Եւրոպական խորհրդարանը ընդունած է արտաքին քաղաքականութեան եւ ԵՄ անվտանգութեան ու պաշտպանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ երկու զեկոյց, որոնց մէջ խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի կողմէ նախապէս ծրագրուած եւ չարդարացուած յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ ու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ընէ թոյլատրելու հայ բնակչութեան անվտանգ վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ ամուր երաշխիքներու ներքոյ։
Արտաքին եւ անվտանգության քաղաքականութեան վերաբերեալ տարեկան զեկոյցը կ՛ընդգծէ հայկական մշակութային, պատմական եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան կարեւորութիւնը՝ պահանջելով պաշտպանել զանոնք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի չափանիշերուն եւ Ատրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան։
Եւրոխորհրդարանականները զեկոյցին մէջ նշած են, որ Պաքուն խախտած է միջազգային եւ մարդու իրաւունքները, ափսոսանք յայտնած են, որ խախտած է նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի եռակողմ յայտարարութեամբ եւ ԵՄ միջնորդութեամբ իրականացուող բանակցութիւններուն մէջ ստանձնած պարտաւորութիւնները։
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ իրական երկխօսութիւնը յառաջընթացի միակ կայուն ճանապարհն է եւ կոչ կը կատարուի ԵՄ-ին ու անոր անդամ պետութիւններուն աջակցելու նման ջանքերուն», ըսուած է զեկոյցին մէջ, որ կ՛ընդգծէ, որ արժանապատիւ եւ կայուն տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, որ կը պահպանէ երկու երկիրներուն ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, կայունութեան նախապայմանն է։
Զեկոյցը կը նախազգուշացնէ, որ ուժի կիրառմամբ եւ հարեւան երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան խախտմամբ նպատակներուն հասնելու որեւէ ջանք պէտք է արժանանայ ԵՄ-ի եւ միջազգային հանրութեան վճռական պատասխանին։ Կոչ կ՛ընէ Հայաստանի ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) ուշադիր հետեւելու այնտեղ զարգացող անվտանգութեան իրավիճակին, թափանցիկ հաշուետուութիւն տրամադրելու խորհրդարանին եւ աշխուժօրէն նպաստելու հակամարտութիւններու կարգաւորման ջանքերուն, աջակցութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով, մասնաւորապէս՝ հիպրիտային սպառնալիքներու դէմ պաշտպանունակութիւնը ուժեղացնելու նպատակով՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան սահմաններէն դուրս անոր անվտանգութեան տարածքը ընդլայնելու նպատակով։
Զեկոյցը կ՛անդրադառնայ նաեւ Ատրպէյճանի հետ ԵՄ յարաբերութիւններուն՝ նշելով, որ երկկողմ կապերու որեւէ խորացում պէտք է պայմանաւորուի անով, որ երկիրը էական յառաջընթաց արձանագրէ մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան, ժողովրդավարութեան եւ հիմնարար ազատութիւններու, ներառեալ ցեղային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան հարցին մէջ։
Ընդունուած զեկոյցը կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած կառավարութեան եւ անոր լիակատար յարգանքը երկրի ինքնիշխանութեան, ժողովրդավարութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ բարձր կը գնահատէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ Հայաստանը պիտի չներքաշուի Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմի մէջ, եւ անոր վերջին կոչերը՝ վերսկսելու խաղաղ բանակցութիւնները Ատրպէյճանի հետ ամենաբարձր մակարդակով։ Զեկոյցը նաեւ կ՛ողջունէ Հայաստանի կողմէ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը։