Իր պատուաւոր դիրքին հանգչած, խռովեալ հոգիով ննջած եւ Զօրավար Անդրանիկի մնայուն հարեւանութեամբ ամէն օր կոտտացող Սպարապետը հիմա անհանգիստ է ապահովաբար: Մի գուցէ, ամէն օր ան կը մռլտայ իր ցասումէն. ո՞վ կը լսէ արդեօք:
Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի տարեդարձը կարելի չէ յիշատակել առանց ցաւ ու ափսոսանքի: Ի՜նչ անսովոր երեւոյթ՝ տարեդարձի յիշատակում՝ սակայն կսկիծով եւ աւաղումներով օծուն միաժամանակ: Ահա այսպիսի ճակատագիր վիճակուեցաւ ռազմիկ, մարզիկ, գրող, նախարար, վարչապետ, բայց իր բովանդակ էութեամբ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանին:
Իր կարճատեւ կեանքովն իսկ դարձաւ խորհրդանիշ ժամանակաշրջանի մը համար՝ երբ յաղթանակի դափնեպսակով զարդարուած էր ողջ հայութեան գլուխը: Այդ ոսկէ դափնեպսակը հիւսողներէն մին հանդիսացաւ ան՝ պայմաններու բարեբախտ թէ դժբախտ բերումով: Բարեբախտ՝ որովհետեւ իր մէջ բացայայտուեցաւ ընդոծին սպարապետը իր բարեմասնութիւններով եւ հմտութիւններով՝ ճիշդ պահուն եւ ճիշդ ժամանակին, դժբախտ՝ որովհետեւ շաղախուած էր գրողի ի ծնէ խմորով եւ ունէր մտաւորական-գրական հեռանկարներ նուաճելիք: Ի վերջոյ, թնդանօթներու որոտն ու զէնքերու շաչիւնները զինք ուղղեցին ռազմադաշտ, որպէսզի ազգը վայելէ օժտեալ սպարապետը՝ իր թիկնեղ կերպարով, բամբ ձայնով, դղրդող դոփիւնով եւ կենսախայտ ժպիտով: Հետեւապէս՝ շահեցաւ ուժը, տուժեց՝ գրիչը:
Ամէն տարի, Մարտ 5-ին, օրացոյցը ակամայ կը քրքրէ մեր սպին, անգամ մը եւս կիզելու համար մեր խոր վէրքը: Կամքէ անկախ, օրացոյցը մեզ կը նետէ վշտալի մտորումներու գիրկը՝ կարծէք հերիք չըլլալով արդէն խոցոտ մեր սիրտերուն մորմոքն ու թախծոտ աչքերուն խոնաւութիւնը: Անխուսափելիօրէն, Սպարապետով կը ժապաւէնուի մեր ապրած ժամանակաշրջանը՝ իր հիմնական փուլերով՝ ղարաբաղեան շարժում, ոգորումներու յորձանուտ, պատերազմ, Շուշի, յաղթանակ, բանակաշինութիւն, պանծալի զօրահանդէսներ, ռազմափորձեր ու կուռ շքերթներ, ապա… նենգօրէն ընդհատուած կեանք. բայց նաեւ՝ անկումի, բարոյալքումի, յուսաբեկութեան եւ վայրէջքի սկիզբ: Սպարապետը, իր բուռն տարերքի պահերուն, պայծառ տեսլականը իր դիմաց ունենալով, հրեղէն ոգիով տեւապէս կը մռնչէր՝ «21-րդ դարը մերն է լինելու»: Խեղդեցին երազը, հեգնեցին տեսլականը, ափուչիք դարձուցին փառահեղ յաղթանակներուն իմաստն ու բովանդակութիւնը: Տարինե՜ր, տարինե՜ր ետք եկան խօսելու պարտութեան պատճառներուն, անկումային տրամադրութիւններուն, ձախող եւ ամուլ տարիներու, բարոյազրկումներու մասին: Այո՛, մոռցան, ուրացան, անգիտացան, որ սայթաքումի նախանշանները սկսան 1999 Հոկտեմբերէն եւ ոչ թէ 2020-ին: Երկրորդը հետեւանք է եւ ոչ թէ պատճառ: Առանց պատճառի, բնականաբար, հետեւանք չի կրնար տեղի ունենալ: Ուրեմն, կը յստականայ՝ ոչնչացուցին Սպարապետը, որպէսզի աստիճանաբար ոչնչացնեն հայոց յաղթական դրօշն ու ոգին, բարոյական զօրութիւնն ու ռազմական արժանապատուութիւնը, վերադարձած որձութիւնն ու ազգային ինքնավստահութիւնը: Սպարապետը կը մտորէ՝ «Չեմ կասկածում հայոց բանակի զօրութեանը: Գուցէ անուղղելի լաւատես եմ, բայց հաւաստի ու իրական եմ համարում Հայկի ու Բելի կռիւը եւ այն կարծիքին եմ, որ Հայկի սերունդները, ինչ էլ որ լինի, երբեւէ իրաւունք չունեն պատից կախելու իրենց նախահօր դատարկ կապարճը, ոչ էլ ձեռքից վայր պիտի դնեն նրա լայնալիճ աղեղը»:
Սպարապետը ծնաւ եւ աչքերը անմիջապէս յառեց գերեալ Արարատին. հասակ նետեց եւ մայրենին թոթովեց Մասիսներու շուքին ներքեւ: Ներսիդին խլրտումներ ունեցաւ եւ թաքուն ցասում՝ ի տես շղթայուած լերան ու հողին: Եւ լռելեայն երդումը չուշացաւ՝ անմնացորդ պայքար՝ յանուն հայրենիքի եւ պետութեան, քաղաքացիական պարտք՝ ի խնդիր բանակին ու ռազմուժին: Գրող Գրիգոր Ջանիկեան կը գրէ՝ «Նա ծնուել էր Արարատի դիմաց ու սերում էր Նոյեան տապանից: Ինչպէս բոլոր հայերը: Տարբերութիւնը թերեւս այն էր, որ ինքը սրբազան լերան հայեացքի ներքոյ էր մօր սովորեցրած առաջին ոտանաւորը թոթովել, հօր հետ խաղողի այգին էտել»: Եւ ապա՝ «Վազգէնը ամէն օր Արարատի աչքերին էր նայում՝ դա նրա երջանկութիւնն էր եւ դժբախտութիւնը»: Բայց… դժբախտութիւնը դարձաւ երջանկութիւն՝ երբ Շուշիի մէջ կը պարէր յաղթականօրէն, երբ կ՛ողջունէր հայոց բանակին կշռութաւոր տողանցքը եւ կը շոյէր հայկական բանակի հրետանին ու հրասայլը:
Այսօր, ինչքա՜ն զգալի է մեր ռազմարուեստի տիտաններուն մարմնական բացակայութիւնը: Գէորգ Չաւուշէն Անդրանիկ, Մեծն Մուրատէն Բաղրամեան, Հայկ Բժշկեանէն մինչեւ Սպարապետ Վազգէն Սարգսեան ու Արկադի Տէր Թադէոսեան գէթ քիչ մը կը մեղմեն հոգեկան մեր պապակը, լիցք կու տան ոգեկան սնունդին:
Սպարապետը համակ ոգի էր, գրական մարդ, զգացում, յախուռն ու լայն սիրտ, ինչ որ թերութիւններ են քաղաքական անձնաւորութեանց համար, դիւանագիտական խարդաւանքներու պարագային: Ինչպէս քաղաքագիտութեան մեծ տեսաբան Նիքօլլօ Մաքիաւելի կ՛ընդգծէ՝ Տիրակալը պէտք է ըլլայ առիւծի պէս քաջ եւ աղուէսի պէս խորամանկ: Սպարապետը առիւծ էր միայն եւ հեռու աղուէսութենէ՝ չնշմարելու չափ իր շուրջը դաւ նիւթող պաշտօնատարները, կեղծաւորները, պատեհապաշտներն ու երկդիմի սողունները: Եւ անոր գինը վճարեց իր արեամբ՝ դառնօրէն եւ ցաւալիօրէն: Մեծապէս տուժեց նախ ինքն եւ ապա հանուր ազգը: Տուժեց մեր պետականութիւնն ու վաղուան օրը: Այսօրը՝ վկայ…
Սպարապետին ծննդեան օրը, Եռաբլուրի ընդերքէն ցասումի ճիչեր կը լսուին: Ցասումը կը վերաբերի նաեւ արցախեան պատերազմներուն նահատակեալ բոլոր զօրականներուն, հերոսներուն, մարտիկներուն, զէնքի ու գաղափարի տղոց:
Ե՞րբ, ե՞րբ արդեօք պիտի խաղաղի Եռաբլուրի եւ Սպարապետին արդարացի ցասումը:
Ծնունդդ շնորհաւոր բոլոր ժամանակներու սպարապետ՝ Վազգէն Սարգսեան:
ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ