Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ Է ԵՄ-Ի ՀԵՏ ԱՒԵԼԻ ՍԵՐՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼԸ

March 2, 2024
in Հայաստան
0
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ Է ԵՄ-Ի ՀԵՏ ԱՒԵԼԻ ՍԵՐՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՈՒՆԵՆԱԼԸ

 

Հայաստանի քաղաքականութեան օրակարգին վրայ է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալը՝ հաշուի առնելով երկրին պետական շահը։ Այս մասին ըսաւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը քննարկումներ կ՛ունենայ Հայաստանը ԵՄ թեկնածու-անդամ դարձնելու հնարաւորութեան շուրջ եւ մեկնաբանելով այդ առումով Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի խօսքը։

Յովհաննիսեան յիշեցուց, որ Եւրոխորհրդարանին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յստակ արձանագրածէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է այնքան մօտենալ Եւրոմիութեան, որքան Եւրըմիութիւնը պատրաստ է։

«Այս իմաստով ես եւս մէկ անգամ պէտք է արձանագրեմ, որ, այո՛, մենք պատրաստ ենք աւելի ջերմ եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ ունենալու Եւրոմիութեան հետ՝ հաշուի առնելով նոր տնտեսական շուկաներու անհրաժեշտութիւնը, հաշուի առնելով մեր քաղաքակրթական եւ քաղաքական զարգացման ուղղութիւնը, հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարութեան կայացումը, հաշուի առնելով նաեւ այն հանգամանքը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններու անվտանգութեան երաշխաւորութեան իմաստով շատ կարեւոր նշանակութիւն ունի Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը։ Այս ծիրին մէջ եղած է պարոն Սիմոնեանի խօսքը, եւ մենք ալ ոչ մէկ անգամ արձանագրած ենք մեր պատրաստակամութիւնը եւ հողի վրայ ալ դուք կը տեսնէք յարաբերութիւններու մերձեցումը Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան միջեւ։ Մեր քաղաքականութեան օրակարգին վրայ է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունենալ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի Հանրապետութեան պետական շահը», ընդգծեց Յովհաննիսեան։

«Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր, պետաիրաւական հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Վլատիմիր Վարդանեանը իր հերթին աւելցուց, որ Հայաստանի հարեւան երկիրներէն երկուքը ԵՄ անդամակցութեան թեկնածու են եւ անդամակցութեան աշխարհագրական սահմանները կը տեղափոխուին դէպի Հայաստան։

«Համարկման միաւորման մասնակցելու իրաւունքը պետութեան ինքնիշխան իրաւունքն է, իսկ որեւիցէ մէկը չի բացառեր, որ տնտեսական համարկման առումով Եւրոպական միութեան օրինակը լաւագոյն օրինակներէն մէկն է, եթէ ոչ լաւագոյնը», եզրափակեց Վարդանեան։

Share61Tweet38
Previous Post

ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆԻ ԱՃԻՒՆՆԵՐՈՒ  ՎԵՐԱՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒՄԸ ՓԱՐԻԶԻ ՊԱՆԹԷՈՆԻՆ ՄԷՋ

Next Post

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԻՐԱՔԵԱՆ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԻՏՔԵՐ ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ  ԵՆ ՇԱՐՔ ՄԸ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Next Post
ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԻՐԱՔԵԱՆ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԻՏՔԵՐ ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ  ԵՆ ՇԱՐՔ ՄԸ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

ՀՀ ՆԱԽԱԳԱՀՆ ՈՒ ԻՐԱՔԵԱՆ ՔԻՒՐՏԻՍՏԱՆԻ ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՄԻՏՔԵՐ ՓՈԽԱՆԱԿԱԾ  ԵՆ ՇԱՐՔ ՄԸ ՈԼՈՐՏՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՄԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.