Անընդհատ փնտռելու, ուսումնասիրելու եւ հարցումներու պատասխաններ գտնելու բնաւորութիւնը Արման Աւետեանի մօտ սկսած է զարգանալ, երբ դեռ ընդամէնը 2-րդ դասարան էր եւ չէր կրնար կտրուիլ հանրագիտարաններէն։ Յետոյ արդէն այդ ամէնուն միացած է սէրը թուաբանութեան, հայոց լեզուի եւ հայոց պատմութեան հանդէպ ու ճանապարհ բացած է դէպի գիտութիւնը։
«Համալսարան ընդունուելու կարգը այսպէս էր՝ կը պարապիս երեք առարկայ՝ հայերէն, անգլերէն,թուաբանութիւն, եւ քննութիւն կը յանձնես: Իսկ ես չէի սիրեր եւ հիմա ալ չեմ սիրեր հեշտ ճանապարհներ. այս շարքին աւելցուցի նաեւ ռուսերէնը եւ ընդունուեցայ Հայ-ռուսական համալսարան», կ՛ըսէ տնտեսագէտ Արման Աւետեանը:
Մուտքը դէպի գիտութիւն ու լսարան
Արմանը սկսած է յօդուածներ գրել 11-12-րդ դասարաններուն, հիմնականին մէջ՝ հասարակագիտական թեմաներով: Արմանի գիտական գործունէութիւնը սկսած է համալսարանի տարիներուն՝ տարբեր գիտաժողովներու մասնակցելով։
«Սկսայ հասկնալ, որ պէտք է աւելի խորանալ գիտութեան մէջ: 3-րդ տարին հանդիպեցայ կեանքիս համար շատ կարեւոր անձնաւորութեան՝ փրոֆեսոր Արզիկ Սուվարեանին, որ կառավարման ոլորտի լաւագոյն մասնագէտներէն էր եւ ինծի անընդհատ ներուժ կը հաղորդէր, երբ թեւաթափ կ՛ըլլայի», կ՛ըսէ Արմանը։
Սիրելի դասախօսին խորհուրդով եւ ղեկավարմամբ ալ հետագայ տարիներուն սկսած է դասաւանդել համալսարանին մէջ: Այդպէս գտած է նաեւ երկրորդ սէրը՝ դասաւանդելը. «այդ շատ կարեւոր է, որովհետեւ առանց կրթութեան չկայ գիտութիւն, իսկ առանց գիտութեան ալ՝ կրթութիւն»։
«2021 թուականին պաշտպանեցի թեկնածուական ատենախօսութիւնս: Այդ տարիներուն համավարակը ու պատերազմը հասկցուցին ինծի, որ պէտք է մեր երկրին համար ինչ-որ բան ընել գիտական ասպարէզին մէջ: Այս ժամանակ ես արդէն կ՛ուսումնասիրէի Երեւանը ու իմ առջեւ պայման դրած էի, որ պէտք է Երեւանի համար ինչ-որ բան ստանայի», կ՛ըսէ երիտասարդ տնտեսագէտը, որ նաեւ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան Պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարանին մէջ գիտնական-վերլուծաբան է:
«Յաջորդ նպատակս դասախօսի կոչում ստանալն էր, որուն հասայ 2022-ին: Իմ ուսումնասիրութիւններով առաջին մարդն եմ, որ մէկ տարուան մէջ կրցած է ստանալ թէ՛ թեկնածուի աստիճան, թէ՛ դասախօսի կոչում: Արզիկ Սուվայեանը կը սիրէր միշտ կատակով ըսել, թէ այս ամէնը հերիք չէր, անոր հետ մէկտեղ նաեւ ամուսնացաւ ու տղայ ունեցաւ», կը ժպտի ան:
«Խելացի» կամ «մտածող» քաղաքը
«Խելացի քաղաք» ծրագիրը, որ Արմանի ատենախօսութեան թեման է եւ որով ան կը շարունակէ զբաղիլ, Երեւանի խելացիացման հայեցակարգ է: «Խելացի քաղաքով» Արմանը կ՛առաջարկէ փոխադրութեան համակարգի բարեփոխում:
«Հիմա ի՞նչ կը կատարուի՝ նոր փոխադրակառքերը նման են հիւանդի մը, որուն կը հագցնեն գեղեցիկ հագուստ, կու տան ամենանոր սմարթֆոնը, կը մաղթեն առողջութիւն ու կը կարծեն, որ այդպէս հիւանդը պիտի բուժուի: Այնինչ՝ Երեւանի փոխադրութեան համակարգը լրիւ այլ խորքային խնդիրներ ունի: Քաղաքը նախապէս զարգացած է այլ տրամաբանութեամբ: ԽՍՀՄ տարիներուն մենք ունեցած ենք խոշոր գործարաններ՝ քաղաքի տարբեր ծայրամասերուն մէջ, եւ թէ՛ փոխադրութեան համակարգը, թէ՛ բնակարանային ֆոնտը զարգացած են այդ ուղղուածութիւններով: Այսօր այլեւս այդ գործարանները չկան, բացուած են նորերը, փոխուած է թէ՛ պետութեան, թէ՛ քաղաքի տնտեսական կառուցուածքը: Եթէ առաջ Երեւանը արդիւնաբերական քաղաք էր, ապա այսօր մասնագիտացած է ծառայութիւններու ոլորտին մէջ: Չնայած ներկայիս կատարուած փոփոխութիւններուն՝ այսօր ալ կը շարունակեն գործել նախկին ճանապարհային գիծերը: Տրամաբանութիւնը նոյնը մնացած է, իսկ այդպէս կարելի չէ», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը:
Հետագային հասկցած է, որ ծրագիրը պէտք է կոչել ոչ թէ «խելացի», այլ աւելի շատ «մտածող քաղաք», որ պէտք է ոչ թէ ստիպողաբար, այլ բնազդաբար մտածէ։
«Փոխադրութեան խնդիրը պէտք է լուծուի՝ սկսած կանգառներու դիրքէն: Որեւէ կանգառ այս տարիներու ընթացքին չէ աւելցած եւ դիրքով չէ փոխուած: Իսկ քաղաքին մէջ ամէն ինչ կը փոխուի, որովհետեւ քաղաքը շատ արագ, յարաշարժ զարգացող բնապահպանական համակարգ է», կ՛ըսէ տնտեսագէտը:
Խնդիրը, ըստ Արմանին այն է, որ մինչ օրս արդիականացման բոլոր ծրագրերուն մէջ կը մտածեն միայն փոխադրակառքերը փոխելու մասին, բայց լուծումը պէտք է բազմակողմ բնոյթ ունենայ: «Խելացի քաղաք»-ին մէջ, ինչպէս երիտասարդ գիտաշխատողը կ՛ըսէ, այդ բարդութիւնը ցոյց տուած է:
«Խնդիրին լուծումը կը սկսի ոչ միայն կանգառներէն, այլեւ դիտահորերէն, ճանապարհային նշաններէն, կայանատեղերու աւելացումէն կամ պակասեցումէն եւ այլն: Կ՛առաջարկէի նաեւ կառավարման կեդրոն ստեղծել, որ պիտի համակարգէ այս ամէնը: Այսօր կը փորձեն հասարակական փոխադրութեան առանձին գիծեր տրամադրել եւ բնակչութիւնը համոզել ու ապացուցել, որ հասարակական փոխադրութիւնը աւելի յարմարաւէտ եւ ճիշդ փոխադրամիջոց է: Ճիշդ է, սա արդիական մօտեցում է, եւ միջազգային փորձը ուսումնասիրելով՝ կը հասկնաս, որ միակ արդիւնաւէտ տարբերակը այդ է: Բայց մետալը ունի նաեւ հակառակ կողմ։ Եթէ, օրինակ, յատկացուի առանձին գիծ կամ ինչ-որ վայրի մէջ արգիլուի ինքնաշարժներու կայանումը, այդ պարագային մարդիկ ո՞ւր պէտք է կայանեն իրենց ինքնաշարժները: Եւ ես միշտ առաջին անգամ լսարան մտնելու ատեն իմ ուսանողներուս կը հարցնեմ՝ մտածա՞ծ էք արդեօք՝ որքան ժամանակ մեզմէ կը խլէ Երեւանը: Մենք այդ ժամանակը կը կորսնցենք խցանումներու մէջ, համայնքային ծառայութիւն ստանալու եւ այլն», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը:
Այս խնդիրներուն շաղկապուած՝ ծրագին մէջ կ՛անդրադառնայ մանկապարտէզներու, աղբահանութեան, շրջակայ միջավայրի խնդիրներուն, անբարեկարգ վիճակի մէջ գտնուող փոլիկլինիքներուն, մայթերու բացակայութեան եւ այլ խնդիրներու, եւ անոնց լուծումներ կ՛առաջարկէ։
«Քաղաքէ այդ ամէնը պէտք է հաշուի առնէ, մտածէ, վերափոխէ, փոլիքլինիքայի մատչելիութիւնը բարձրացնէ եւ այլն: Մեր առաջարկած հայեցակարգին համաձայն՝ նոր թաղամաս կառուցելու ատեն քաղաքը արդէն նախօրօք պէտք է իմանայ անորա մասին: Նոր թաղամասի կառուցման թոյլտուութիւնը ստանալէ յետոյ միւս գերատեսչութիւններուն նոյնպէս պէտք է տեղեկացնեն, որ այսինչ տարածքին մէջ կը կառուցուի նոր թաղամաս: Օրինակ՝ Փոխադրութեան վարչութիւնը պէտք է սկսի զբաղիլ այդտեղ կանգառներու, փոխադրութեան գիծերու եւ այլնի աւելացմամբ, Բարեկարգման վարչութիւնը գետնանցումներու կառուցման տրամաբանութիւնը պէտք է մտածէ, Կրթութեան վարչութիւնը պէտք է մտածէ այդտեղ մանկապարտէզ, դպրոց կառուցելու մասին: Բոլոր գերատեսչութիւնները՝ բնակչութեան հետ համագործակցելով, պէտք է իրականացնեն այս գործընթացը: Կը յիշեմ՝ այդ համագործակցութիւնը ապահովելու նպատակով մագիստրոսականի տարիներուն առաջարկած էի «I Yerevan» լուծումը, որուն պարագային յաւելուածի միջոցով երեւանցիները կրնային իրենց կարծիքը արտայայտել տարբեր ծրագրերու վերաբերեալ: Այսօր արդէն կայ «Աշխոյժ քաղաքացի» ծրագիրը, որ բնակչութեան կու տայ այդ հնարաւորութիւնը», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը:
Արման Աւետեանը նաեւ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարին կից հասարակական խորհուրդի անդամ, եւ, միւս գիտական աշխատանքը, որով կը զբաղի, կը վերաբերի համայնքային ծառայութեան։
Տնտեսագիտութեան զարգացումն ու արհեստական բանականութիւնը
«Այսօր տնտեսագիտութիւնը Հայաստանի մէջ ամենապահանջուած մասնագիտութիւններէն մէկն է։ Վերջերս վիճակագրութեան մը կը նայէի, ուր Հայաստանի մէջ ընդունելութիւններու ցանկին մէջ առաջին տեղը բուժական գործն էր, երկրորդ տեղը՝ տնտեսագիտութիւնը», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը։
Ըստ Արման Աւետեանի՝ կառավարումը՝ որպէս գիտաճիւղ, շատ կարեւոր մեթոտաբանական հարցի առջեւ կանգնած է՝ թուայնացումը պիտի յանգեցնէ անոր, որ տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները կուլ տա՞ն կառավարումը, թ՞է հակառակը պիտի ըլլայ։
«Այլ ոլորտների ներկայացուցիչները կ՛ըսեն, որ կառավարումը պիտի դառնայ կիպեռնետիկային սպասարկող ճիւղ, բայց իրականութեան մէջ լրիւ հակառակը պիտի ըլլայ։ Կառավարումը պատուէր պիտի տայ թուային ոլորտին, որ, օրինակ, այսինչ հարցը պէտք է թուային ձեւով լուծես։ Միւս ոլորտները նոյնպէս առանց ծրագրային կառավարման ոչինչ կրնան ընել։ Ո՞ւր պիտի երթայ արհեստական բանականութեան (ԱԲ) պայմաններուն մէջ կառավարումը։ Պիտի ըլլա՞յ ԱԲ, որ կ՛օգտագործէ կառավարումը, թէ՞ պիտի ըլլայ կառավարում, որ կ՛օգտագործէ ԱԲ-ն՝ իր խնդիրներու լուծման համար։ Իմ մասնագիտութիւնս հաշուի առնելով՝ ես կը փորձեմ ապացուցել վերջին տարբերակը։ Երբ ԱԲ-ն հասնի իր զարգացման գագաթնակէտին, միեւնոյնն է, այն պիտի չկրնայ ամբողջութեամբ կուլ տալ կառավարումը։ Կառավարումն ու մարդը պիտի մնան, պիտի փոխուի միայն կառավարման կիրառումը։ Եթէ նախապէս մարդը կը կառավարէր մարդը, յետոյ ինքնաշարժը եւ այլն, այսօր մարդը պիտի կառավարէ ԱԲ-ն», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը:
Երիտասարդ գիտաշխատողին խնդիրներն ու պայքարը
Արման Աւետեանը կը համագործակցի շարք մը եւրոպացի գիտաշխատողներու հետ: Անոր մեծագոյն երազանքն է տնտեսագիտութեանաշխատանոց ստեղծելը, ուր հնարաւոր պիտի ըլայ իրականացնել ձեւաւորում եւ կանխատեսել այս կամ այն խնդիրը, օրինակ՝ քաղաքային տնտեսութեան մէջ։
«Երբ կ՛ըենք տնտեսագիտութեան աշխատանոց, շատ դժուարութեամբ զայն կը պատկերացնենք, որովհետեւ աշխատանոց ըսելով միշտ կը պատկերացնենք գործիքներ, փորձանմուշներ: Իսկ ի՞նչ պէտք է ըլլայ տնտեսագիտութեանաշխատանոցին մէջ՝ փո՞ղը երեւի։ Տնտեսագիտութեան աշխատանոցին մէջ պէտք է ըլլան արդիական համակարգիչներ, որոնցով պիտի կարենանք ստեղծել քաղաքի միջավայրը՝ 3D ձեւաւորմամբ», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը։
Գիտաշխատողին համար կարեւորը երիտասարդները խթանելն ու խրախուսելն է, որովհետեւ անոնք կ՛ապահովեն գիտութեան շարունակականութիւնը։
«Ես՝ որպէս գիտնական, եթէ չունենամ իմ ներքին խրախուսումը, չեմ մտածեր գիտական գործունէութեան մասին։ Պետութեան առաքելութիւնը նաեւ գիտնականին գիտութեան մէջ պահելն է։ Կարեւոր է նաեւ գիտութեան կիրառելիութիւնը։ Պէտք չէ ըլլայ այնպէս, որ ներուժով լեցուն գիտնականը կորսնցնի իր ներուժը: Իսկ այդ կը ստացուի, երբ կը տեսնես ծրագրերուդ իրագործումը։ Ես այսօր անընդհատ կը պայքարիմ, ցոյց կու տամ ծրագրերս, որոնք մէկ անգամ կը լսեն, բայց աւելի շատ կ՛անտեսեն։ Այդ անտեսմամբ պայմանաւորուած՝ վաղ թէ ուշ ներուժը պիտի մարի։ Ցաւալի է, բայց բոլորին մօտ կը մարի։ Ես իմ արդիւնքներս պէտք է ներդնեմ ինչ-որ տեղ մը, թէկուզ ինչ-որ փոքր թաղամասի մէջ։ Շատերը կը բողոքեն անտեսուածութենէն, բայց ինծի համար աւելի շատ խնդիր է չխրախուսուիլը։ Խրախուսել չի նշանակեր միայն ֆինանսաւորել. մասնագէտը պէտք է զգայ, թէ որքանով ապ արժէքաւոր է պետութեան համար», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը։
Արմանին առջեւ դրուած խնդիրներէն է նաեւ ուսանողներուն ցոյց տալը, որ գիտութեամբ զբաղիլը ոչ միայն նորաձեւ է, այլեւ հնարաւոր է անոր շնորհիւ բարեկեցիկ կեանքով ապրիլ եւ նպաստել հայրենիքի զարգացման:
«Մենք դասախօսներով կը փորձենք ուսանողները սեփական օրինակով պահել, խրախուսել։ Սակայն անոնց մեծ մասը առաջին տարիէն սկսած կ՛աշխատին մասնաւոր տեղերու մէջ, եւ դուն չես կրնար զանոնք հետաքրքրել գիտութեամբ, մանաւանդ որ անոնց մէջ տարածուած է ծեր, աղքատ գիտնականի կարծրատիպը», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը։
Ըստ Արմանին՝ կրթուիլը ամենադժուար եւ երկարաժամկէտ գործընթացն է, որովհետեւ կրթութեան արդիւնքները կը տեսնենք երկար տարիներ յետոյ:
«Այսօր «life long learning» սկզբունքով պէտք է շարժիլ: Երեւի, Լենինը բան մը գիտէր, երբ կ՛ըսէր՝ սորվիլ, սորվիլ ու եւս մէկ անգամ սորվիլ: Ես իմ բոլոր ուսանողներուս կ՛ըսեմ՝ որեւէ պահու, նոյնիսկ արձակուրդներուն, կրնաք գալ համալսարան եւ օգտուիլ գրականութենէն: Կրթութիւնը միշտ պէտք է ըլլայ, կարեւոր չէ աւարտած ես համալսարանը, թէ ոչ: Պէտք է միշտ շարունակել կրթուիլ», կ՛ըսէ Արման Աւետեանը:
«Mediamax»
(2023)