Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՔԱՐԻՒՂԻ ԵՒ ԿԱԶԻ ՆԵՐՄՈՒԾՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ

March 1, 2024
in Միջազգային
0
ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿՈՉ ԸՐԱԾ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԷՄ ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՔԱՐԻՒՂԻ ԵՒ ԿԱԶԻ ՆԵՐՄՈՒԾՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ

 

Եւրոխորհրդարանը ընդունած է երկու բանաձեւ, որոնց մէջ Եւրոմիութեան կոչ ըրած է անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը:

Բացի վերը նշուածէն, բանաձեւերով ԵՄ-էն կը պահանջուի նաեւ կասեցնել քարիւղի եւ կազի ներմուծումը Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ որեւէ ռազմական ոտնձգութեան պարագային:

«Արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան իրականացման վերաբերեալ» տարեկան զեկոյցին վերաբերեալ բանաձեւին մէջ կոչ կը կատարուի Խորհուրդին՝ պատրաստ ըլլալու նպատակային եւ անհատական պատժամիջոցներ կիրառելու ոտնձգութեան հեղինակներուն դէմ, ներառեալ, բայց չսահմանափակուելով նախագահ Ալիեւի քաղաքական եւ ռազմական շրջապատով:

Փաստաթուղթին մէջ Եւրոխորհրդարանը կրկին անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ նախապէս ծրագրուած յարձակման Լեռնային Ղարաբաղի հայերու դէմ եւ դատապարտած է Պաքուի գործողութիւնները:

Խորհրդարանականները նշած են, որ իրավիճակի վերաբերեալ բազմաթիւ նախազգուշացումները չեն յանգեցուցած Ատրպէյճանի նկատմամբ ԵՄ քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութեան:

«Կը պնդենք, որ Ատրպէյճանի հետ ԵՄ-ի յարաբերութիւններու ոերւէ խորացում պէտք է պայմանաւորուի մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, ներառեալ՝ ցեղային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկրի զգալի յառաջընթացով։ Եւրոխորհրդարանը կոչ կ’ընէ ԵՄ-ին՝ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի դէմ եւ կասեցնելու Ռազմավարական ուժանիւթային գործընկերութեան մասին փոխըմբռնման յուշագիրը: Կը վերահաստատենք աջակցութիւնը Հայաստանի՝ ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած կառավարութեան եւ լիակատար յարգանքը երկրի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ: Բարձր կը գնահատենք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ Հայաստանը պիտի չներքաշուի Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր վերջին կոչերը՝ վերսկսելու Ատրպէյճանի հետ ամենաբարձր մակարդակով խաղաղ բանակցութիւնները», ըսուած է փաստաթուղթին մէջ:

Բանաձեւին մէջ Եւրոխորհրդարանը դատապարտած է Ռուսաստանի միջամտութիւնը Հայաստանի ներքին գործերուն, որ, անոնց կարծիքով, ուղղուած է անկարգութիւններու տարածման: ԵՄ-ին կոչ կը կատարուի ուժեղացնելու ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ: Եւրոխորհրդարանը նաեւ ողջունած է Հայաստանի որոշումը՝ վաւերացնել Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը:

Share61Tweet38
Previous Post

ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՉ Կ՛ԸՆԷ ԹՈՅԼԱՏՐԵԼՈՒ ՀԱՅ ԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆՎՏԱՆԳ ՎԵՐԱԴԱՐՁԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂ ԱՄՈՒՐ ԵՐԱՇԽԻՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐՔՈՅ

Next Post

ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԽՕՍՔՈՎ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏԱՑՆԵԼՈՒ

Next Post
ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԽՕՍՔՈՎ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏԱՑՆԵԼՈՒ

ՀՀ ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ԽՕՍՔՈՎ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՄ-Ի ՀԵՏ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՍԵՐՏԱՑՆԵԼՈՒ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.