Ֆրանսայի ազգային հերոս, նացի հիթլէրական հորդաներու դէմ անկոտրում մարտեր մղած քաջամարտիկ, Բ. Աշխարհամարտին ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման կեդրոնական դէմքերէն, այլեւ խիզախ քաջամարտիկ՝ Միսաք Մանուշեանի (Ատը-Եաման, 1 Սեպտեմբեր 1906 – Փարիզ, 21 Փետրուար 1944) աճիւնները 21 Փետրուար 2024-ին կը վերայուղարկաւորուին Փարիզի պանթէոնին մէջ, ֆրանսացի մեծերու շարքին: Մանուշեանի կողքին կը հանգչին նաեւ աճիւնները իր թանկագին եւ քաջամարտիկ կնոջ՝ Մելինէ Ասատրեան-Մանուշեանի, նախագահ Մաքրոնի հրապարակած հրամանագրով:
Ուշագրաւ է, որ Միսաք Մանուշեանի նահատակութեան 80-ամեակը կը զուգադիպի ֆրանսացի հայազգի այլ մեծանուն՝ աշխարհահռչակ առասպելատիպ երգիչ եւ բանաստեղծ, ֆրանսական հայրենիքին հանդէպ բազմերախտ արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին, յառաջիկայ Մայիսին:
Արդարեւ, սփիւռքահայ առաջին սերունդի գրողներու բանաստեղծական բերքի անդաստանէն ներս յատկապէս, 30-ական թուականներուն լոյսի բարիքին եկած քերթողագիրքերու շարքին դասուող Մանուշեանի յիսնեակի մը հասնող քերթուածները («Կեանքիս երգը» խորագրի տակ ամփոփուած) ուշագրաւ են՝ եթէ ոչ գրարուեստի կատարելութեան հասած բոմբիւններով, սակայն բանաստեղծի յուզառատ հոգիի թրթիռներով, պայքարի ոգի աւշայորդող կանչերով: Ոգի՝ մերթ Մեծ Եղեռնի անցեալը պարագրկող յուշերով եւ շատ հեղ ալ մարդու իրաւունքներուն ի խնդիր պայքարի փող շեփորող երգերով, ի պաշտպանութիւն իրաւազրկեալ մարդուն, բանուորին, հողագործին:
Եփրատի ակունքի մօտերը՝ Ատը-Եաման գիւղաքաղաքը 1906-ին ծնած Միսաք Մանուշեան, Գէորգ եւ Վարդուհի ամոլի բազմանդամ ընտանիքի երրորդ զաւակն էր, որուն ուսումնառութիւնը կ’ընդհատի Ա. Աշխարհամարտին բռնկած սարսափի տարիներուն: Այդ քաոսին մէջ ան կը կորսնցնէ իր ծնողները եւ քոյրերուն ու եղբայրներուն հետ կը բռնէ գաղթի ճամբան, անորոշութեան մէջ…:
Լիբանանի Ճիւնի քաղաքի Հայ Ազգ. որբանոցը կ’ըլլայ պատանի Միսաքի կրթութեան առաջին ապաւէնը, նաեւ անոր աւագ եղբօր՝ Կարապետի: Որոշ ժամանակ մը Մանուշեան կը սորվի ատաղձագործութիւն՝ 19 տարեկանին: Սուրիայէն քշուած հայ որբերու բազմութեան հետ, Միսաք եւս այս անգամ կը հանգրուանի Մարսէյլ, ապա Փարիզ՝ իր ապրուստին համար յոյս որոնելով զանազան արհեստներու մէջ,- մեքենաշինութիւն, մետաղագործութիւն,- կարենալով ժամեր ալ գտնել ու հետեւիլ հայ եւ ֆրանսական գրականութեանց ուսումնասիրութեան. մինչեւ իսկ՝ 1928-ին, ան դիմելով «Կազոլլա»-ի քանդակագործութեան սթիւտիա՝ իբրեւ ազատ ունկնդիր երեկոյեան դասընթացքներու, կ’ըլլայ բնորդ այդ սթիւտիայէն ներս:
1930-1935 թուականներուն Փարիզի մէջ արարումի բերուած Մանուշեանի քերթուածները թերեւս պատահական չէին որ զուգադիպեցան Սփիւռքի մէջ յետեղեռնեան նորընձիւղ գրական դէմքերու (Վահէ-Վահեան, Անդրանիկ Ծառուկեան, Մուշեղ Իշխան, Անդրանիկ Անդրէասեան եւ ուրիշներ) ստեղծագործութեանց անդրանիկ բխումներու կրակին, ի՛նչ փոյթ, որ այդ քերթուածներէն շատերը հեռու էին մեր հիացքը կանչելէ, որպէս գեղագէտ-բանաստեղծի ճաշակ ներկայացնող երկեր: Բայց ակներեւ էր անոնց պաղպաջուն պոռթկումներուն մէջ բանաստեղծի քնարաշունչ թախիծի սիրտը. թախիծ՝ որուն հոգը մա՛րդն էր, իրաւազրկուած հայրենասէր աշխատաւորը:
Ի դէպ, 1930-ի Յուլիսին, իրեն գաղափարակից ընկերոջ՝ Ա. Սեմայի (Գեղամ Աթմաճեան) խմբագրութեամբ առաջնորդուող «Ջանք» գրական ամսագիրի խմբագրութենէն նոր էր բաժնուեր Մանուշեան, բայց նախապէս գաղթի կայքերէն իր հաւաքած դառն փորձառութիւնները, ժամանակակից հայ ու եւրոպացի անուանի հեղինակներու երկերուն իր ծանօթութիւնը՝ անյագ ընթերցումներով Յ. Թումանեանէն, Ռ. Պատկանեանէն, Վ. Հիւկոյէն, Ատա Նեկրիէն, Միւլլէրէն, Ա. Ռեմպոյէն, Յ. Յակոբեանէն, Մ. Մեթերլինկէն եւ շատ ուրիշներէ, բաւական կենսափորձ հաւաքած էր իր գրական ատաղձը զարգացնելու եւ ֆրանսահայ յառաջդիմական շարժման մէջ յորջորջուելու որպէս նորօրեայ Յակոբ Յակոբեան կամ Շուշանիկ Կուրղինեան մը՝ իր «Գործազուրկները» նշանաւոր բանաստեղծութեամբ մանաւանդ.-
«Հա՜ց կամ աշխատա՜նք, աշխատա՜նք կամ հա՜ց…»
Անթիւ, անհամար կրծքերէ ժայթքած,
Փողոցէ-փողոց կ’արձագանգէ յար
Գործազուրկներու պահանջքն այս յամառ:
……………………………………………………………………….
Գոռա՛նք ընկերներ, զայրոյթն հրդեհուած
Թո՛ղ վառէ անվերջ մեր սրտերը վէս,
Թո՛ղ բողոքն աճի հեղեղատին պէս:
Ահա ժամանակաշրջան մը, երբ Գերմանիոյ մէջ Հիթլէրի նացիզմը իշխանութեան գլուխ գալով, աշխարհաքաղաքական այդ ժամանակները կ’ապրէին դամոկլեան ահուսարսափի սուրը, որ կը ճօճուէր՝ վերելք ապրիլ սկսած Խ. Միութեան ու ամբողջ Եւրոպայի գլխուն: Հետեւաբար, տարագրութեան գեհենակուլ ճամբաներէն հազիւ Ֆրանսա իր շունչը գտած Միսաք Մանուշեանի համար անբնական չէր որ ան 1934-ին յարէր Ֆրանսայի կոմկուսին՝ որպէս անոր գործօն անդամներէն մին: Յաջորդ տարի ան կը հիմնէ «Զանգու» բանուորական թերթը, որուն գոյութիւնը կը տեւէ երեք տարի: Մնացեալը՝ Բ. Աշխարհամարտի հռնդիւններուն մէջ, Փարիզ կ’իյնայ գերմանական գրաւման տակ, կը սկսին՝ ինչպէս անդրադարձանք՝ Ֆրանսայի ազատագրութեան համար մղուող մարտերը, որոնք ողջ մարդկութեան «կտակեցին» անգնահատելի աւերներ ու արիւնահանդէսներ…:
Այս բոլորէն գերիվեր սակայն, Միսաք Մանուշեան բանաստեղծին անուան ուժգնօրէն կապուած կը տեսնենք ազգային-հասարակական գործիչի, Ֆրանսայի ազատագրական շարժումը առաջնորդողի անոր անմահարար պատուանունը՝ իբրեւ Ազգային հերոս ու անվկանդ ասպետ, որ հուսկ ցաւագինօրէն նահատակուեցաւ գնդակահարութեամբ՝ նացի բռնագրաւող Էս.Էս-ականներու ձեռամբ, իր խումբի քաջարի եւ անձնազոհ 22 ընկերներուն հետ, 21 Փետրուար 1944-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Վալէրիէն-Լեռի լանջին: Իր գնդակահարութենէն առաջ Մանուշեանի նամակը՝ ուղղուած իր սիրելի կնոջ Մելինէին, կը բովանդակէ սրտայոյզ, սրտաճմլիկ տողեր. «… Քիչ յետոյ իմ 22 ընկերներուս հետ, ես կը մեռնիմ քաջութեամբ եւ հոգեկան անդորրութեամբ մարդու մը, որուն խիղճը շատ հանգիստ է, որովհետեւ ես անձամբ ոչ ոքի վնաս եմ հասցուցած, եւ եթէ ըրած եմ՝ ես այդ ըրած եմ առանց ատելութեան…»:
Արդարեւ, Ֆրանսա՝ իշխանութիւն եւ ժողովուրդ՝ կը շարունակէ կատարել պարտն ու պատշաճը Ազգային հերոսի յիշատակին: Առնեւիլ թաղամասի «Ռիւ Տը Օրան» փողոցը վաղուց վերանուանուած է Մանուշեանի եւ անոր խումբին անունով: Կան կառուցուած իր յուշարձան, պուրակ, փողոց: Ֆրանսացի բանաստեղծ Լուի Արակոն, Համօ Սահեան, Սիլվա Կապուտիկեան, Գէորգ Էմին, Մարօ Մարգարեան եւ ուրիշներ բանաստեղծութիւններ են ձօնած Միսաք Մանուշեանի եւ անոր խումբին: Միւս կողմէ, Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 հիմնական դպրոցը, որ հիմնադրուած է 1947-ի Յունուարին եւ կը գտնուի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի Դրոյի 11 հասցէին, 1963-64 ուսումնական տարիէն կը կոչուի Միսաք Մանուշեանի անունով: Բաց աստի, 2014-ի Ապրիլին, Երեւանի աւագանիի որոշմամբ, քաղաքամայր Երեւանի Արամի, Փաւստոս Բիւզանդի, Եզնիկ Կողբացիի փողոցներու եւ Մաշտոցի պողոտայի միջանկեալ հատուածին գտնուող պուրակը կոչուած է Միսաք Մանուշեանի անունով:
Մէկ խօսքով՝ յանուն արդարութեան մարտնչող անխառն հայրենապաշտութեան խորհրդանիշ մ’է Միսաք Մանուշեան:
Ու կ’ուզենք հաւատալ, որ հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած եւ դեռ գործադրուող 20-րդ եւ 21-րդ դարերու զազրելի անարդարութիւններու բուրգը կը կործանի օր մը անոնց անաստուած տէրերու գլխուն, եւ մեր Հայրենիքին վրայ կ’իշխեն անխառն հայրենասիրութիւնն ու արդարութիւնը՝ արեւմտեան ու արեւելեան զոյգ հատուածներով:
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
«Աղթամար»
*****
ԿԵԱՆՔԻՍ ԵՐԳԸ
Հոգիս բուրվառ է մշտավառ, ուր կը ծխան սէրերս համայն,
Կը խնկարկեմ ես զայն կեանքի տաճարին մէջ յաւերժական՝
Բազմաչարչար հաւատացեալ ամբոխներու երեսն ի վեր,
Ու կը ժողվեմ անոնց դէմքէն հաւատամքի լոյսեր տարբեր…:
Մանուկներու մըշտադալար ու զովաշունչ շրթունքներէն,
Բազմալեզու սիրոյ մատեանն ես կը կարդամ անյագօրէն…
Եւ աչքերէն՝ որ կը հոսին զարմանքի ջինջ աղբիւրներ յար,
Կ’ըմպեմ կեանքի երազանքին ու հեքիաթին յոյզը պայծառ…:
Լուսածընունդ խինդը կ’առնեմ պատանի խենթ հոգիներէն.
Մերթ յուսախաբ, սեւ վիշտին հետ կը շաղախեմ զայն կուրօրէն…
Բայց իրենց պէս մըշտանորոգ, ինքնահոլով, կ’ընդոտնեմ ես
Ժամանակէն ինձ արձակուած Հոգսի թունոտ նետերն անտես…:
Երիտասարդ եւ ինքնակալ գլուխներու Յոյս-Հաւատքին,
Անոնց ազատ շարժուձեւին, սէգ նայուածքին կ’արենակցին
Մարմնոյս, հոգւոյս ներհոս կիրքերն՝ երբեմն սին ու մերթ վըսեմ,
Աշխարհակերտ շարժումն ՈՒԺԻՆ, ես անոնց հետ կը հոլովեմ…:
Երբոր աչքերս խորասուզին աչքերուն մէջ վառ կոյսերուն,
Որոնց Աստղիկն առատաձեռն շընորհեր է գեղ ու գարուն…
Երբ կը շնչեմ անոնց հասուն գոյներն ու գաղջ բոյրըն իգութեան,
Երակներէս կ’անցնի բաղձանքն ստեղծագործ աստուածութեան…:
ՄԻՍԱՔ ՄԱՆՈՒՇԵԱՆ
————————————————————————–
ՆԿԱՐ 1.- Միսաք Մանուշեան եւ Մելինէ Ասատրեան-Մանուշեան
ՆԿԱՐ 2.- Միսաք Մանուշեանի անուան թիւ 48 հիմնական դպրոցը Երեւանի Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանի մէջ: