Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result
Download PDF
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
Ararad Daily Newspaper
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ
No Result
View All Result
Ararad Daily Newspaper
No Result
View All Result

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ  ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ, ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

March 1, 2024
in Գաղութային
0
ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ  ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ, ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

 

Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները հերթական նիստ գումարեցին Երկուշաբթի, 26 Փետրուար 2024-ին, «Թէքէեան» կեդրոնին մէջ։

Օրակարգը կը ներառէր շրջանային ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները, հարաւային Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմը եւ լիբանանահայութեան առնչուած խնդիրներ։

Կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները անդրադարձան Կազայի մէջ տեղի ունեցող զանգուածային ջարդերուն, որոնք կ՛իրականանան միջազգային ընտանիքին լուռ ականատեսութեան եւ կրաւորականութեան դիմաց։ Ընդգծուեցաւ համեմատութիւնը Արցախի ժողովուրդին դէմ Ատրպէյճանի գործադրած ցեղասպանական քաղաքականութեան հետ եւ այդ առումով հաստատուեցաւ Ատրպէյճանի անպատժելիութիւնը։

Ապա ժողովականները քննեցին Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հարաւային Լիբանանէն դէպի այլ քաղաքներ եւ շրջաններ անցում կատարող զինուորական յարձակումներու խորապէս մտահոգիչ մագլցողականութիւնը։ Ճգնաժամի այս պայմաններուն մէջ, անոնք շեշտեցին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը, միաժամանակ խիստ անհրաժեշտ նկատելով համալիբանանեան համախոհութեան հիմքի վրայ թեկնածուի ճշդումը։

Ժողովականները կեդրոնացան լիբանանահայութեան այսօրուան խնդիրներուն, կրթական մարզին, կազմակերպ կեանքէն եւ անոր համապատասխան կառոյցներէն հեռացումի, օտարումի եւ հոգեւոր, մշակութային առումով որակի անկումի աղաղակող երեւոյթներուն վրայ։ Այս բոլորին առընթեր քննութեան առարկայ դարձան հայահոծ թաղամասերու գաղթականական հոսքի, ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան եւ անոնց հետ կապուած ընկերային խնդիրները։

Լիբանանեան կուտակուող ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին դիմագրաւած սուր խնդիրներու յաղթահարման փորձերուն առաջադրանքը նկատուեցաւ բոլոր հայկական շրջանակներու գերխնդիրը, հետեւաբար լուսարձակի տակ առնուեցան համակարգուած աշխատանքներ ծրագրելու կարելիութիւնները։

Ժողովը որոշեց Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի կեդրոնական ձեռնարկները միացեալ մարմինով կազմակերպել եւ վերը նշուած հարցերուն թէ ձեռնարկներու ծրագրման ու իրականացման յատկացուած օրակարգերով հերթական յաճախականութեամբ շարունակել հանդիպումները:

 

Share61Tweet38
Previous Post

ԱՐՄԱՆ ԱՒԵՏԵԱՆԻ ՄՏԱԾՈՂ ՔԱՂԱՔՆ ՈՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԸ

Next Post

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԶԱՅՐՈՅԹ

Next Post
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԶԱՅՐՈՅԹ

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԶԱՅՐՈՅԹ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Contact Us

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.

No Result
View All Result
  • Գլխաւոր Լուրեր
  • Հայաստան
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Գաղութային
  • Խմբագրական
  • Յօդուածներ
  • Այլազան
    • Մշակութային
    • Տնտեսական
    • Գիտական
    • Մարզական
    • Յայտարարութիւններ

© 2022 Ararad Daily (Արարատ Օրաթերթ), Member of the Social Democrat Hunchak Party.