մէջ պիտի շարունակենք քննական ակնարկ մը նետել մեր գոյութեան ու ընելիքին վրայ որպէս հին ժողովուրդի մը զաւակներ: Ո՞ւր ենք այսօր եւ ո՞ւր կ’երթանք: Ճիշդ ձեւով քննութիւն կատարելու համար առաջին քայլը պաղարիւն, առանց կողմնակալութեան աշխատիլն է: Միակ ձեւը գիտական-վերլուծական աշխատանք կատարելն է: Տուփէն դուրս մտածելն է որ պիտի առաջնորդէ մեզ գտնելու ամենայարմար լուծումը մեր հարցերուն որպէս տարագրուած, սակայն հզօր կամք ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներ: Անցած է ժամանակը ըլլալու խեղճ ու հացի կարօտ, ըլլալու խնդրարկու օտար դեսպանատուներու առջեւ:
Առաջին սերտողութիւնը պիտի շարունակենք քննելով թուրքին գործածած լծակները՝ շրջանին մէջ հզօր ներկայութիւն ըլլալու համար: Առաջին ուժի կէտը Իսլամի օգտագործումն է որպէս քօղ ինքզինք սիրցնելու համար շրջանին մէջ: Թուրքերը ըլլալով եկուոր ցեղ մը, Իսլամը շահագործեցին հասնելու համար իշխանութեան ու պահելու համար զայն: Անոնք որպէս օսմանցի իսլամ խալիֆայութիւն հիմնեցին: Խալիֆը կրօնական եւ աշխարհիկ միապետ մըն էր: Ան իր ձեռքերուն մէջ պահեց ամբողջ ուժը: Այս ձեւով կրցան զսպել արաբ կամ այլազգի իսլամը, որ կը գտնուէր Միջին Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ: Իսկ զսպելու համար քրիստոնեայ քաղաքացին, զայն վերածեցին երկրորդ կարգի քաղաքացիի, որ պէտք է վճարէր տուրք մը՝ «զիմմա», ձի չնստեր ու զէնք չկրեր: Այս է պատճառը որ 1516-էն մինչեւ արաբական յեղափոխութիւն՝ 1916 թուականին կամ 400 տարի, կրցան իշխել Մարոքէն մինչեւ Իրաք երկարող շրջանի մը վրայ:
(Շարունակելի)
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ
ՀԱՅԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ – Ը. ՄԱՍ
Այս շարքով պիտի շարունակենք ներկայացնել Լիբանանի մէջ հայերու գոյութեան մասին: Շատ հին ժամանակներէ հայ ժողովուրդի զաւակներ կայք հաստատած են Միջերկրական ծովու արեւելեան ծովափի շրջանին, Անտիոքի, Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի մէջ:
Երբ նորադարձ քրիստոնեաներէ կազմուած Մեմլուք զօրքեր, որոնք Էյուպեան Եգիպտոսի անձնական բանակը կը ներկայացնէին, տեսակ մը Ենիչերիք, գրաւեցին Եգիպտոսի գահը 1250 թուականին, մտան Սուրիա, եւ վերջ տալով՝ նախ Դամասկոսի (1250) եւ ապա Հալէպի (1260) սուլթանութեանց, Կիլիկիոյ սահմանները հասան, եւ երբ լսեցին որ Հուլաղու՝ հայոց թաթար դաշնակիցը մեռած է, առաջին անգամ մտան Կիլիկիա 1265 թուականին եւ մինչեւ Սիս մայրաքաղաքը յառաջացան: Կոստանդինի որդին Լեւոնը գերի ինկաւ եգիպտացիներուն, որոնք զանազան տեղեր ասպատակներ սփռելով բազմաթիւ գերիներ հաւաքեցին, հայ պատմագիրներ 40 հազարի կը հանեն անոնց թիւը, եւ մեկնեցան երկրէն:
Այս առաջին հարուածը վերջինը չեղաւ դժբախտաբար եւ 1274-ին, Լեւոն Գ.-ի օրով (1270-1289) միեւնոյն տեսարաններու ականատես եղաւ Կիլիկիա: 1375-ին, Լեւոն Ե.-ի իշխանութեան շրջանին վերջ կը տրուի եւ ամբողջ տարի մը Կիլիկիան սուրի եւ գերութեան կը մատնուի: Դէպի Եգիպտոս գերի տարուելու ատեն շատ մը հայեր կը փախչէին ու կ’ապաստանէին Լիբանանի լեռները:
Հայեր Ռուբինեան շրջանին իսկ եկած հաստատուած են Պէյրութ:
(Շարունակելի)
Աղբիւր՝ «Հայերը Լիբանանի Մէջ», Ս. Վարժապետեան , 1951
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ
ԾԻՆԱՅԻՆ ԲՈՒԺՈՒՄ
Լիթուանացի բնաքիմիագէտ Վիրժինիուս Շիքշնիս յայտարարեց, թէ ծինային բուժումի «CRISPR» մեթոտը պիտի օգտագործուի մեծ տարողութեամբ փոխելու համար հիւանդ մարդոց կեանքը: Մանաւանդ այն հիւանդներուն, որոնք կը տառապին ծինային, ժառանգական հիւանդութիւններէ:
Առաջին «CRISPR» մեթոտով բուժումը սկսաւ 2012 թուականին, երբ գիտնականներ կրցան մարդու ծինային քարտէսին (DNA map) մէջ գտնել այն ծինը, որ պատճառ է հիւանդութեան մը ու կրցան անոր պարունակութիւնը փոխել, հոն պատուաստելով առողջ պարունակութիւն:
Աղբիւր՝ https://www.livescience.com
ՄՇԱԿՈՅԹ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՐԸ – Ը.ՄԱՍ
Հայկական պարին սկիզբը կ’երթայ մինչեւ նախաքրիստոնէական ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ, երբ պատմական Հայաստանի կրօնքն էր հեթանոսութիւնը եւ հանդիսացած է հայ ժողովուրդի բնաւորութիւնը նկարագրող գեղագիտական վառ արտայայտչամիջոցներէն մէկը։ Պարին միջոցով կարելի է տեսնել հայ ժողովուրդին մտածողութիւնը, հոգեկան աշխարհը եւ բնութեան ու կեանքի հանդէպ ունեցած վերաբերմունքը։
Հայկական պարը կրնանք դասաւորել ըստ կատարումի ձեւի, ձեռքերը բռնելու ձեւի եւ բովանդակութեան:
Կարինէ Հայրապետեան գեղեցիկ ձեւով կը բացատրէ հայկական պարին ծիսական էութիւնը: Արեւապաշտ մեր նախնիներէն մեզի մնացած ամենաուժեղ կապը հայկական առասպելական պարն է, որովհետեւ ան կը կրէ ծիսական պաշտամունքի ոգին ու ձեւը:
Հայ ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ օձի գաղափարի, խորհուրդի հետ առնչուած պահպանուած են առած-ասացուածքներ, ասոյթներ, բառեր: Արեւի երթուղիի ըմբռնումը մերթ սարերու ետեւը, մերթ ջուրերու մէջ ընկղմիլը գոյութիւն ունի «Օձեմանուկ, «Օց-Մանուկ» բառակապակցութեան մէջ, շարք մը բառեր՝ մօլօրակ, երկնօլօրտ, հայօց, վզնօց, թեւնօց եւ այլն:
«Օձի լեզու ունենալ» կը նշանակէ սուր, նենգ, թուացեալ քաղցր խօսք,
«Լեզուն օձը բոյնէն կը հանէ»՝ խօսքով, այնպէս կը համոզէ, որ օձը կը խաբէ:
«Օձ պարեցնող»՝ մարդ, որ դիմացի օձանման կամ դժուարութեամբ ենթարկուող մարդը կրնայ տարբեր հմտութիւններով, հնարքներով, իմաստուն քայլերով, խօսքով, համոզել, խորամանկօրէն ենթարկեցնել:
Ուզուն Դարա պարը այն բացառիկ եւ իւրայատուկ ծիսական պարերէն մէկն է, ուր գլխաւոր կատարողը առանձին կինն է: Ան կը մարմնաւորէ իմաստուն օձի կերպարը եւ խորաթափանց ու դարանեալ լեզուով կը խօսի: Պարի ամենամեծ գաղտնիքը անոր հմայիլային շարժումներու համադրութիւններն են, որոնք կը պարունակեն հայկական տիեզերաբանական պատկերացումներու ամբողջական պահեստարան մը:
Ուզուն Դարա պարին մէջ պարողի թեւերու օձանման, ոլոր-մոլոր, հեզաճկուն իւրաքանչիւր շարժում իմաստալից է, ան մերթ կը հետեւի, մերթ օձի նման գլուխը կը բարձրացնէ, ուղիղ կը կանգնի պատրաստ յարձակումի, երբ վտանգը կը մեծնայ, մերթ կը փաթթուին ձեռքերը իրարու, կարծես դարանակալ գաղտնիքներ կը հիւսեն: Թեւերը հեզաճկուն, օձագալար, պարուրաձեւ շարժում դէպի վեր, դէպի գագաթ, իսկ այնտեղէն ալ պտոյտ վար ու նորէն դէպի վեր:
Հերոսուհիի ոգիի յուզական պոռթկումը կ’ապրի հոգիի խորքին մէջ: Հերոսուհին կը ներկայացնէ արտաքինէն խոնարհաբար պահած անհանգստութիւն, թեթեւ ժպիտի ներքեւ պահած դառնութիւն, ոգին անընդհատ այրող կարօտ, վրէժխնդիր ըլլալու զգացում, ընդվզում, պայքար, կանացի ներքին զօրեղ ուժ մը՝ խորագէտ ու իմաստուն, որ լի է յաղթական յոյսով, որու անհնար է յաղթել, ահա այսպիսին է այն կինը, որ կը պարէ Ուզուն դարա պարը:
Ուզուն դարա պարը կ’արտայայտէ հայ առասպելական խորագէտ կնոջ կերպարը:
(Շարունակելի)
Աղբիւր՝ «Ուիքիփետիա»
ՆՈՐ ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ – Գ. ՄԱՍ
Բջիջային հեռախօսը կրնայ վերածուիլ արուեստի պաստառներ արտադրելու գործիքի մը: Ութ ծրագիրներ կան որոնք ձեր լուսանկարները կը վերածեն արուեստի գործերու:
Երրորդ ծրագիրն է «GoArt»ը, որ ձեր լուսանկարները կը վերածէ արուեստի գործերու արուեստական բանականութիւն կամ artificial intelligence: Այս ծրագիրին մէջ դուք կրնաք ձեր ընտրած արուեստի գործերը մշակել ըստ արուեստի դասական դպրոցներու ոճին՝ «սիմպոլիզմ», «քիւպիզմ», «իմփրեշընիզմ»: Այս ձեւով ձեր գործերը կը վերածուին իսկական արուեստի գործերու:
Աղբիւր՝ «www.makeuseof.com»
Վ. ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ