Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՅԱՅՏՆԻ Է, ԹԷ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ Ո՞Ր ՔԱՆԴԱԿԸ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԵՑՈՒԻ ԵՐԳԻՉԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐՅ

March 1, 2024
in Հայաստան, Միջազգային
0
ՅԱՅՏՆԻ Է, ԹԷ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ Ո՞Ր ՔԱՆԴԱԿԸ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԵՑՈՒԻ ԵՐԳԻՉԻ ԱՆՈՒԱՆ ՀՐԱՊԱՐԱԿԻՆ ՎՐՅ

Յայտնի է հայազգի մեծանուն երգիչ, ՀՀ ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած յուշարձանի նախագիծին յաղթող տարբերակը:

Ընդհանուր առմամբ ստացուած էր 60-է աւելի յայտ, իսկ ներկայացուած մանրակերտերուն տարբերակները կը գերազանցէին 100-ը: Յաղթող քանդակին հեղինակը Դաւիթ Մինասեանն է, որ 9 ձայնով յառաջ ինկած է մնացած տարբերակներէն, երկրորդ տեղը երկու ձայնով զբաղեցուցած է Արմէնակ Վարդանեանի քանդակը, որ խրախուսական դրամական պարգեւի պիտի արժանանայ:

Ընտրող յանձնաժողովի կազմին մէջ 11 հոգի էին, այդ շարքին՝ Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանը, քաղաքապետի տեղակալ Լեւոն Յովհաննիսեանը, Երեւանի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Գօշ Սարգսեանը, Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին անդամները, ոլորտի մասնագէտներ՝ նկարիչներ, քանդակագործներ, ճարտարապետներ եւ այլք:

Երեւանի քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի խօսքով՝ պիտի ընեն հնարաւորը, որ մինչեւ տարեվերջ յուշարձանը կանգնած ըլլայ Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ:

«Մենք ընդամէնը մտապատկերը համաձայնեցուցած ենք, ընտրուած տարբերակը մշակումներ պիտի անցնի, որ կրկին հանրութեան ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ: Սա Շարլ Ազնաւուրի 100-ամեակին նուիրուած կարեւոր կատարուելիք աշխատանքներէն մէկն էր: Ան մեր ազգին համար շատ մեծ նշանակութիւն ունի: Ան իր արուեստով, երգերով մեր ընտանիքները, մանկութիւնն ու երիտասարդութիւնը լեցուցած է: Վստահ եմ, որ այս քանդակը իրապէս պիտի արտացոլէ այն ներուժը, որ Ազնաւուրը իր կեանքի ընթացքին տուած է մեզի» ըսաւ քաղաքապետը:

Շարլ Ազնաւուրի որդին` Նիքոլա Ազնաւուրը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն քանդակագործներուն, որոնք մասնակցած են մրցոյթին:

«Ես կը տեսնեմ, որ բոլորը իրենց հոգին ու սիրտը ներդրած են իրենց գործերուն մէջ: Դժուար էր ընտրութիւնը կատարել, բայց լիայոյս ենք, որ այն ինչ ընտրած ենք, պիտի արդարացնէ մեր եւ հասարակութեան սպասելիքները: Մենք այս քանդակին միջոցով կը տեսնենք նաեւ հասարակութեանը: Հայրս այս քանդակին մէջ մենակ չէ, այլ իր հասարակութեան հետ, որ շատ կարեւոր է», ընդգծեց Նիքոլա Ազնաւուրը:

Ան տեղեկացուց, որ Ֆրանսայի մէջ տեղադրուող քանդակին աշխատանքները ընթացքի մէջ են: Սակայն առաջինը պիտի բացուի Շարլ Ազնաւուրին անունը կրող այգին, որ պիտի ըլլայ Փարիզի կեդրոնին մէջ:

Share61Tweet38
Previous Post

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐԸ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՆ ԵԿԱԾ ԵՆ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԲԱՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ

Next Post

ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԻՋԻՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Next Post
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԻՋԻՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՄԻՋԻՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿԸ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.