Միջինքը Մեծ Պահքի կէսն է: Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Պահքի եւ Միջինքի աւանդոյթը սերունդէ-սերունդ փոխանցելու նպատակով, եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբեր Միջինքի հաւաքոյթներու կը ձեռնարկեն: Այս հաւաքոյթները ճոխացնելու համար յանձնախումբի ժրաջան տիկիններն ու շրջանի ծառայասէր տիկինները ձեռք-ձեռքի տալով միասնաբար կը պատրաստեն օրուան յարմար ճաշերն ու անուշեղէնները: Ընկալեալ սովորութեան համաձայն, Շաբաթ, 24 Փետրուար 2024-ին, Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած Միջինքի աւանդական հաւաքոյթը:
Ժամանակէն առաջ սրահը լեցուած էր եկեղեցասէր տիկիններով եւ օրիորդներով: Պատշաճ, ճաշակաւոր յարդարանքը, համադամ ուտելիքներով լեցուն սեղանները աւելի գեղեցկացան կարծէք, սրահի մուտքին ստացած գոյնզգոյն վարդերով: Ողջոյնի խօսքով, ձեռնարկին բացումը կատարեց Հաճնոյ Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետուհի՝ Նորա Սարաֆեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որ ընդառաջեր էին հրաւէրին՝ միասնաբար տօնելու Միջինքի աւանդական օրը:
««Միջինք»-ը մեր եկեղեցական տօներու մէջ ընդունուած է որպէս Մեծ Պահքի կէսը, սակայն տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդը զայն դարձուցած է ուրախ եւ օգտակար առիթի: Պահեցողութեան նպատակն է ինքնազսպում, կամք եւ զօրութիւն, մաքրելու համար մեր հոգիներն ու մարմինները ամէն տեսակի մոլութիւններէ եւ ինքնաքննադատութեամբ հասնելու սրբագրուած կատարելութեան: Միջինքի հանդիպումները մեզ կը պատրաստեն յարգելու մեր աւանդութիւնները եւ առիթ կու տան մեզի հաւատքով լեցուելու մեր սուրբ եկեղեցիներու տօներէն եկած հոգեկան հարստութեամբ»:
Նկատի ունենալով, որ Մարտ ամսուն կը նշուի Կանանց Միչազգային Օրը՝ Մարտ 8-ը, ան շնորհաւորեց ներկաները եւ բարի վայելումի մաղթանքով աւարտեց իր խօսքը:
Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Նարեկ Աւագ Քհնյ. Հեճինեանի աղօթքով սկսաւ հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական ճոխ յայտագիրը: Սոյն յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին քանոնահարուհի Տիկ. Սալբի Քէօշկերեան, որ հայերէն ծանօթ եւ սիրուած երաժշտութիւններու նուագով հմայեց ներկաները: Ապա, ելոյթ ունեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ «Գայեանէ» երգչախումբի մեներգչուհի՝ Տիկ. Կարինէ Անդրանիկեան, որ փունջ մը եւրոպական երգերով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց, արթնցնելով անցեալի քաղցր յուշեր: Օրուան երրորդ երգիչն էր գաղութիս ծանօթ երգիչ՝ Յովիկ Թաֆրանեան, որ հայկական երգերով գագաթնակէտին հասցուց խանդավառութիւնը:
Ապա, խօսք առաւ տիկնանց յանձնախումբի անդամուհիներէն՝ Տիկ. Գլոտին Կէօտէլեքեան, անդրադառնալով Միջինքի աւանդական սովորութիւններուն եւ «Բաղարջ» հացի պատրաստութեան: Նախքան բացատրութիւնը, ան շեշտեց որ պահքի եւ ծոմապահութեան յատուկ ճաշերն ու անուշեղէնները զերծ կ’ըլլան ճարպէ, միսէ, իւղէ, կաթէ եւ հաւկիթէ:
Տատիկները Բաղարջ հացը կը թխէին եւ մէջը կը պահէին ուլունք կամ մետաղեայ դրամ եւ կը բաժնէին տան բոլոր անդամներուն: Բաժին կը հանէին նաեւ անասուններուն, հողին, եւն ..: Ուլունքը կամ դրամը որուն որ ելլէր, անիկա այդ տարուան բախտաւորն էր, եւ այս աւադութեան համաձայն, օրուան բախտաւորը նկատուեցաւ եւ նուէր ստացաւ ան, որուն քէօֆթէին մէջ դրուած էր մետաղեայ դրամը: Միջինքին ամէն տան մէջ կը պատրաստէին սիսեռով ու թահինով գնդիկ քէօֆթէն, որ կէսօրուան ճաշը կ’ըլլար: Միջինքի սովորութիւն էր նաեւ հարսնցուներուն նուէր ստանալը իրենց փեսաներէն: Նոր հարսի կեսուրը կը հրաւիրէր իր տան բարեկամ կիները եւ զանազան ուտեստեղէններ պատրաստելով կանաչազարդ դաշտ կ’երթային հոն ուտելու եւ զուարճանալու: Եզրափակելով իր խօսքը ան ըսաւ. «Ուրախ ենք, որ այս աւանդութիւնները տակաւին կը պահուին մեծ թիւով հայ ընտանիքներու մօտ»:
Կարճ դադարէ ետք սկսաւ օրուան պատշաճ հոգեւոր՝ ե՛ւ դաստիարակչական ե՛ւ ուսանելի հարց-պատասխան խաղը, որ պատրաստած էր տիկնանց յանձնախումբի ժրաջան անդամուհիներէն՝ Տիկ. Սեդա Թորոսեան: Ճիշդ պատասխանողները ստացան նուէրներ:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու տիկնանց յանձնախումբը յուշանուէրով պարգեւատրեցին եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի երկարամեայ անդամուհիներէն՝ Տիկ. Վիքի Թիւթիւնճեանը եւ Տիկ. Լուսին Գույումճեանը:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ կատարուեցաւ վիճակաձգութիւն: Շատ-շատեր բախտաւորուեցան՝ ուրախացնելով իրենց սեղանակիցները եւ այսպիսով հասաւ ձեռնարկին աւարտը:
Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ բաժնուեցան սրահէն, իրենց հետ տանելով գեղեցիկ յուշեր:
Սիրելի տիկնանց յանձնախումբ Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, այսօր ձեր ժրաջան աշխատանքին շնորհիւ մենք վայելեցինք գեղեցիկ պահեր, մասնակից դարձուցիք ձեր պատրաստած համադամ ուտելիքներուն եւ նուէրներուն:
Վարձքերնիդ կատար:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ