Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի պատգամաւոր, մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ, նախագահին առընթեր համաներման հարցերով յանձնաժողովի անդամ Զահիտ Օրուճը ամբարտաւան եւ յարձակողական յայտարարութիւն կատարած է։ Անոր արտայայտած մէկ նախադասութիւնը կը խտացնէ այն բոլոր նկրտումները, որոնք Ատրպէյճանը ունի Հայաստանի իքննիշխան տարածքին նկատմամբ։ Այս մասին յայտնած է Կարտման-Շիրվան-Նախիջեւան համահայկական միութիւնը:
«Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսի պատգամաւոր, Մարդու իրաւունքներու յանձնաժողովի նախագահ, նախագահին առընթեր համաներման հարցերով յանձնաժողովի անդամ Զահիտ Օրուճը ամբարտաւան եւ յարձակողական յայտարարութիւն կատարած է։ Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան դեսպան Վասիլի Մարակոսի՝ 12 Փետրուարի հարցազրոյցին ժամանակ կատարուած դիտարկման Հայաստանի համար Սիւնիքի կարեւորութեան մասին, Օրուճ հարց բարձրացուցած է, թէ «երբ մեր երկիրը յայտարարած է, որ պատերազմով պիտի վերցնէ այդ տարածքները»։ Երկրի պաշտօնական յայտարարութեան փոխարէն Օրուճ ցուցած է միջազգային հանրութեան չմոռնալ, «որ ատրպէյճանցիները, ովքեր այդ հողերուն պատմական տէրն են, պիտի բանան Զանգեզուրի ճանապարհը»։
Զահիտ Օրուճի արտայայտած այդ մէկ նախադասութիւնը կը խտացնէ այն բոլոր նկրտումները, որոնք Ատրպէյճանը ունի Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ։ Թւում է, թէ հակիրճ մեկնաբանութիւններուն մէջ ատրպէյճանցիները այլեւս կը դժուարանան թաքցնել մեծ ծաւալապաշտությունը։ Պատմական իրողութիւններու կեղծումն ու անոնց քաղաքականացումը Ատրպէյճանի համար վերածուած է յարձակողական գործողութիւններու արդարացման միջոցի։ Արդեօք Օրուճը ռազմական յարձակման քարոզ չ՛իրականացներ։ Անոր խօսքին մէջ յիշատակուած «ատրպէյճանցիները», ի դէմս որոնց այս ծիրին մէջ կը հասկցուի հասարակ բնակչութիւնը, ինչպէ՞ս պիտի բանան «Զանգեզուրի ճանապարհը»։ Հաւանաբար ճիշդ այնպէս, ինչպէս իրականացուեցաւ պատմական Կարտմանի, Շիրվանի, Նախիջեւանի հայաթափումը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուեցաւ մարդասիրական աղէտ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հաշուած օրերու ընթացքին իրականացուեցաւ ցեղային զտում եւ բռնի տեղահանում։ Իսկ յանուն արդարութեան՝ չի՞ փափաքիր արդեօք Օրուճը նշել, թէ ովքեր են Լեռնային Ղարաբաղի պատմական տէրերը, չի փափաքիր վերյիշել, որ միայն 18-րդ դարուն ոտք դրած են Լեռնային Ղարաբաղի տարածք, ուր հազարամեակներ շարունակ իր ցեղա-մշակութային միջավայրը ստեղծած էր հայ ժողովուրդը։
Հետեւապէս՝ կարիք կ՛առաջանայ Օրուճին խորհուրդ տալու վերընթերցել տարածաշրջանի երկիրներու եւ ժողովուրդներու պատմութիւնը՝ երկրամասին մէջ պատմական տէրերու եւ եկուորներու մասին թիւրըմբռնումները շտկելու նպատակով», ըսուած է Կարտման-Շիրվան-Նախիջեւան համահայկական միութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: